Ժամամուտ
Դիոնեսիոսի Արիսպագացւոյն, եւ սրբոց առաքելոցն Տիմոթէոսի եւ Տիտոսի եւ այլոց աշակերտացն Պօղոսի: Առաքեալք եւ վկայք Քրիստոսի Աստուծոյ. ամենակալ հոգւոյն զօրութեամբն զամենեսեան ընդհանուր յորդեգրութիւն կենաց կոչելով՝ միասնական սուրբ Երրորդութեանն յորդորեցին երգել փառս ի յաւիտեանս.ամէն: Ժամամուտ. Ընդ ամենայն երկիր ել բարբառ նոցա. եւ մինչեւ ի ծագս աշխարհի են խօսք նոցա:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Երկինք պատմեն զփառս Աստուծոյ. եւ զարարածս ձեռաց նորա պատմէ հաստատութիւն:
Ընթերցուածներ
Բ. Թեսաղոնիկեցիներուն 1, 1-12
1Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին, որ է Աստուծոյ մեր Հօր եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մէջ։
2Աստուծոյ մեր Հօր եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի կողմէ ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն։
3Պարտական ենք միշտ գոհութիւն մատուցանել Աստուծոյ ձեզի համար, եղբայրներ, եւ ասիկա արդար է, որովհետեւ ձեր հաւատքը յառաջդիմութեան մէջ է եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սէրը իրարու հանդէպ, կ՚աճի ամենուդ մէջ։
4Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ, հպարտ ենք ձեզմով, ձեր համբերութեան եւ ձեր հաւատքին համար հալածանքներու եւ նեղութիւններու մէջ զորս կը կրէք։
5Ասով իսկ կը յայտնուի Աստուծոյ արդար դատաստանը, եւ դուք արժանի պիտի համարուիք Աստուծոյ Արքայութեան, որուն համար կը չարչարուիք։
6Աստուծոյ արդարութեամբ, չարչարանք պիտի փոխադարձուի անոնց որ ձեզ կը չարչարեն,
7իսկ ձեզի, տառապեալներուդ՝ պիտի տրուի հանգիստ մեզի հետ, երբ Տէր Յիսուս յայտնուի երկինքի մէջ իր զօրութեան հրեշտակներով,
8հրավառ բոցին մէջ եւ վրէժ առնէ անոնցմէ որ Աստուած չեն ճանչնար եւ չեն հնազանդիր մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին։
9Ասոնք պիտի պատժուին յաւիտենական կորուստով, պիտի մերժուին Տիրոջ երեսէն, Անոր զօրութեան փառքէն,
10երբ գայ փառաւորուելու իր սուրբերուն մէջ, հոչակուելու բոլոր հաւատացեալներուն մէջ. եւ դուք հաւատացիք մեր վկայութեան։ Այսպէս պիտի ըլլայ այն օրը։
11Այս մտածումով, մենք ստէպ կ՚աղօթենք ձեզի համար, որ պէս զի մեր Աստուածը արժանի ընէ ձեզ իր կոչումին, մինչեւ որ իր բարութեամբ լրացնէ իր կամքին հաճութիւնը, եւ իր գործութեամբ՝ ձեր հաւատքին գործերը,
12որպէս զի փառաւորուի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունը ձեր մէջ, եւ դուք՝ անոր մէջ, մեր Աստուծոյ եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքին համաձայն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Կացուսցես զնոսա իշխանս ընդ ամենայն երկիր. եւ յիշեսցի անուն քո ընդ ամենայն ազգս ազգաց:
Աւետարան
Ղուկաս 10, 1-9
1Անկէ ետք, Յիսուս եօթանասուն երկու ուրիշ աշակերտներ ալ նշանակեց եւ իր առջեւէն ղրկեց զանոնք երկու երկու այն բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը, ուր ետքը ինք պիտի երթար։
2Եւ ըսաւ անոնց. «Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ սակաւաթիւ են։ Խնդրեցէք ուրեմն հունձքի տիրոջմէն որ մշակներ ղրկէ իր հունձքին։
3Գացէք ուրեմն, ես կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ գառնուկներ գայլերու մէջ։
4Մի՛ տանիք ո՛չ քսակ, ո՛չ պայուսակ, ո՛չ հողաթափ եւ ճամբու վրայ՝ մարդու հետ ողջոյն մի՛ փոխանակէք։
5Որեւիցէ տուն ուր մտնէք, նախ ըսէք. ՛Ողջոյն այս տունին՛։
6Եթէ խաղաղութեան մարդ կայ այնտեղ, ձեր ողջոյնը պիտի երթայ եւ հանգչի անոր վրայ, ապա թէ ոչ՝ պիտի դառնայ ձեզի։
7Մնացէք այն տունը, կերէք ու խմեցէք ինչ որ տան ձեզի, որովհետեւ մշակը արժանի է իր վարձքին։ Տունէ տուն մի՛ փոխադրուիք։
8Քաղաքը, ուր կը մտնէք եւ կ՚ընդունին ձեզ, կերէք ինչ որ ձեզի հրամցնեն։
9Բուժեցէք հիւանդները այն քաղաքին եւ ըսէք՝ ՛Աստուծոյ Արքայութիւնը հասած է ձեզի՛։