Ժամամուտ
Սրբոց Հիպերիքեանց: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Պատուական է առաջի Տեառն մահ սրբոց իւրոց. ո’ Տէր, ես ծառայ քո եմ, ծառայ եւ որդի աղախնոյ քոյ: Հաւատացի զոր եւ խօսեցայ. եւ ես խոնարհ եղէ յոյժ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Բ. Կորնթացիներուն 4, 6-11
6Արդարեւ Աստուած ըսաւ՝ լոյս թող ծագի խաւարէն, եւ ծագեց լոյսը մեր սրտին մէջ, որպէս զի փայլի գիտութիւնը Աստուծոյ փառքին, որ Քրիստոսի դէմքին վրայ է։
7Մենք այս գանձը կը կրենք խեցեղէն անօթներու մէջ, որպէս զի յայտնի ըլլայ թէ այդ արտակարգ զօրութիւնը Աստուծմէ է եւ ոչ թէ մեզմէ։
8Ճնշուած ենք ամէն կողմէ, բայց ոչ՝ ընկճուած. գիտենք միշտ յուսալ եւ երբեք չյուսահատիլ։
9Հալածուած ենք, բայց ոչ՝ լքուած. չարչարուած՝ բայց ոչ մեռած։
10Կը կրենք ամէնուրեք եւ միշտ մեր մարմիններուն մէջ՝ Յիսուսի մահուան չարչարանքները, որպէս զի Յիսուսի կեանքն ալ յայտնուի մեր մարմիններուն մէջ։
11Թէպէտ ողջ ենք, սակայն անդադար մատնուած ենք մահուան, Յիսուսի համար, որպէս զի Յիսուսի կեանքը յայտնուի մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Մարտիրոսաց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 10, 21-24
21Նոյն ժամուն Յիսուս ցնծաց Սուրբ Հոգիով եւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլաս, Հայր, Տէր երկինքի եւ երկրի, որ ասիկա ծածկեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն եւ յայտնեցիր մանուկներուն։
22Այո՛, Հայր, որովհետեւ այսպէս հաճելի եղաւ քեզի։ Հայրս տուաւ ինծի ամէն բան եւ ոչ ոք գիտէ ով է Որդին եթէ ոչ Հայրը եւ ով է Հայրը՝ եթէ ոչ Որդին եւ ան՝ որուն Որդին ուզէ յայտնել։»
23Յետոյ աշակերտներուն դառնալով, առանձին ըսաւ անոնց. «Երանի՛ աչքերուն, որ կը տեսնեն ինչ որ դուք կը տեսնէք։
24Կ՚ըսեմ ձեզի, շատ մարգարէներ եւ թագաւորներ ցանկացան տեսնել ինչ որ դուք կը տեսնէք՝ ու չտեսան, լսել ինչ որ դուք կը լսէք՝ եւ չլսեցին։»