Ժամամուտ
Սրբոյն Կալիստրատոսի եւ ԽԹ վկայիցն, եւ Ղուկիանոսի քահանային: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Պատուական է առաջի Տեառն մահ սրբոց իւրոց. ո՛ Տէր, ես ծառայ քո եմ, ծառայ եւ որդի աղախնոյ քոյ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Հաւատացի զոր եւ խօսեցայ. եւ ես խոնարհ եղէ յոյժ:
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 12, 1-7
1Այսուհետեւ մենք ալ, որ շրջապատուած ենք վկաներու այսքան մեծ բազմութեամբ, պէտք է թօթափենք ամէն ծանրութիւն կամ մեղք որ մեզ կը կաշկանդէ եւ համբերութեամբ դիմագրաւենք փորձութեան շրջանը որ կը սպասէ մեզի։
2Սեւեռենք մեր աչքերը մեր հաւատքի պետին վրայ, որ գլուխ կը տանի կատարելութեան, Յիսուսի, որ փոխանակ ուրախութեան որ առաջարկուած էր յանձն առաւ կրել խաչը, արհամարհեց անոր նուաստացումը եւ նստաւ Աստուծոյ աթոռին աջ կողմը։
3Մտածեցէք անոր որ այնքան հակառակութիւններ կրեց մեղաւորներու կողմէ, որպէս զի դուք չգայթակղիք՝ ձեր հոգիներուն յոգնութեան պատճառով տակաւին մեղքին չդիմադրեցիք մինչեւ հեղումը ձեր արիւնին։
5Մոռցա՞ք յորդորը որ ձեզի ուղղուած է իբրեւ զաւակներու. Որդեա՛կ, մի՛ արհամարհեր Տիրոջ խրատները եւ մի՛ վհատիր երբ քեզ յանդիմանէ։
6Տէրը կը խրատէ զինք սիրողը, կը տանջէ ամէն որդի զոր կ՚ընտրէ։
7Կը չարչարուիք ձեր դաստիարակութեան համար։ Աստուած ձեզի հետ կը վարուի իբրեւ որդիներու հետ։ Եւ ո՞վ է որդին զոր հայրը չի խրատեր։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Մարտիրոսաց ի ձայնէն.
Աւետարան
Մարկոս 13, 9-13
9Զգոյշ եղէք, ձեզ պիտի մատնեն դատարաններու եւ ժողովարաններու, պիտի ձաղկեն ձեզ, պիտի հանեն դատաւորներու եւ թագաւորներու առջեւ՝ իմ պատճառովս, անոնց դիմաց վկայութիւն տալու համար։
10Բայց անկէ առաջ պէտք է որ Աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն։»
11«Երբ տանին ձեզ յանձնելու, կանխաւ մի՛ մտահոգուիք թէ ի՞նչ պիտի ըսէք. այլ նոյն ժամուն ինչ որ ներշնչուի ձեզի՝ այն խօսեցէք, որովհետեւ դուք չէք որ պիտի խօսիք, այլ՝ Սուրբ Հոգին։
12Եղբայրն իր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ, հայրն՝ իր որդին, զաւակները պիտի ըմբոստանան իրենց ծնողներուն դէմ եւ պատնուք մահուան դատապարտել պիտի տան։
13Իմ պատճառովս ամէնքը ձեզ պիտի ատեն։ Բայց ով որ մինչեւ վերջ համբերէ, ան պիտի փրկուի։»