Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Կեցո զծառայս քո Աստուած իմ, որ ի քեզ յուսացայ: Ողորմեա ինձ Տէր, զի առ քեզ աղաղակեցի զօրհանապազ. ուրախ արա զանձն ծառայի քոյ, զի առ քեզ Տէր համբարձի զանձն իմ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Գաղատացիներուն 4, 19 - 5, 1
19Որդեակնե՛րս, զորս դարձեալ կը ծնիմ տառապանքներուս մէջ, մինչեւ որ Քրիստոս նկարուի ձեր սրտերուն մէջ,
20կ՚ուզէի հիմա ձեր մօտ գալ եւ փոխել իմ խօսքերս, որովհետեւ տարակոյսներ ունիմ ձեր մասին։
21Ըսէ՛ք ինծի, դուք որ կ՚ուզէք Օրէնքին ենթարկուիլ, չէ՞ք կարդացած Օրէնքը։
22Գրուած է թէ Աբրահամ երկու որդիներ ունեցաւ, մին՝ աղախինէն եւ միւսը՝ ազատ կնոջմէ։
23Այն որ աղախինէն էր, ծնած էր մարմինի համաձայն, իսկ ան որ ազատ կնոջմէն՝ խոստումին համաձայն։
24Այլաբանութիւն մըն է ասիկա՝ որովհետեւ ասոնք երկու կտակարաններն են։ Մէկը Սինա լեռնէն, ծնաւ ծառայութեան.
25ասիկա Հագարն է, որովհետեւ Սինա Արաբիոյ մէջն է եւ կը համապատասխանէ ներկայ Երուսաղէմի, որ իր որդիներով՝ ծառայ է։
26Իսկ վերին Երուսաղէմը, ազատ է, մեր մայրն է,
27որովհետեւ գրուած է. Ուրախացի՛ր, ամուլ, որ չէիր ծնէր, պոռթկա՛ ուրախութեան ճիչեր, դուն որ երկունքին ցաւերը չէիր գիտեր, որովհետեւ բազմաթիւ են լքեալին զաւակները, աւելի բազմաթիւ քան զաւակները ամուսինին։
28Արդ, դուք եղբայրներ, Իսահակի նման խոստումի որդիներ էք։
29Բայց ինչպէս այն ատեն ըստ մարմինի ծնածը կը հալածէր ըստ հոգիին ծնածը, այնպէս ալ հիմա։
30Իսկ ի՞նչ կ՚ըսէ Սուրբ Գիրքը. Արտաքսէ՛ աղախինն ու անոր զաւակը, որպէս զի չժառանգէ ազատ կնոջ որդիին հետ։
31Այսպէս ուրեմն, եղբայրնե՛ր, մենք աղախինի զաւակներ չենք, այլ ազատ կնոջ։
1Քրիստոս մեզ ազատագրեց, որպէս զի ազատ մնանք։ Հաստատ կեցէք եւ ստրկութեան լուծին մի՛ ենթարկուիք։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 4, 31-41
31Յիսուս իջաւ Գալիլիա, Կափառնաում քաղաքը եւ շաբաթ օրերը կը սորվեցնէր անոնց։
32Ամէնքը զարմացած էին անոր վարդապետութեան վրայ, որովհետեւ հեղինակութեամբ կը խօսէր։
33Ժողովարանին մէջ մարդ մը կար, որ բռնուած էր պիղծ դեւէ եւ բարձր ձայնով աղաղակեց.
34«Յիսուս Նազովրեցի, ինչո՞ւ միջամուխ կ՚ըլլաս, դուն եկած ես մեզ կործանելո՞ւ։ Գիտեմ ով ես. Աստուծոյ սուրբը։»
35Յիսուս սաստեց անոր եւ ըսաւ. «Պապանձէ՛ եւ ե՛լ այդ մարդէն։» Դեւը ամենուն առջեւ մարդը գետին զարկաւ եւ ելաւ անկէ, առանց անոր վնասելու։
36Ամէնքը վախով լեցուած էին եւ իրարու կ՚ըսէին. «Ի՞նչ է այս խօսքը, որ իշխանութեամբ եւ զօրութեամբ կը հրամայէ պիղծ դեւերուն եւ կ՚ելլեն։»
37Յիսուսի համբաւը տարածուեցաւ այն շրջանի բոլոր կողմերը։
38Ժողովարանէն մեկնեցաւ եւ եկաւ Սիմոնի տունը։ Սիմոնի զոքանչը կը տառապէր ջերմէ եւ աղաչեցին Յիսուսի, որ բան մը ընէր անոր համար։
39Յիսուս անոր քով եկաւ, սաստեց ջերմին, որ իսկոյն թողուց զինք։ Ոտքի ելաւ եւ կը ծառայէր անոնց։
40Մայրամուտէն ետք, բոլոր անոնք որ տեսակ տեսակ հիւանդ ունէին, բերին զանոնք Յիսուսի։ Եւ Յիսուս ձեռք դրաւ անոնց վրայ եւ բուժեց զանոնք։
41Բազմաթիւ դեւեր կ՚ելլէին անոնց մէջէն եւ կ՚աղաղակէին. «Դուն ես Աստուծոյ Որդին։» Բայց Յիսուս կը սաստէր զանոնք եւ չէր թողուր որ խօսէին, որովհետեւ անոնք գիտէին թէ ինք Քրիստոսն էր։