Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Կեցո զծառայս քո Աստուած իմ, որ ի քեզ յուսացայ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Ողորմեա ինձ Տէր, զի առ քեզ աղաղակեցի զօրհանապազ. ուրախ արա զանձն ծառայի քոյ, զի առ քեզ Տէր համբարձի զանձն իմ:
Ընթերցուածներ
Գաղատացիներուն 2, 11-20
11Իսկ երբ Կեփաս Անտիոք եկաւ, ընդդիմացայ անոր հրապարակաւ, որովհետեւ ընթացքը մեղադրելի էր։
12Արդարեւ, Յակոբի շրջանակէն կարգ մը մարդոց հասնելէն առաջ, անխտիր սեղանակից կ՚ըլլար հեթանոսներուն, իսկ երբ այս մարդիկը եկան, սկսաւ խուսափիլ եւ մեկուսանալ, Հրեաներէն վախնալով։
13Միւս Հրեաներն ալ անոր հետ կեղծիքի տուին եւ նոյնիսկ Բառնաբաս խոնարհեցաւ անոնց կեղծաւորութեան։
14Երբ տեսայ թէ անոնց ընթացքը ուղիղ չէր Աւետարանի ճշմարտութեան համաձայն, ամենուն ներկայութեան ըսի Կեփասի. «Եթէ դուն, որ Հրեայ ես եւ կ՚ապրիս հեթանոսներու պէս եւ ոչ Հրեաներու նման, ի՞նչպէս կը ստիպես հեթանոսները՝ հետեւիլ հրէական սովորութեան։»
15Մենք ծնունդով Հրեաներ ենք եւ ոչ մեղսապարտ հեթանոսներ։
16Գիտենք թէ մարդ չ՚արդարանար Օրէնքի գործերով, այլ՝ միայն հաւատքով Յիսուս Քրիստոսի. եւ մենք հաւատացինք Քրիստոս Յիսուսի, որպէս զի ընդունինք արդարութիւնը՝ հաւատքովն Քրիստոսի, եւ ոչ գործերով Օրէնքի, որովհետեւ ոչ ոք պիտի արդարանայ Օրէնքի գործերով։
17Իսկ եթէ, մինչ կը ջանանք արդարանալ Քրիստոսով, երեւան գանք որպէս մեղաւորներ, արդեօք Քրիստոս մեղքի՞ն ծառայեց. քա՛ւ լիցի։
18Որովհետեւ եթէ ես վերականգնեմ ինչ որ քանդեցի, ես ինքզինքս յանցաւոր ցոյց կու տամ։
19Որովհետեւ Օրէնքով՝ ես մեռայ Օրէնքին եւ այսուհետեւ կ՚ապրիմ Աստուծոյ համար։ Ես խաչուած եմ Քրիստոսի հետ։
20Այլեւս ես չեմ որ կ՚ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս կ՚ապրի իմ մէջս։ Կ՚ապրիմ ներկայ կեանքս, հաւատքին մէջ Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ ինքզինքը զոհեց ինծի համար։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Մարկոս 13, 14-23
14Երբ տեսնէք սրբապիղծ Կործանարարը, հոն ուր պէտք չէր ըլլար — ընթերցողը թող հասկնայ — այն ատեն, անոնք որ Հրէաստան են, թող փախչին դէպի լեռները։
15Ան որ տանիքն է թող տուն չիջնէ բան մը առնելու
16եւ ան որ դաշտ պիտի գտնուի թող ետ չվերադառնայ վերարկուն առնելու։
17Այն օրերուն, վա՛յ յղի կիներուն եւ վա՛յ կաթնտու կիներուն։
18Դուք աղօթեցէք որ ասիկա չպատահի ձմեռ ատեն,
19որովհետեւ այն օրերը անձկութեան օրեր պիտի ըլլան, որոնց նմանը չէ եղած աշխարհի սկիզբէն մինչեւ հիմա եւ ո՛չ ալ պիտի ըլլայ։
20Եւ եթէ Տէրը չկարճեցնէր այն օրերը, ոչ ոք պիտի վերապրէր. բայց Աստուած, իր սիրելիներուն համար գորս ընտրած է, կարճեցուց այն օրերը։
21Այն ատեն եթէ մէկը ձեզի ըսէ՝ ‘Ահաւասիկ Քրիստոս հոս է կամ հոն’, մի՛ հաւատաք։
22Սուտ Քրիստոսներ եւ սուտ մարգարէներ պիտի յայտնուին, նշաններ եւ հրաշքներ պիտի գործեն, մոլորեցնելու համար եթէ կարելի է՝ նոյնիսկ ընտրեալները։
23Դուք զգուշացէ՛ք, ահաւասիկ կանխաւ ամէն բան ըսի ձեզի։»