Ժամամուտ
Ժամամուտ. Միածին Որդի եւ բանդ Աստուած, եւ անմահ էութիւն. որ յանձն առեր մարմնանալ ի սրբուհւոյ Աստուածածնէն եւ ի միշտ կուսէն. անփոփոխելիդ մարդ եղեալ խաչեցար Քրիստոս Աստուած, մահուամբ զմահ կոխեցեր. մինդ ի սրբոյ Երրորդութենէն փառաւորակից ընդ Հօր եւ ընդ սրբոյ Հոգւոյն, կեցո զմեզ: Քեզ վայելէ օրհնութիւն Աստուած ի Սիոն. Եւ քեզ տացին աղօթք յԵրուսաղէմ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ յարեար ի մեռելոց»:
Սաղմոս
Լուր աղօթից իմոց. Զի առ քեզ ամենայն մարմին եկեսցէ:
Ընթերցուածներ
Գաղատացիներուն 2, 1-10
1Ապա, տասնչորս տարիներ ետք դարձեալ Երուսաղէմ ելայ Բառնաբասի եւ Տիտոսի հետ զոր հետս առի։
2Ելայ յայտնութենէ մը ետք եւ բացատրեցի անոնց Աւետարանս զոր կը քարոզեմ հեթանոսներուն, մասնաւորապէս անոնց որոնք պարագլուխներ կը համարուէին, որ մի գուցէ ի զուր վաստակեր էի կամ կը վաստակիմ։
3Եւ նոյնիսկ Տիտոսին, որ իմ գործակիցս էր եւ յունածին, չպարտադրեցին որ թլփատուի։
4Նոյնիսկ սուտ եղբայրներուն համար, որոնք սպրդած մտած էին մեր մէջ, լրտեսելու համար ազատութիւնը զոր ունինք ի Քրիստոս, որպէս զի մեզ վերստին ծառայեցնեն,
5մերժեցինք նոյնիսկ ժամանակաւորապէս հնազանդիլ անոնց, որպէս զի Աւետարանին ճշմարտութիւնը հաստատ մնայ ձեր մօտ։
6Իսկ պարագլուխները, ինծի համար կարեւոր չէ թէ ո՛վ էին այն ժամանակ, քանի որ Աստուած կողմնակալութիւն չունի մարդոց միջեւ, նման բան մը չզգացուցին ինծի։
7Այլ ընդհակառակն, երբ տեսան թէ անթլփատութեան աւետարանը վստահուած է ինծի, ինչպէս Պետրոսին՝ թլփատութեան աւետարանը,
8(որովհետեւ Աստուած յաջողութիւն տուաւ Պետրոսի առաքելութեան Հրեաներու մօտ, ինծի ալ յաջողութիւն տուաւ՝ հեթանոսներու մէջ),
9եւ երբ տեսան շնորհքը որ տրուած է ինծի, Յակոբ, Կեփաս եւ Յովհաննէս, որոնք սիւները կը կարծուին, ձեռք տուին մեզի, ինծի եւ Բառնաբասի՝ ի նշան հաղորդութեան. մենք պիտի երթայինք հեթանոսներուն, իսկ անոնք՝ Հրեաներու։
10Պատուիրեցին միայն որ աղքատները յիշենք, ինչ որ արդէն կը ջանամ միշտ ընել։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Յարութեան ի ձայնէն.
Աւետարան
Մարկոս 12, 35-44
35Յիսուս Տաճարին մէջ կը սորվեցնէր եւ կ՚ըսէր. «Ի՞նչպէս դպիրները կ՚ըսեն թէ Քրիստոս Դաւիթի որդին է,
36մինչ ինք՝ Դաւիթ, Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած՝ կ՚ըսէ. Տէրն ըսաւ իմ Տիրոջս. բազմէ աջ կողմս մինչեւ որ բոլոր թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ առջեւ։
37Եթէ Դաւիթ զինք Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս կրնայ անոր որդին ըլլալ։» Եւ բազմութիւնը հաճոյքով մտիկ կ՚ընէր Յիսուսի։
38Յիսուս կ՚ըսէր իր վարդապետութեան մէջ. «Զգուշացէք դպիրներէն, որոնք կը սիրեն շրջիլ լայն հագուստներ հագած, ողջոյններ ընդունիլ հրապարակներու վրայ,
39առաջին տեղերը գրաւել ժողովարաններու եւ խնջոյքներու մէջ։
40Այրիներու ինչքերը կ՚ուտեն եւ տեսնուելու համար՝ կ՚երկարեն իրենց աղօթքները։ Ասոր համար աւելի խիստ դատապարտութեան պիտի ենթարկուին։»
41Գանձերու սրահին դիմաց նստած, Յիսուս կը դիտէր թէ ի՞նչպէս մարդիկ դրամ կը դնէին գանձանակին մէջ։ Բազմաթիւ հարուստներ շատ դրամ ձգեցին։
42Աղքատ այրի մը եկաւ եւ ձգեց միայն երկու լումայ, որ կ՚ընեն մէկ նաքարակիտ։
43Յիսուս աշակերտները կանչեց եւ ըսաւ. «Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, այս աղքատ այրին աւելի դրաւ գանձանակին մէջ քան միւս բոլոր հարուստները։
44Որովհետեւ ատոնք դրին՝ իրենց աւելորդէն առնելով, իսկ անիկա իր չքաւորութեան մէջ, դրաւ՝ ինչ որ ունէր իր ապրուստին համար։»