Ժամամուտ
Ժամամուտ. Միածին Որդի եւ բանդ Աստուած, եւ անմահ էութիւն. որ յանձն առեր մարմնանալ ի սրբուհւոյ Աստուածածնէն եւ ի միշտ կուսէն. անփոփոխելիդ մարդ եղեալ խաչեցար Քրիստոս Աստուած, մահուամբ զմահ կոխեցեր. մինդ ի սրբոյ Երրորդութենէն փառաւորակից ընդ Հօր եւ ընդ սրբոյ Հոգւոյն, կեցո զմեզ: Քեզ վայելէ օրհնութիւն Աստուած ի Սիոն. Եւ քեզ տացին աղօթք յԵրուսաղէմ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ յարեար ի մեռելոց»:
Սաղմոս
Լուր աղօթից իմոց. Զի առ քեզ ամենայն մարմին եկեսցէ:
Ընթերցուածներ
Գաղատացիներուն 4, 1-18
1Արդ՝ ես կ՚ըսեմ. ցորքան ժամանակ ժառանգորդը տղայ է, ծառայէն աւելի բարձր չէ, թէպէտ տէրն է բոլոր ինչքերուն։
2Խնամակալներու եւ տնտեսներու հովանաւորութեան տակ է մինչեւ հօր կողմէ որոշուած թուականը։
3Մենք ալ, մեր տղայութեան շրջանին, ենթակայ էինք աշխարհի տարրերուն։
4Երբ հասաւ ժամանակներու լրումը, Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ կնոջմէ, մտաւ Օրէնքի տակ,
5որպէս զի ազատագրէ օրէնքի հպատակները եւ մեզի պարգեւէ որդեգրութեան շնորհքը։
6Քանի որ դուք որդիներ էք, Աստուած ղրկեց մեր սրտերուն մէջ իր Որդիին Հոգին, որ կ՚աղաղակէ՝ «Աբբա, Հայր»։
7Ուրեմն այսուհետեւ ծառայ չես, այլ՝ որդի. եթէ որդի՝ ուրեմն Աստուծոյ շնորհքով ժառանգորդ։
8Ատենօք, երբ կ՚անգիտանայիք Աստուած, ծառայեցիք անոնց որոնք բնութեամբ աստուածներ չէին։
9Բայց հիմա որ Աստուած ճանչցաք, կամ մանաւանդ՝ Աստուած ձեզ ճանչցաւ, ի՞նչպէս կը դառնաք այն անարժէք եւ անզօր տարրերուն եւ կ՚ուզէք վերստին անոնց ծառայել։
10Կը քննէք օրեր, ամիսներ, եղանակներ եւ տարիներ։
11Կը վախնամ թէ ի զուր վաստակած եմ ձեզի համար։
12Եղբայրնե՛ր, կ՚աղաչեմ, ինծի նմանեցէք, ինչպէս ես ձեզի նմանեցայ։ Երբեք չվշտացուցիք զիս։
13Գիտէք թէ հիւանդութիւն մը առիթ եղաւ ինծի, առաջին անգամ Աւետարանը քարոզելու ձեզի։
14Թէպէտ տկար մարմինս ձանձրութիւն մըն էր ձեզի, սակայն ո՛չ արհամարհանք ցոյց տուիք, ո՛չ ալ պժգանք, այլ՝ ընդունեցաք զիս իբրեւ Աստուծոյ հրեշտակը, իբրեւ Յիսուս Քրիստոս։
15Ո՞ւր է հիմա երբեմնի ձեր այն ուրախութիւնը։ Այս վկայութիւնը կու տամ ի նպաստ ձեզի. եթէ հնար էր, ձեր աչքն անգամ կը հանէիք եւ կու տայիք ինծի։
16Թշնամի՞ եղայ ձեզի՝ ճշմարտութիւնը ըսելով։ Այն մարդոց համակրանքը ձեզի լաւ մտքով չէ։
17Կ՚ուզեն բաժնել ձեզ ինձմէ, իրենց կապելու համար։
18Լաւ է նախանձախնդիր ըլլալ բարիին, սակայն միշտ եւ ո՛չ միայն այն ատեն երբ ձեր մէջն եմ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Յարութեան ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 4, 14-24
14Յիսուս Հոգիին զօրութեամբ Գալիլիա վերադարձաւ եւ անոր համբաւը շուտով տարածուեցաւ այն շրջանի բոլոր կողմերը։
15Կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ եւ ամէնքը կը փառաւորէին զինք։
16Յիսուս Նազարէթ եկաւ, ուր սնած էր եւ իր սովորութեան համաձայն, շաբաթ օրը մտաւ ժողովարան եւ ոտքի ելաւ ընթերցում ընելու։
17Տուին իրեն Եսայի մարգարէին գիրքը, բացաւ զայն եւ գտաւ այն տեղը ուր գրուած էր.
18Տիրոջ Հոգին վրաս է. որովհետեւ օծեց զիս եւ ղրկեց՝ քարոզելու Աւետարանը աղքատներուն գերիներուն՝ աւետելու ազատութիւն, կոյրերուն՝ աչքի լոյս, հարստահարուածներուն՝ ազատութիւն
19եւ հռչակելու Տիրոջ շնորհիքի տարին։
20Գիրքը փակեց, տուաւ պաշտօնեային ու նստաւ։ Ժողովարանին մէջ, ամէնքը իրենց աչքերը վրան սեւեռած էին։
21Սկսաւ ըսել անոնց. «Այսօր, այս գրուածքը զոր դուք լսեցիք՝ իրականացաւ։»
22Ամէնքը կը վկայէին իրեն ու կը հիանային շնորհքով օծուն խօսքերուն վրայ որ կ՚ելլէին անոր բերնէն։ Եւ կ՚ըսէին. «Մի՞թէ ասիկա Յովսէփի որդին չէ՞։»
23Յիսուս ըսաւ անոնց. «Անշուշտ պիտի ըսէք ինծի այս առածը. Բժի՛շկ, դուն քեզ բժշկէ՛. Ինչ որ լսեցինք որ ըրեր ես Կափառնաում, նոյնը հոս ըրէ, քու հայրենիքիդ մէջ։»
24Յետոյ աւելցուց. «Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, չկայ մարգարէ մը որ ընդունելի ըլլայ իր հայրենիքին մէջ։