Ժամամուտ
Սրբոյն Թէոդորիտոնի քահանային եւ Զենոնի զինաւորին, եւ Մակարայ, Եւդոքսիոսի եւ Ռոմելայ: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Բարի է խոստովան լինել Տեառն. սաղմոս ասել անուան քում, բարձրեալ: Պատմել առաւօտու զողորմութիւնս քո. եւ զճշմարտութիւնս քո ի գիշերի:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Ա. Տիմոթէոսին 5, 17-21
17Լաւ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին յարգանքի արժանի են, մանաւանդ անոնք որ կը յոգնին խօսքին ու վարդապետութեան համար։
18Արդարեւ Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. Կալոտի եզին բերանը մի կապեր եւ Մշակը արժանի է իր վարձքին։
19Երէցի դէմ ամբաստանութիւն մի՛ ընդունիր եթէ ոչ երկու կամ երեք վկաներով։
20Յանցաւորները յանդիմանէ հրապարակաւ ամենուն ներկայութեան, որպէս զի միւսները պատկառին։
21Վկայութիւն կը դնեմ Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի եւ սուրբ հրեշտակներուն առջեւ, որ քեզի գրածներս գործադրես անկողմնակալութեամբ եւ առանց նախասիրութեան։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Մարտիրոսաց ի ձայնէն.
Աւետարան
Մատթէոս 10, 26-33
26«Մի՛ վախնաք ուրեմն անոնցմէ։ Չկայ ծածուկ բան մը որ չյայտնուի, կամ գաղտնիք՝ որ չգիտցուի։
27Ինչ որ ես խաւարին մէջ կ՚ըսեմ ձեզի, դուք լոյսին մէջ յայտարարեցէք։ Ինչ որ ականջին ի վար փսփսալով ըսուի ձեզի, դուք տանիքներու վրայ քարոզեցէք։
28Մի՛ վախնաք անոնցմէ որ մարմինը կը սպաննեն, բայց հոգին չեն կրնար սպաննել։ Դուք վախցէք անկէ, որ հոգին ու մարմինը կրնայ գեհենի մէջ գահավիժել։
29Երկու ճնճղուկ մէկ դահեկանի չե՞ն ծախուիր. եւ սակայն անոնցմէ եւ ոչ մէկը գետին չ՚իյնար առանց ձեր Հօր կամքին։
30Իսկ դուք, ձեր մազերն անգամ համրուած են։
31Դուք ուրեմն աւելի կ՚արժէք քան բոլոր ճնճղուկները։
32Ով որ զիս դաւանի մարդոց առջեւ, ես ալ զինք պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ, որ երկինքն է։
33Իսկ ով որ զիս ուրանայ մարդոց առջեւ, ես ալ զինք պիտի ուրանամ Հօրս առջեւ, որ երկինքն է։»