Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Տեսին ամենայն ծագք երկրի զփրկութիւն Աստուծոյ մերոյ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Օրհնեցէք զՏԷր յօրհնութիւն նոր, զի սքանչելիս արար:
Ընթերցուածներ
Գաղատացիներուն 1, 11-24
11Կը յայտնեմ ձեզի, եղբայրնե՛ր, թէ Աւետարանը որ ինձմէ ձեզի քարոզուեցաւ, մարդկային չէ,
12քանի որ ես ալ մարդէ չառի զայն եւ ո՛չ ալ մէկէ մը սորվեցայ, այլ՝ Յիսուս Քրիստոսի յայտնութեամբը։
13Արդարեւ դուք լսած էք իմ ընթացքիս մասին երբ ատենօք հրէութեան մէջ էի, թէ որքան հալածեցի Աստուծոյ եկեղեցին եւ որքան վնասներ հասցուցի անոր,
14եւ աւելի յառաջացած էի Հրէութեան մէջ քան ինծի տարեկից հայրենակիցներս, աւելի նախանձախնդիր էի հայրենատուր աւանդութիւններուն։
15Բայց երբ Աստուած, որ մօրս արգանդէն ընտրեց զիս եւ կանչեց իր շնորհքով,
16հաճեցաւ յայտնել ինծի իր Որդին, որ քարոզեմ զինք հեթանոսներուն, ոչ մէկուն խորհուրդ հարցուցի
17եւ ոչ ալ Երուսաղէմ գացի անոնց քով, որ ինձմէ առաջ Առաքեալներ էին, այլ՝ իսկոյն մեկնեցայ Արաբիա եւ անկէ վերադարձայ Դամասկոս։
18Ապա երեք տարի ետք Երուսաղէմ ելայ Պետրոսը տեսնելու եւ անոր մօտ մնացի տասնհինգ օր։
19Առաքեալներէն ուրիշ ոչ ոք տեսայ, այլ՝ միայն Յակոբը՝ Տիրոջ եղբայրը։
20Ինչ որ կը գրեմ ձեզի, Աստուծոյ առջեւ կ՚ըսեմ, չեմ ստեր։
21Ապա եկայ Սուրիոյ եւ Կիլիկիայի կողմերը,
22եւ դէմքով անծանօթ էի այն եկեղեցիներու հաւատացեալներուն, որոնք հրէութենէն դարձի եկած էին Քրիստոսի,
23բայց միայն լսած էին թէ ան որ ժամանակին մեզ կը հալածէր, հիմա կը քարոզէ հաւատքը զոր ատենօք կը ջանար խախտել։
24Եւ իմ պատճառովս Աստուած կը փառաբանէին։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Մարկոս 12, 18-34
18Սադուկեցիները, որոնք կ՚ըսեն թէ մեռելներու յարութիւն չկայ, Յիսուսի քով եկան եւ հարցուցին իրեն։
19«Վարդապետ, Մովսէս այս պատուէրը տուած է մեզի. եթէ մարդ մը մեռնի առանց զաւակի եւ կինը այրի մնայ, թող եղբայրը ամուսնանայ այրիին հետ եւ սերունդ հանէ եղբօրը։
20Եօթը եղբայրներ կային. առաջինը կին մը առաւ ու մեռաւ առանց զաւակի։
21Նմանապէս երկրորդը ամուսնացաւ այրիին հետ եւ մեռաւ առանց զաւակի։
22Երրորդն ալ եւ եօթ եղբայրներն ալ զաւակ չունեցան։ Անոնցմէ ետք կինն ալ մեռաւ։
23Արդ՝ յարութեան օրը, երբ ամէնքը յարութիւն առնեն, այս եօթէն որո՞ւն կինը պիտի ըլլայ, քանի որ եօթն ալ զինք իբրեւ կին առին։»
24Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Դուք ամէնքդ ալ մոլորած էք, որովհետեւ ո՛չ Գիրքը գիտէք, ո՛չ ալ Աստուծոյ զօրութիւնը։
25Երբ յարութիւն առնեն մեռելներէն, ո՛չ մարդիկը կին կ՚առնեն, ո՛չ ալ կիները մարդ կ՚առնեն, այլ նման են հրեշտակներու՝ երկինքի մէջ։
26Իսկ թէ մեռելները յարութիւն պիտի առնեն, չէ՞ք կարդացած Մովսէսի գիրքին մէջ, ինչ որ ըսած է Աստուած մորենիին մէջ. Ես եմ Աստուած Աբրահամի, Աստուած Իսահակի եւ Աստուած Յակոբի։
27Մեռելներու Աստուածը չէ, այլ ողջերու։ Դուք բոլորովին մոլորած էք։»
28Դպիր մը, որ լսած էր վիճաբանութիւնը եւ տեսած էր թէ Յիսուս լաւ պատասխանած էր, մօտեցաւ եւ հարցուց. «Ո՞րն է առաջին պատուիրանը։»
29Յիսուս պատասխանեց. «Առաջին պատուիրանը հետեւեալն է. Լսէ՛, Իսրայէլ, մեր Տէր Աստուածը միակ Տէրն է
30եւ պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր հոգիովդ, բոլոր մտքովդ եւ բոլոր կարողութեամբդ։
31Ահաւասիկ նաեւ երկրորդը. Սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս։ Այս երկու պատուիրաններէն աւելի մեծը չկայ։»
32Դպիրն ըսաւ. «Ճշմարիտ պատասխանեցիր, Վարդապետ, մէկ է մեր Տէրը եւ անկէ զատ ուրիշ չկայ։
33Սիրել զինք բոլոր սրտով, բոլոր մտքով, բոլոր զօրութեամբ եւ սիրել ընկերը իր անձին պէս, աւելի կ՚արժէն քան ամբողջ ողջակէզներն ու զոհերը։»
34Յիսուս տեսնելով որ դպիրը իմաստութեամբ պատասխանած էր, ըսաւ անոր. «Հեռու չես Աստուծոյ Արքայութենէն։» Եւ ոչ ոք անկէ ետք կը համարձակէր իրեն բան մը հարցնել։