Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Տեսին ամենայն ծագք երկրի զփրկութիւն Աստուծոյ մերոյ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Օրհնեցէք զՏԷր յօրհնութիւն նոր, զի սքանչելիս արար:
Ընթերցուածներ
Գաղատացիներուն 2, 20 - 3, 11
20Այլեւս ես չեմ որ կ՚ապրիմ, այլ՝ Քրիստոս կ՚ապրի իմ մէջս։ Կ՚ապրիմ ներկայ կեանքս, հաւատքին մէջ Աստուծոյ Որդիին, որ զիս սիրեց եւ ինքզինքը զոհեց ինծի համար։
21Աստուծոյ պարգեւը ապարդիւն չեմ հաներ։ Իսկ եթէ արդարութիւնը Օրէնքէն է, ուրեմն Քրիստոս ի զուր մեռաւ։
1Ո՛վ անմիտ Գաղատացիներ, ո՞վ ձեզ հրապուրեց։ Ձեր աչքերուն առջեւ նկարուեցաւ Քրիստոս՝ խաչ եղած։
2Կ՚ուզեմ միայն ասիկա գիտնալ ձեզմէ. արդեօք դուք Հոգին առիք որովհետեւ Օրէ՞նքը գործադրեցիք, թէ որովհետեւ հաւատացիք մեր քարոզութեան։
3Այնքան անմի՞տ էք ուրեմն որ Հոգիով սկսաք եւ հիմա կը վերջացնէք մարմինով։
4Մի՞թէ ի զո՞ւր այնքան նեղութիւններ կրեցիք. անշուշտ ի զո՛ւր է։
5Աստուած Հոգին տուաւ ձեզի, ի նպաստ ձեզի հրաշքներ բազմապատկեց, որովհետեւ Օրէ՞նքը պահեցիք կամ որովհետեւ կը հաւատաք քարոզութեան։
6Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ եւ ասիկա անոր արդարութիւն համարուեցաւ։
7Լա՛ւ հասկցէք. Աբրահամի որդիներ են անոնք որ կը հաւատան։
8⟨…⟩ Գիրքը նախատեսելով թէ Աստուած հեթանոսները պիտի արդարացնէ հաւատքով, կանխաւ խոստացաւ Աբրահամի թէ. Քեզմով պիտի օրհնուին բոլոր ազգերը։
9Այսուհետեւ անոնք որ կը հաւատան՝ կ՚օրհնուին հաւատացեալ Աբրահամի հետ։
10Իսկ ամէն անոնք որ կը կառչին Օրէնքի գործերուն, ենթակայ են անէծքի, որովհետեւ գրուած է. Անիծեալ ըլլայ ով որ չի կապուիր Օրէնքի մէջ գրուած բոլոր պատուէրներուն եւ զանոնք չի գործադրեր։
11Թէ Օրէնքով ոչ ոք կ՚արդարանայ Աստուծոյ առջեւ, յայտնի է, քանի որ գրուած է՝ Արդարը հաւատքով պիտի ապրի։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Մարկոս 13, 24-37
24«Այն օրերու անձկութիւններէն ետք, արեւը պիտի խաւարի, լուսինը պիտի նսեմանայ։
25Աստղերը երկինքէն պիտի թօթափին եւ երկնային զօրութիւնները պիտի սասանին։
26Այն ատեն պիտի տեսնեն Մարդու Որդին որ կու գայ ամպերու մէջ, զօրութեամբ ու փառքով։
27Պիտի ղրկէ իր հրեշտակները եւ երկրի չորս կողմերէն պիտի հաւաքէ ընտրեալները, երկրի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը երկինքի։»
28«Դուք թզենիէն հասկցէք առակը, երբ անոր ոստերը կակղանան եւ տերեւները ցցուին, գիտէք որ ամառը մօտալուտ է։
29Նոյնպէս, երբ տեսնէք այս նշանները, գիտցէք որ Մարդու Որդին մօտեցած է, ձեր դռներուն առջեւն է։
30Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, այս սերունդը պիտի չանցնի մինչեւ այս ամէնը կատարուի։
31Երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին բայց իմ խօսքերս պիտի չանցնին։
32Բայց այն օրն ու ժամը ոչ ոք գիտէ. ո՛չ հրեշտակները երկինքի մէջ, ո՛չ ալ Որդին, այլ՝ միայն Հայրը։»
33«Զգո՛յշ եղէք, հսկեցէ՛ք, որովհետեւ չէք գիտեր թէ ե՞րբ է ժամը։
34Ինչպէս մարդ մը որ կը մեկնի ճամբորդութեան, կը թողու իր տունը, ծառաներուն իշխանութիւն կու տայ եւ իւրաքանչիւրին՝ իր գործը, ու կը հրամայէ դռնապանին որ հսկէ։
35Հսկեցէ՛ք ուրեմն, քանի որ չէք գիտեր թէ ե՞րբ պիտի գայ տանտէրը, իրիկո՞ւնը, կէս գիշերի՞ն, հաւախօսի՞ն կամ արշալոյսի՞ն։
36Թերեւս անակնկալօրէն հասնի ու ձեզ գտնէ քունի մէջ։ Ինչ որ ձեզի կ՚ըսեմ, ամենուն կ՚ըսեմ. հսկեցէ՛ք։»