Ժամամուտ
Գիւտ նշխարաց սրբոյն Գրիգորիսի Աղուանից Կաթողիկոսի, եւ սրբոց հարցն Թաթլոյ եւ Վարոսի եւ Թոմասու եւ Անտոնի եւ Կրոնիդեայ, եւ եօթն խոտաճարակացն: Զհայրապետականն զարդարեցեր զաթոռ ի յերկրի. Առաքելական առեր զպատիւ յերկնուստ, ծառայ Քրիստոսի ով երանելիդ ի հարս սուրբ հայրապետ: Քանզի քոյ վարդապետութեանդ սերմանք բարեպաշտութեան բուսուցին հասկս, ուրախութեան պտուղ հատուցանելով եւ հաւատացելոցս զփրկութիւն շնորհելով: Վասն որոյ բարեխօսեա առ Տէր վասն անձանց մերոց: Ժամամուտ. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա: 1008
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 10, 32-39
32Յիշեցէ՛ք այն առաջին օրերը, երբ հաւատքի լոյսով լուսաւորուած, կրեցիք յորձանքը չարչարանքներու.
33մերթ հրապարակաւ ենթարկուեցաք նախատինքի եւ նեղութիւններու եւ մերթ բաժնեկից եղաք այդպիսի տառապանքներ կրողներուն։
34Արդարեւ՝ մասնակցեցաք բանտարկեալներու ցաւերուն, սիրով հանդուրժեցիք ձեր ինչքերուն բռնագրաւումին, գիտնալով որ աւելի լաւ եւ աւելի մնայուն հարստութիւն մը ունիք։
35Մի՛ կորսնցնէք ձեր վստահութիւնը, մեծ եւ արդար է անոր վարձատրութիւնը։
36Պէտք ունիք յարատեւութեան, որպէս զի Աստուծոյ կամքը կատարելէ ետք հասնիք խոստումին.
37Որովհետեւ քիչ, շատ քիչ ժամանակ ետք, ան որ պիտի գայ, պիտի հասնի, պիտի չուշանայ
38Եւ իմ արդարս հաւատքով պիտի փրկուի եւ եթէ մէկը տարակուսի, հոգիս անոր մէջ հաճութիւն պիտի չգտնէ։
39Իսկ մենք, խուսափողներ չենք, սահմանուած կորստեան, այլ՝ հաւատքի մարդիկ ենք մեր հոգիներուն փրկութեան համար։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Երանելի են որք բնակեալ են ի տան Տեառն. յաւիտեանս յաւիտենից օրհնեսցեն զքեզ:
Աւետարան
Ղուկաս 10, 21-24
21Նոյն ժամուն Յիսուս ցնծաց Սուրբ Հոգիով եւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլաս, Հայր, Տէր երկինքի եւ երկրի, որ ասիկա ծածկեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն եւ յայտնեցիր մանուկներուն։
22Այո՛, Հայր, որովհետեւ այսպէս հաճելի եղաւ քեզի։ Հայրս տուաւ ինծի ամէն բան եւ ոչ ոք գիտէ ով է Որդին եթէ ոչ Հայրը եւ ով է Հայրը՝ եթէ ոչ Որդին եւ ան՝ որուն Որդին ուզէ յայտնել։»
23Յետոյ աշակերտներուն դառնալով, առանձին ըսաւ անոնց. «Երանի՛ աչքերուն, որ կը տեսնեն ինչ որ դուք կը տեսնէք։
24Կ՚ըսեմ ձեզի, շատ մարգարէներ եւ թագաւորներ ցանկացան տեսնել ինչ որ դուք կը տեսնէք՝ ու չտեսան, լսել ինչ որ դուք կը լսէք՝ եւ չլսեցին։»