Ժամամուտ
Որ ի Հօրէ առաքեցար փրկիչ, եւ մարմնացար ի սուրբ Կուսէն. որ վասն մեր ի յերկնից իջեր եւ լուսաւորեցեր զտիեզերս. Զխաղաղութիւն քո տուր մեզ Տէր, որ խաղաղութեանց ես Թագաւոր, զխաղաղութիւն եւ զողորմութիւն. որ յամենայնի ես դու կարող մարդասէր: Ժամամուտ. Արքայութիւն քո արքայութիւն ամենայն յաւիտենից. եւ տէրութիւն քո յազգէ մինչեւ յազգ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Հաւատարիմ է Տէր յամենայն բանս իւր. եւ արդար է յամենայն գործս իւր:
Ընթերցուածներ
Հռոմայեցիներուն 11, 25-36
25Եղբայրնե՛ր, չեմ ուզեր որ անգիտանաք այս խորհուրդը եւ դուք ձեզ իմաստուններ համարիք։ Իսրայէլի մէկ մասը կարծրացաւ, մինչեւ հեթանոսներու ամբողջականութեան մուտքը եւ ապա
26ամբողջ Իսրայէլը պիտի փրկուի ինչպէս որ գրուած է. Փրկիչը պիտի գայ Սիոնէն եւ պիտի հեռացնէ Յակոբի ամբարշտութիւնները։
27Եւ ահաւասիկ ի՛նչ պիտի ըլլայ իմ ուխտս անոնց հետ, երբ վերցնեմ անոնց մեղքերը։
28Աւետարանի դիմաց անոնք թշնամիներ են, սակայն ի նպաստ ձեզի։ Իսկ ընտրութեան համաձայն, անոնք սիրելիներ են՝ նախահայրերու պատճառաւ։
29Որովհետեւ Աստուծոյ պարգեւները եւ կոչումը անյետսկոչելի են։
30Արդարեւ, ինչպէս ատենօք դուք չէիք հնազանդեր Աստուծոյ, եւ հիմա դուք գթութեան արժանացաք շնորհիւ անոնց անհաւատարմութեան,
31այնպէս ալ անոնք հիմա ըմբոստացան, ձեզի հանդէպ ցոյց տրուած գթութեան պատճառաւ, որպէս զի անոնք ալ ներկայիս ընդունին գթութիւն։
32Աստուած ամբողջ մարդիկը ներփակեց անհնազանդութեան մէջ, որպէս զի ամենուն գթութիւն ցոյց տայ։
33Ո՛վ խորութիւն Աստուծոյ մեծութեան, իմաստութեան եւ գիտութեան։
34Որքա՛ն անքննելի են անոր դատաստանները եւ անիմանալի՝ անոր ճամբաները։
35Ո՛վ երբեք հասկցաւ Տիրոջ միտքը, ո՞վ անոր խորհրդակից եղաւ, ո՞վ անոր փոխ տուաւ, որպէս զի փոխարէն ընդունի անկէ։ Ամէն բան Աստուծմէ է, Աստուծմով եւ Աստուծոյ համար, որուն փառք յաւիտեանս. Ամէն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Եկայք ցնծասցուք ի Տէր. աղաղակեսցուք առ Աստուած փրկիչ մեր:
Աւետարան
Մատթէոս 14, 22-36
22Յիսուս անմիջապէս ստիպեց աշակերտները որ նաւակ մտնեն եւ զինք կանխեն միւս ափը, մինչ ինք ժողովուրդը պիտի արձակէր։
23Ժողովուրդը արձակելէն ետք, լեռ բարձրացաւ առանձին, աղօթելու։ Իրիկուն եղաւ եւ ինք տակաւին հոն էր առանձին։
24Նաւակը արդէն ծովուն բացերն էր. ալիքներու մէջ կը տարուբերուէր, որովհետեւ հովը հակառակ ուղղութեամբ էր։
25Գիշերուան չորրորդ պահուն, Յիսուս անոնց կողմը եկաւ ծովուն վրայ քալելով։
26Ծովուն վրայ քալելը տեսնելով, առաքեալները վրդովեցան. «Ուրուական է,» կ՚ըսէին եւ վախէ աղաղակեցին։
27Յիսուս իսկոյն խօսեցաւ անոնց. «Ե՛ս եմ, քաջ եղէք, մի՛ վախնաք։»
28Պետրոս ըսաւ. «Տէ՛ր, եթէ դուն ես, հրաման տուր որ քովդ գամ ջուրերու վրայէն։»
29«Եկո՛ւր,» պատասխանեց Յիսուս։ Պետրոս նաւակէն իջաւ, քալեց ջուրերուն վրայ եւ գնաց Յիսուսի կողմը։
30Բա⟨…⟩ տես ամեհի հովին, վախցաւ, սկսաւ ընկղմիլ ու պոռաց. «Տէ՛ր, ազատէ զիս։»
31Յիսուս անմիջապէս ձեռքը երկարեց, բռնեց զինք եւ ըսաւ. «Թերահաւա՛տ մարդ, ինչո՞ւ տարակուսեցար։»
32Երբ նաւակ ելան, հովը մեղմացաւ։
33Նաւակին մէջ գտնուողները առջեւը խոնարհեցան եւ ըսին. «Արդարեւ, դո՛ւն ես Աստուծոյ Որդին։»
34Ծովը կտրելէն ետք ցամաք ելան Գենեսարէթ։
35Տեղւոյն բնակիչները ճանչցան զինք, լուր ղրկեցին բոլոր շրջակայքը եւ բերին բոլոր հիւանդները։
36Կ՚աղաչէին անոր որ գոնէ զգեստին քղանցքին դպչին, եւ ամէն անոնք որ դպան՝ բուժուեցան։