Ժամամուտ
Առաջի պատուական ամենայաղթ խաչի քոյ անկանիմք երկրպագելով, եւ խնդրեմք զթողութիւն յանցանաց մերոց. քանզի սովաւ բարձեր զդատապարտութիւն ազգի մարդկան: Եւ այժմ վասն սրբոյ աստուածային քոյ նշանի շնորհեա զերկնային զխաղաղութիւնդ ամենայն աշխարհի: Ժամամուտ. Նշանեցաւ առ մեզ լոյս երեսաց քոց. Եւ ետուր ուրախութիւն սրտից մերոց: Ի կարդալ իմում լուար ինձ Աստուած. Ի նեղութեան ինձ անդորր արարեր. Ողորմեա ինձ եւ լուր աղօթից իմոց:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Ա. Կորնթացիներուն 1, 18-24
18Խաչի լեզուն յիմարութիւն է անոնց համար որ կը կորսուին. բայց անոնց համար որ կը փրկուին՝ ան Աստուծոյ զօրութիւնն է։
19Որովհետեւ գրուած է. Պիտի կործանեմ իմաստուններու իմաստութիւնը, պիտի մերժեմ խելացիներուն խորհուրդները։
20Ո՞ւր է իմաստունը, ո՞ւր է բանգէտը։ Ո՞ւր է աշխարհի սոփեստը։ Աստուած յիմարեցուց աշխարհի իմաստութիւնը։
21Քանի որ աշխարհը իմաստութեամբ չճանչցաւ Աստուած, Աստուծոյ իմաստութեան մէջ, ասոր համար Աստուած հաճեցաւ քարոզութեան յիմարութեամբ փրկել հաւատացեալները։
22Իսկ որովհետեւ Հրեաները նշան կը խնդրեն եւ հեթանոսները իմաստութիւն կը փնտռեն,
23մենք կը քարոզենք խաչուած Քրիստոսը, Հրեաներուն համար՝ գայթակղութիւն, իսկ հեթանոսներուն համար՝ յիմարութիւն։
24Իսկ անոնց, որոնք կանչուած են, Հրեայ թէ հեթանոս, անոնց կը քարոզենք Քրիստոս՝ Աստուծոյ զօրութիւն եւ Աստուծոյ իմաստութիւն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Տուր զօրութիւն ծառայի քոյ. Կեցո զորդի աղախնոյ քոյ. Եւ արա առ իս նշան բարութեան:
Աւետարան
Մատթէոս 24, 27-36
27Ինչպէս փայլակը կը մեկնի Արեւելքէն եւ կը շողայ մինչեւ Արեւմուտք, այնպէս պիտի ըլլայ գալուստը Մարդու Որդիին.
28Ուր գէշն է, հոն կը հաւաքուին արծուիկները։
29Այն օրերու անձկութիւններէն ետք, արեւը պիտի խաւարի, լուսինը պիտի տժգունի, երկինքէն աստղերը պիտի թօթափին եւ զօրութիւնները պիտի խախտին։
30Այն ա տեն երկինքի վրայ պիտի յայտնուի Մարդու Որդիին նշանը։ Այն ատեն երկրի ազգերը իրենց կուրծքը պիտի բախեն եւ պիտի տեսնեն Մարդու Որդին որ կու գայ երկինքի ամպերու վրայ իր ամբողջ զօրութեամբ եւ փառքով։
31Պիտի ղրկէ իր հրեշտակները մեծ փողերով՝ հաւաքելու համար ընտրեալները աշխարհի չորս կողմերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը։
32Թզենիէն սորվեցէ՛ք առակը։ Երբ անոր ոստերը թարմանան եւ տերեւները ցցուին, գիտէք որ ամառը մօտ է։
33Նմանապէս դուք, երբ տեսնէք այն բոլոր նշանները, գիտցէ՛ք որ Մարդու Որդին մօտեցած է, ձեր դռներու առջեւն է։
34Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, այս սերունդը պիտի չանցնի մինչեւ որ այս ամէնը չկատարուի։
35Երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս պիտի չանցնին։»
36«Բայց օրն ու ժամը ո՛չ ոք գիտէ, ո՛չ հրեշտակները երկինքի մէջ, ո՛չ Որդին, այլ՝ մի միայն Հայրը։