Ժամամուտ
Սրբոյն Ղունկիանոսի հարիւրապետին, եւ Յովսեփայ Աստուածահօրն, եւ Յովսեփայ Արիմաթացւոյն, եւ բարեկամին Քրիստոսի Ղազարու, եւ քերցն նորա Մարթայի եւ Մարիամու: Առաքեալք եւ վկայք Քրիստոսի Աստուծոյ. ամենակալ հոգւոյն զօրութեամբն զամենեսեան ընդհանուր յորդեգրութիւն կենաց կոչելով՝ միասնական սուրբ Երրորդութեանն յորդորեցին երգել փառս ի յաւիտեանս.ամէն: Ժամամուտ. Զերկիւղածս Տեառն փառաւոր առնէ, որ երդնու ընկերի իւրում եւ ոչ ստէ: Տէր, ով կացցէ ի խորանի քում. կամ ով բնակեսցէ ի լեառն սուրբ քո:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Ա. Տիմոթէոսին 1, 12-17
12Գոհութիւն կը մատուցանեմ Անոր որ զօրացուց զիս Յիսուս Քրիստոսի, մեր Տիրոջ միջոցաւ, որ ըստ բաւականի հաւատարիմ համարեց զիս եւ կանչեց իր ծառայութեան,
13ես որ ատենօք հայհոյիչ էի եւ հալածող ու թշնամանող։ Սակայն գթութեան արժանացայ, որովհետեւ տգիտութեամբ եւ անհաւատութեամբ կը գործէի։
14Այլ մեր Տիրոջ շնորհքը առատացաւ մէջս հաւատքով եւ սիրով որ Յիսուս Քրիստոսի մէջ են։
15Ստոյգ է այս խօսքը եւ արժանի հաւատքի. Քրիստոս Յիսուս աշխարհ եկաւ փրկելու համար մեղաւորները, որոնց առաջինն եմ։
16Գթութիւն շնորհեց ինծի, որպէս զի նախ իմ մէջս յայտնէ իր համբերութիւնը եւ ապա դնէ զիս իբրեւ օրինակ անոնց որոնք պիտի հաւատան իրեն՝ յաւիտենական կեանքին համար։
17Այլ Թագաւորին յաւիտենից, անեղծ աներեւոյթ եւ միակ Աստուծոյ՝ պատիւ եւ փառք յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Կացուսցես զնոսա իշխանս ընդ ամենայն երկիր. եւ յիշեսցի անուն քո ընդ ամենայն ազգս ազգաց:
Աւետարան
Մատթէոս 27, 50-61
50Իսկ Յիսուս դարձեալ հզօր ձայնով աղաղակեց եւ հոգին աւանդեց։
51Եւ ահա, Տաճարին վարագոյրը վերէն մինչեւ վար երկուքի պատռուեցաւ։ Երկիրը շարժեցաւ, ժայռերը ճեղքուեցան եւ
52գերեզմանները բացուեցան ու բազմաթիւ արդար ննջեցեալներու մարմինները յարութիւն առին։
53Գերեզմաններէն ելլելով, Յիսուսի յարութենէն ետք, մտան սուրբ քաղաք եւ շատերու երեւցան։
54Ի տես երկրաշարժին եւ պատահածներուն, հարիւրապետը եւ զինուորները՝ որոնք հետը Յիսուսի պահպանութիւնը կ՚ընէին, երկիւղով լեցուեցան եւ ըսին. «Արդարեւ, ասիկա Աստուծոյ Որդին էր»։
55Բազմաթիւ կիներ կային այնտեղ, որոնք հեռուէն կը դիտէին։ Գալիլիայէն սկսեալ, անոնք հետեւած էին Յիսուսի եւ կը ծառայէին իրեն։
56Անոնց մէջ էր Մարիամ Մագդաղենացի, Մարիամ՝ մայրը Յակոբի եւ Յովսէփի եւ Զեբեդէոսի որդիներուն մայրը։
57Իրիկունը, Արիմաթիայէն հարուստ մարդ մը եկաւ Յովսէփ անունով, որ աշակերտած էր Յիսուսի։
58Այս մարդը գնաց գտաւ Պիղատոսը եւ խնդրեց Յիսուսի մարմինը։
59Պիղատոս հրամայեց որ մարմինը յանձնուի անոր։ Յովսէփ առաւ մարմինը, պատեց մաքուր վարշամակով մը
60եւ զետեղեց ժայռի մէջ փորուած նոր գերեզմանին մէջ՝ զոր ինք իրեն համար պատրաստած էր եւ գերեզմանին բերանը խոշոր քար մը գլորեց ու գնաց։
61Մարիամ Մագդաղենացի եւ միւս Մարիամ նստած էին գերեզմանին դիմաց։