Ժամամուտ
Սրբոց Խարիթեանց տասն հազար եւ երկերիւր մարտիրոսացն, եւ Արտեմեայ վկային: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Պատուական է առաջի Տեառն մահ սրբոց իւրոց. ո՛ Տէր, ես ծառայ քո եմ, ծառայ եւ որդի աղախնոյ քոյ: Հաւատացի զոր եւ խօսեցայ. եւ ես խոնարհ եղէ յոյժ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Ա. Թեսաղոնիկեցիներուն 2, 13-20
13Ասոր համար մենք անդադար գոհութիւն կը մատուցանենք Աստուծոյ, քանի որ դուք՝ լսելէն ետք Աստուծոյ խօսքը զոր ձեզի քարոզեցինք, ընդունեցաք զայն ո՛չ իբրեւ մարդկային խօսք մը, այլ՝ ճշմարտապէս, որպէս Աստուծոյ Խօսքը։ Ան մնաց ձեր մէջ կենսունակ, որովհետեւ դուք հաւատացիք։
14Դո՛ւք, եղբայրնե՛ր, նմանեցաք Աստուծոյ եկեղեցիներուն որ են Հրէաստան եւ կը հաւատան Յիսուս Քրիստոսի, քանի որ ձեր հայրենակիցներէն կրեցիք նոյն հալածանքները զորս անոնք կրեցին Հրեաներէն.
15ասոնք էին որ սպաննեցին Տէր Յիսուսը եւ մարգարէները, մեզ հալածեցին, անհաճոյ եղան Աստուծոյ, թշնամի՝ բոլոր մարդոց,
16երբ արգելք կը դնեն մեզի փրկութիւնը քարոզելու հեթանոսներուն եւ այսպէս միշտ կը լրացնեն չափը իրենց մեղքին. բայց Աստուծոյ բարկութիւնը ի սպառ իջաւ անոնց վրայ։
17Եւ մենք, եղբայրնե՛ր, թէպէտ ժամանակի մը համար զրկուեցանք ձեզմէ թէեւ դէմքով, բայց ո՛չ սրտով, աւելի մեծ ջանք թափեցինք շուտով ձեզ տեսնելու. այնքան վառ էր մեր փափաքը։
18Ուզեցինք ձեզի գալ. ես ինք Պօղոս, շատ անգամներ փորձեցի, սակայն սատանան արգելք եղաւ։
19Ո՞վ է մեր յոյսը, մեր ուրախութիւնը, մեր պսակը որով հպարտ ենք, եթէ ոչ դո՛ւք՝ մեր Տիրոջ առջեւ, անոր Գալստեան օրը։
20Այո՛, դուք էք մեր փառքը եւ մեր ուրախութիւնը։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Մարտիրոսաց ի ձայնէն.
Աւետարան
Յովհաննէս 15, 11-16
11Ասիկա ըսի ձեզի, որպէս զի իմ ուրախութիւնս մնայ ձեր մէջ եւ ձեր ուրախութիւնը ըլլայ կատարեալ։
12Ահաւասիկ իմ պատուիրանս. սիրեցէ՛ք զիրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։
13Չկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար։
14Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընէք ինչ որ ձեզի կը պատուիրեմ։
15Չեմ կոչեր ձեզ ծառաներ, որովհետեւ ծառան կ՚անգիտանայ իր Տիրոջ գործերը։ Ես կոչեցի ձեզ բարեկամներս, որովհետեւ ինչ որ լսեցի Հօրմէս, զայն սորվեցուցի ձեզի։
16Դուք չէք որ ընտրեցիք զիս, այլ ես ձեզ ընտրեցի եւ հաստատեցի, որպէս զի դուք երթաք եւ պտուղ տաք, եւ ձեր պտուղը մնայ, եւ ինչ որ խնդրէք Հօրմէն իմ անունովս՝ տայ ձեզի։