Ժամամուտ
Սրբոց Աւետանաչացն Մատթէոսի, Մարկոսի, Ղուկասու եւ Յովհաննու, եւ Ղուկիանոսի քահանային, եւ սրբոց վկայիցն Տարագոսի, Պրոբոսի եւ Անդրոնոկոսի, եւ Պեղագեայ կուսին: Առաքեալք եւ վկայք Քրիստոսի Աստուծոյ. ամենակալ հոգւոյն զօրութեամբն զամենեսեան ընդհանուր յորդեգրութիւն կենաց կոչելով՝ միասնական սուրբ Երրորդութեանն յորդորեցին երգել փառս ի յաւիտեանս.ամէն: Ժամամուտ. Աւետարանեցէք օր ըստ օրէ զփրկութիւն նորա. պատմեցէք ի հեթանոսս զփառս նորա:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Օրհնեցէք զՏէր յօրհնութիւն նոր. օրհնեցէք զՏէր ամենայն երկիր: 1022
Ընթերցուածներ
Եփեսացիներուն 4, 7-13
7Ձեզմէ իւրաքանչիւրին տրուած է աստուածային շնորհքի իր բաժինը
8ըստ չափին Քրիստոսի պարգեւներուն։ Ասոր համար գրուած է. Ելաւ բարձունքները եւ գերիներու բազմութիւնը տարաւ եւ պարգեւներ բաժնեց մարդոց։
9Ի՞նչ կը նշանակէ «ելաւ», եթէ ոչ նաեւ իջաւ երկրի ստորային կողմերը։
10Եւ ան որ իջաւ, նոյնն է որ բարձրացաւ աւելի վեր քան ամէն երկինք, որպէս զի լիացնէ ամէն բան։
11Եւ ինք տուաւ պարգեւներ, որ ըլլան ոմանք առաքեալներ, ոմանք՝ մարգարէներ, ոմանք աւետարանիչներ, ոմանք հովիւներ կամ վարդապետներ,
12հաստատութեան համար սուրբերու առաքելութեան գործին, ի կառուցումն Քրիստոսի Մարմինին,
13մինչեւ որ ամէնքս հասնինք միութեան, միեւնոյն հաւատքին եւ միեւնոյն ճանաչումին մէջ Աստուծոյ Որդիին, կազմելու համար այն կատարեալ մարդը, որ կ՚իրականացնէ Քրիստոսի Լրումը։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Կացուսցես զնոսա իշխանս ընդ ամենայն երկիր. եւ յիշեսցի անուն քո ընդ ամենայն ազգս ազգաց:
Աւետարան
Ղուկաս 6, 13-19
13Յաջորդ առաւօտ, կանչեց իր աշակերտները եւ անոնցմէ ընտրեց տասներկու հոգի զորս Առաքեալներ կոչեց.
14Սիմոն, որուն Պետրոս անունը տուաւ եւ Անդրէաս՝ անոր եղբայրը, Յակոբ, Յովհաննէս, Փիլիպպոս, Բարթողիմէոս,
15Մատթէոս, Թովմաս, Յակոբ Աղփիայի որդին, Սիմոն Նախանձայոյզ,
16Յուդա, Յակոբի որդին եւ Յուդա Իսկարիովտացին, որ մատնիչ եղաւ։
17Անոնց հետ լեռնէն իջաւ ու կանգ առաւ դաշտի մը մէջ ուր հաւաքուած էին բազմաթիւ աշակերտներ եւ մարդիկ, որ եկած էին Հրէաստանէն, Երուսաղէմէն, Տիւրոսի եւ Սիդոնի կողմերէն՝ զինք լսելու
18եւ իրենց հիւանդութիւններէն բուժուելու համար։ Անոնք որ կը տառապէին պիղծ դեւերէն, կը բժշկուէին։
19Ամէնքը կը ջանային իրեն դպչիլ, որովհետեւ ոյժ մը կ՚ելլէր իրմէ եւ կը բժշկէր զանոնք։