Ժամամուտ
Անանիայ առաքելոյն, եւ սրբոց առաքելոցն Մատաթեայ եւ Բառնաբայ, եւ Փիլիպպոսի եւ Յովհաննու եւ Շիղայի եւ Սիղուանոսի’ գործակցացն Պօղոսի, եւ Երկոտասան վարդապետացն: Առաքեալք եւ վկայք Քրիստոսի Աստուծոյ. ամենակալ հոգւոյն զօրութեամբն զամենեսեան ընդհանուր յորդեգրութիւն կենաց կոչելով՝ միասնական սուրբ Երրորդութեանն յորդորեցին երգել փառս ի յաւիտեանս.ամէն: Ժամամուտ. Ընդ ամենայն երկիր ել բարբառ նոցա. եւ մինչեւ ի ծագս աշխարհի են խօսք նոցա:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Երկինք պատմեն զփառս Աստուծոյ. եւ զարարածս ձեռաց նորա պատմէ հաստատութիւն:
Ընթերցուածներ
Առաքեալներուն Գործերը 1, 21-26
21Արդ այս մարդոցմէ որոնք մեզի հետ եկան շարունակ ամբողջ ժամանակը, երբ Յիսուս մտաւ մեր մէջ եւ բաժնուեցաւ մեզմէ,
22սկսեալ Յովհաննէսի Մկրտութենէն մինչեւ այն օրը երբ վերացաւ, հարկ է որ գտնուի մէկը որ մեզի հետ ըլլայ վկայ Յիսուսի յարութեան։
23Երկու հոգի ներկայացուցին, մէկը Յովսէփ, զոր կը կոչէին Բարսաբա կամ Արդար, իսկ միւսը՝ Մատաթիա։
24Յետոյ այսպէս աղօթեցին. «Դո՛ւն, Տէ՛ր, որ սրտագէտ ես ամենուն, յայտնէ մեզի թէ այս երկուքէն ո՞վ ընտրեցիր
25որ առնէ պաշտօնը առաքելութեան, որմէ Յուդա զրկուեցաւ, ասոր տեղը բռնելու համար։»
26Վիճակ ձգեցին անոնց եւ վիճակը ելաւ Մատաթիայի, որ դասուեցաւ Տասնմէկ Առաքեալներուն հետ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Կացուսցես զնոսա իշխանս ընդ ամենայն երկիր. եւ յիշեսցի անուն քո ընդ ամենայն ազգս ազգաց:
Աւետարան
Ղուկաս 9, 1-6
1Յիսուս կանչեց Տասներկուքը, տուաւ անոնց զօրութիւն եւ իշխանութիւն դեւերու վրայ եւ կարողութիւն՝ բուժելու հիւանդութիւնները։
2Ղրկեց զանոնք քարոզելու Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ բուժելու ախտաժէտները։
3Եւ պատուիրեց անոնց. «Ճամբորդութեան համար մի՛ առնէք ո՛չ գաւազան, ո՛չ մախաղ, ո՛չ հաց, ո՛չ դրամ եւ ո՛չ ալ երկու հագուստ։
4Որեւիցէ տուն ուր մտնէք մնացէք այնտեղ եւ անկէ մեկնեցէք։
5Եթէ ձեզ չընդունին, երբ ելլէք այն քաղաքէն, թօթուեցէ՛ք ձեր ոտքերուն փոշին՝ իբրեւ վկայութիւն անոնց դէմ։»
6Անոնք մեկնեցան ու գացին քաղաքներն ու գիւղերը, կը քարոզէին Աւետարանը եւ ամէն տեղ կը բուժէին։