Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Տեսին ամենայն ծագք երկրի զփրկութիւն Աստուծոյ մերոյ: Օրհնեցէք զՏԷր յօրհնութիւն նոր, զի սքանչելիս արար:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Գաղատացիներուն 5, 2-15
2Ես՝ Պօղոս, ձեզի կ՚ըսեմ. եթէ թլփատուիք, Քրիստոս ձեզի համար օգտակարութիւն չունի
3եւ կը հաստատեմ թէ ամէն մարդ որ կը թլփատուի, պարտի Օրէնքը ամբողջութեամբ պահել։
4Դուք խզեցիք Քրիստոսի հետ եւ զրկուեցաք անոր շնորհքէն, քանի որ արդարութիւն կը փնտռէք Օրէնքի մէջ։
5Իսկ մենք, Հոգւոյն զօրութեամբը, հաւատքէն կը սպասենք յուսացուած արդարութիւնը։
6Քրիստոսի մէջ ո՛չ թլփատութիւնը արժէք ունի եւ ո՛չ ալ անթլփատութիւնը, այլ՝ հաւատքը, որ կը գործէ սիրով։
7Լաւ էր ձեր ընթացքը, ո՞վ կասեցուց ձեր հնազանդութիւնը ճշմարտութեան։
8Այն հրապոյրները չեն գար Անկէ որ ձեզ կանչեց։
9Քիչ մը խմոր, ամբողջ զանգուածը կը խմորէ։
10Ես յոյս ունիմ ձեր վրայ Տէրամբ թէ դուք ուրիշ կերպ չէք խորհիր. իսկ ձեր մէջ խռովութիւն սերմանողը ո՛վ որ ալ ըլլայ, պիտի կրէ իր դատապարտութիւնը։
11Եղբայրնե՛ր, եթէ ես տակաւին թլփատութիւնը կը քարոզեմ, ինչո՞ւ հալածուած եմ։ Վերջացա՞ւ ուրեմն խաչին գայթակղութիւնը։
12Երանի՛ թէ իրենց արմատներէն կորուէին անոնք որ ձեզ կը խռովեն։
13Իսկ դուք, եղբայրնե՛ր, կանչուած էք ազատութեան, միայն թէ ձեր ազատութիւնը առիթ չըլլայ մարմինին ազատութեան։ Սիրով իրարու ծառայեցէք։
14Որովհետեւ բոլոր Օրէնքը բովանդակուած է մէկ պատուիրանի մէջ. Պիտի սիրես ընկերդ քու անձիդ պէս։
15Իսկ եթէ զիրար խածատէք եւ զիրար բզքտէք, զգոյշ եղէք, թերեւս զիրար կործանէք։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 5, 17-26
17Օր մը երբ Յիսուս կը սորվեցնէր եւ ունկնդիրներուն մէջ կային Փարիսեցիներ, Օրէնքի վարդապետներ որոնք եկած էին Գալիլեայէն, Հրէաստանի քաղաքներէն ու Երուսաղէմէն եւ Տիրոջ զօրութիւնը բուժումներ ընել կու տար իրեն։
18Մարդիկ եկան, որոնք մահիճի մէջ անդամալոյծ մը բերին եւ փորձեցին զինք ներս մտցնել եւ Յիսուսի առջեւ դնել։
19Բազմութեան պատճառով, չգիտցան ուրկէ մտցնել. ուստի տանիք ելան, կղմինտրները քակեցին եւ պատգարակով հիւանդը իջեցուցին մէջտեղ՝ Յիսուսի առջեւ։
20Տեսնելով անոնց հաւատքը, Յիսուս ըսաւ. «Մեղքերդ ներուած են։»
21Դպիրներն ու Փարիսեցիները սկսան մտածել եւ ըսել. «Ո՞վ է ասիկա որ այսպիսի հայհոյութիւններ կը խօսէ. Աստուծմէ զատ ո՞վ կրնայ մեղքեր ներել։»
22Յիսուս գիտնալով անոնց մտածումները, ըսաւ անոնց. «Ինչո՞ւ այդպէս կը խորհիք ձեր սրտերուն մէջ։
23Ի՞նչ բան աւելի դիւրին է. ըսե՞լ, մեղքերդ ներուած են, կամ ըսել՝ ոտքի ել ու քալէ՛։
24Բայց որպէս զի գիտնաք թէ Մարդու Որդին երկրի վրայ իշխանութիւն ունի մեղքերը ներելու, ըսաւ անդամալոյծին. Կը հրամայեմ քեզի, ոտքի ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ եւ գնա տունդ՛։»
25Մարդը անոնց առջեւ իսկոյն կանգնեցաւ, առաւ մահիճը եւ գնաց իր տունը՝ փառք տալով Աստուծոյ։
26Ամէնքը զարմացած էին եւ փառք կու տային Աստուծոյ, որովհետեւ լեցուած էին երկիւղով ու կ՚ըսէին. «Այսօր նոր նշան մը տեսանք։»