Ժամամուտ
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց. մահուամբ զմահ կոխեաց, եւ յարութեամբ իւրով մեզ կեանս պարգեւեաց. նմա փառք յաւիտեանս. ամէն: Ժամամուտ. Երանեալ է այր որ ոչ գնաց ի խորհուրդս անպարշտաց. Ի ճանապարհի մեղաւորաց նա ոչ եկաց. Եւ յաթոռս ժանտից նա ոչ նստաւ: Ընդէր խռովեցան հեթանոսք. Եւ ժողովուրդք խորհեցան ի սնոտիս: Տէր, զի բազում եղեն նեղիչք իմ. Եւ բազումք յարեան ի վերայ իմ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ յարեար ի մեռելոց»:
Ընթերցուածներ
Առաքեալներուն Գործերը 1, 15-26
15Այն օրերուն Պետրոս կանգնեցաւ եղբայրներուն մէջ. մօտաւորապէս հարիւր քսան հոգինոց բազմութիւն մըն էր, եւ ըսաւ անոնց.
16«Եղբայրնե՛ր, հարկ էր որ կատարուէր գրուածը զոր Սուրբ Հոգին կանխաւ ըսաւ Դաւիթի բերնով Յուդայի մասին, որ եղաւ առաջնորդը Յիսուսը բռնողներուն.
17ան մեր թիւէն ու մեզի հետ էր եւ իրեն ալ վիճակուած էր այս առաքելութիւնը։
18Իր անիրաւութեան իբրեւ վարձք ստացաւ ագարակ մը եւ մէջտեղէն ուռելով՝ երկուքի կիսուեցաւ եւ աղիքները գետին թափեցան
19եւ ատիկա յայտնի եղաւ Երուսաղէմի բնակիչներուն, մինչեւ իսկ այն ագարակը իրենց բարբառով կոչուեցաւ Ակեղդամա, այսինքն՝ Արեան Դաշտ։
20Որովհետեւ Սաղմոսներու գիրքին մէջ գրուած է. Անոր բնակութիւնը թող ըլլայ աւերակ եւ չգտնուի մէկը որ բնակի այնտեղ։ Գրուած է դարձեալ. Անոր պաշտօնը թող ուրիշ մը առնէ։
21Արդ այս մարդոցմէ որոնք մեզի հետ եկան շարունակ ամբողջ ժամանակը, երբ Յիսուս մտաւ մեր մէջ եւ բաժնուեցաւ մեզմէ,
22սկսեալ Յովհաննէսի Մկրտութենէն մինչեւ այն օրը երբ վերացաւ, հարկ է որ գտնուի մէկը որ մեզի հետ ըլլայ վկայ Յիսուսի յարութեան։
23Երկու հոգի ներկայացուցին, մէկը Յովսէփ, զոր կը կոչէին Բարսաբա կամ Արդար, իսկ միւսը՝ Մատաթիա։
24Յետոյ այսպէս աղօթեցին. «Դո՛ւն, Տէ՛ր, որ սրտագէտ ես ամենուն, յայտնէ մեզի թէ այս երկուքէն ո՞վ ընտրեցիր
25որ առնէ պաշտօնը առաքելութեան, որմէ Յուդա զրկուեցաւ, ասոր տեղը բռնելու համար։»
26Վիճակ ձգեցին անոնց եւ վիճակը ելաւ Մատաթիայի, որ դասուեցաւ Տասնմէկ Առաքեալներուն հետ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Գովեա Երուսաղէմ զՏէր. Եւ օրհնեա զԱստուած քո Սիովն:
Աւետարան
Մարկոս 16, 2-8
2Եւ շաբաթուան առաջին օրը, առտու կանուխ արեւածագին գերեզման գացին։
3Անոնք իրարու կ՚ըսէին. «Ո՞վ պիտի վերցնէ մեզի՝ գերեզմանի մուտքին քարը։
4Իրենց աչքերը բարձրացուցին եւ տեսան որ քարը թաւալած էր եւ շատ մեծ էր։
5Գերեզման մտան եւ տեսան երիտասարդ մը, նստած աջ կողմը եւ հագած՝ սպիտակ հագուստ եւ սաստիկ վախցան։
6Հրեշտակը ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, գիտեմ, դուք Յիսուս Նազովրեցին կը փնտռէք, խաչուածը. յարութիւն առաւ, հոս չէ։ Ահաւասիկ տեղը՝ ուր դրուած էր։
7Գացէ՛ք եւ ըսէ՛ք անոր աշակերտներուն եւ Պետրոսի. «Ան ձեզ կը կանխէ Գալիլեա, հոն պիտի տեսնէք զինք, ինչպէս որ ըսած էր։»
8Անոնք ելան գերեզմանէն ու փախան, որովհետեւ սաստիկ վրդոված՝ կը դողային եւ ոչ ոք ըսին, որովհետեւ կը վախնային։