Ժամամուտ
Պանդալէոնի բժշկին եւ Երմողեայ քահանային եւ Եւպրաքսեայ Կուսին: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա:
Ընթերցուածներ
Ա. Կորնթացիներուն 12, 1-11
1Հոգեւոր պարգեւներու մասին եւս, եղբայրներ, չեմ ուզեր որ ⟦անգէտ?⟧ մնաք։
2Երբ հեթանոս էիք, անդիմադրելիօրէն տարուած էիք դէպի համր կուռքերը։
3Ասոր համար կը յայտարարեմ ձեզի թէ ոչ ոք, խօսելով Աստուծոյ Հոգիով, կրնայ ըսել՝ «Նզովեալ Յիսուս», եւ ոչ ոք ալ կրնայ ըսել՝ «Յիսուս Տէրն է», եթէ ոչ Սուրբ Հոգիով։
4Պարգեւները թէպէտ զանազան են, սակայն Հոգին նոյնն է.
5պաշտօնները թէպէտ տարբեր են, սակայն Տէրը նոյնն է.
6ներգործութիւնները թէպէտ զանազան են, սակայն Աստուած նոյնն է, որ ամենուն մէջ կը ներգործէ ամէն բան։
7Հոգիին յայտնութիւնը տրուած է իւրաքանչիւրին, յօգուտ հասարակաց բարիքին։
8Նոյն Հոգին մէկուն տուած է իմաստութեան խօսքը, ուրիշի մը՝ գիտութեան խօսքը, ըստ նոյն Հոգիին,
9ուրիշի մը՝ հաւատքը նոյն Հոգիով, ուրիշի մը՝ բժշկելու պարգեւը, նոյն Հոգիին զօրութեամբ։
10Ուրիշի մը՝ զօրութիւնը հրաշքներ գործելու, ուրիշի մը՝ մարգարէութիւն, ուրիշի մը՝ հոգիներու զանազանութիւն, ուրիշի մը՝ զանազանութիւն լեզուներու, ուրիշի մը՝ թարգմանութիւն լեզուներու։
11Բայց այս ամէնը կը ներգործէ միեւնոյն Հոգին, բաժնելով իր պարգեւները իւրաքանչիւրին, ինչպէս որ ինք կ՚ուզէ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Աւետարան
Մատթէոս 9, 35 - 10, 1
35Յիսուս կը շրջէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը, ժողովարաններու մէջ կը սորվեցնէր ու կը քարոզէր Արքայութեան Աւետարանը եւ կը բուժէր ամէն ախտ եւ հիւանդութիւն։
36Տեսնելով բազմութիւնները, գութը շարժեցաւ անոնց վրայ, որովհետեւ նման էին յոգնած եւ ուժասպառ ու անհովիւ ոչխարներու։
37Խօսքն աշակերտներուն ուղղելով ըսաւ. «Հունձքը առատ է բայց մշակները սակաւաթիւ են.
38աղաչեցէ՛ք հունձքի Տիրոջ, որ գործաւորներ ղրկէ իր հունձքին։»
1Յիսուս կանչեց տասներկու աշակերտները, տուաւ անոնց իշխանութիւն պիղծ ոգիներու վրայ, որպէս զի զանոնք արտաքսեն եւ բուժեն ամէն տեսակ ախտ եւ հիւանդութիւն։