Ժամամուտ
Սրբոյն Կուսանացն Փեբրոնեայ եւ Մարիանեայ: Հարսնացեալք Քրիստոսի երկնաւոր փեսային, դստերք վերին Սիոնի. խնդրեցէք ի Քրիստոսէ զհաշտութիւն եւ զմեծ զողորմութիւն: Ժամամուտ. Տարցին Թագաւորի կուսանք զհետ նորա. եւ զընկերս նորա տարցին նմա: Բղխեաց սիրտ իմ բարի. եւ ասեմ զգործս իմ թագաւորի:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Բ. Կորնթացիներուն 6, 16-7,1
16Աստուծոյ Տաճարը ի՞նչ նմանութիւն ունի կուռքերուն հետ։ Մենք, ողջ Աստուծոյ տաճարներն ենք, ինչպէս որ ըսաւ Աստուած. Պիտի բնակիմ անոնց հետ եւ պիտի քալեմ անոնց առջեւէն։ Պիտի ըլլամ անոնց՝ Աստուած, իսկ անոնք պիտի ըլլան ինծի՝ ժողովուրդ։
17Ասոր համար Տէրը կ՚ըսէ. Ելէ՛ք անոնց մէջէն եւ մեկուսացէ՛ք։ Մի՛ մօտենաք անմաքուր բաներու եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ։
18Պիտի ըլլամ ձեզի Հայր եւ դուք պիտի ըլլաք ինծի տղայ եւ աղջիկ զաւակներ, կ՚ըսէ Ամենակալ Տէրը։
1Քանզի որ այսպիսի խոստումներ ունինք, սիրելինե՛ր, մաքրուինք մարմնական եւ հոգեկան ամէն պղծութենէ եւ իրականացնենք մեր սրբութիւնը Աստուծոյ երկիւղով։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Կացցէ դշխոյ ընդ աջմէ քումմէ, ի հանդերձս ոսկեհուռս զարդարեալ եւ պաճուճեալ:
Աւետարան
Ղուկաս 6, 20-23
20Յիսուս աչքերը աշակերտներուն վրայ բարձրացնելով ըսաւ. Երանի՛ ձեզի, հոգիով աղքատներուդ, որովհետեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը ձեզի է։
21Երանի՛ ձեզի որ հիմա անօթի էք, որովհետեւ պիտի յագենաք։ Երանի՛ ձեզի, որ հիմա կու լաք, որովհետեւ պիտի խնդաք։
22Երանի՛ ձեզի, երբ մարդիկ ձեզ ատեն, ձեզ մերժեն, ձեզ անարգեն, վարկաբեկեն ձեր անունը՝ Մարդու Որդիին պատճառով։
23Ուրախացէք այն օրը, ցնծացէք հրճուանքով, որովհետեւ ձեր վարձատրութիւնը մեծ է երկինքի մէջ։ Անոնց հայրերը նոյնպէս վարուեցան մարգարէներու հանդէպ։