Ժամամուտ
Սրբոյն Դեմետրեայ վկային եւ Բասիլիսկոսի քահանային: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Պարծեսցին սուրբքն փառօք եւ ցնծասցեն ի հանգիստս իւրեանց. եւ բարձր արասցեն զԱստուած բերանովք իւրեանց: Օրհնեցէք զՏէր յօրհնութիւն նոր. օրհնութիւն նմա յեկեզեցիս սրբոց:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Տիտոսին 3, 3-8
3Որովհետեւ մենք ալ ատենօք անմիտներ էինք, ըմբոստ, մոլորած, ստրուկ ցանկութիւններու եւ հաճոյքներու, կ՚ապրէինք չարութեան եւ նախանձի մէջ, ատելի եւ իրարու հանդէպ ատելութեամբ լեցուած։
4Իսկ երբ յայտնուեցան Աստուծոյ մեր Փրկիչին բարութիւնն ու սէրը մարդոց հանդէպ,
5ան փրկեց մեզ վերածնունդի աւազանով եւ նորոգութեամբ Սուրբ Հոգիին,
6ո՛չ թէ մեր կատարած արդարութեան գործերուն համար, այլ՝ միայն իր գթութեամբ։ Մեր Փրկչին, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, առատօրէն զեղուց այդ Հոգին մեր սրտերուն մէջ,
7որպէս զի արդարացած Քրիստոսի շնորհքով, յոյսով ընդունինք յաւիտենական կեանքի ժառանգութիւնը։
8Հաւատարիմ է խօսքս եւ կուզեմ որ դուն անոր մէջ մնաս հաստատ, որպէս զի Աստուծոյ հաւատացողները, ձիգ թափեն տիրանալու բարի գործերու։ Ասիկա բարին է եւ օգտակարը մարդոց։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Աւետարան
Մարկոս 13, 9-13
9Զգոյշ եղէք, ձեզ պիտի մատնեն դատարաններու եւ ժողովարաններու, պիտի ձաղկեն ձեզ, պիտի հանեն դատաւորներու եւ թագաւորներու առջեւ՝ իմ պատճառովս, անոնց դիմաց վկայութիւն տալու համար։
10Բայց անկէ առաջ պէտք է որ Աւետարանը քարոզուի բոլոր ազգերուն։»
11«Երբ տանին ձեզ յանձնելու, կանխաւ մի՛ մտահոգուիք թէ ի՞նչ պիտի ըսէք. այլ նոյն ժամուն ինչ որ ներշնչուի ձեզի՝ այն խօսեցէք, որովհետեւ դուք չէք որ պիտի խօսիք, այլ՝ Սուրբ Հոգին։
12Եղբայրն իր եղբայրը մահուան պիտի մատնէ, հայրն՝ իր որդին, զաւակները պիտի ըմբոստանան իրենց ծնողներուն դէմ եւ պատնուք մահուան դատապարտել պիտի տան։
13Իմ պատճառովս ամէնքը ձեզ պիտի ատեն։ Բայց ով որ մինչեւ վերջ համբերէ, ան պիտի փրկուի։»