Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Կեցո զծառայս քո Աստուած իմ, որ ի քեզ յուսացայ: Ողորմեա ինձ Տէր, զի առ քեզ աղաղակեցի զօրհանապազ. ուրախ արա զանձն ծառայի քոյ, զի առ քեզ Տէր համբարձի զանձն իմ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Գաղատացիներուն 5, 16-26
16Արդ՝ ես կ՚ըսեմ ձեզի. Հոգիով առաջնորդուեցէք եւ ցանկութիւններու գոհացում մի՛ տաք։
17Որովհետեւ մարմինը Հոգիին հակառակ կը ցանկայ եւ Հոգին՝ մարմինին. երկուքին միջեւ ընդդիմամարտութիւն կայ, այնպէս որ չէք ըներ ինչ որ պիտի ուզէիք ընել։
18Եթէ Հոգիով առաջնորդուած էք, Օրէնքի չէք ենթարկուած։
19Գիտենք մարմինին գործերը. Շնութիւն, պոռնկութիւն, պղծութիւն, գիջութիւն,
20կռապաշտութիւն, կախարդութիւն, թշնամութիւն, հեռ,
21նախանձ, ⟨…⟩ութիւն, հակառակութիւն, երկպառակութիւն, հերձուած, ⟨…⟩ութիւն, սպանութիւն, արբեցութիւն, անառակութիւն եւ ինչ որ ասոնց նման է։ Կը զգուշացնեմ ձեզ եւ ինչպէս որ կանխաւ ըսած էի, այս մեղքերը գործողները պիտի չժառանգեն Աստուծոյ Արքայութիւնը։
22Իսկ Հոգիին պտուղն է սէր, ուրախութիւն, հաւատք, հեզութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, քաղցրութիւն,
23բարութիւն, ժուժկալութիւն. ասոնց հակառակ օրէնք չկայ։
24Անոնք որ Քրիստոս Յիսուսի կը պատկանին, խաչած են իրենց մարմինն եւ ասոր կիրքերն ու ցանկութիւնները։
25Եթէ կ՚ապրինք Հոգիով, ընթանանք նոյն Հոգիին համաձայն։
26Չփնտռենք սնապարծութիւնը զիրար գրգռելով, իրարու նախանձելով։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 7, 36-50
36Փարիսեցի մը ճաշի հրաւիրեց զինք։ Յիսուս մտաւ Փարիսեցիին տունը եւ բազմեցաւ սեղան։
37Քաղաքին մէջ, մեղաւոր կին մը երբ լսեց թէ Յիսուս Փարիսեցիին տունը ճաշի է, եկաւ եւ ներս մտաւ։ Հետը բերաւ ալապատրէ սրուակ մը, լեցուն անոյշ իւղերով։
38Լալագին կեցաւ Յիսուսի ետեւը՝ ոտքերուն քով, սկսաւ զանոնք թրջել իր արցունքներով, սրբել իր մազերով եւ համբուրել զանոնք եւ օծել անոյշ իւղերով։
39Ասիկա տեսնելով՝ Փարիսեցին, որ զինք հրաւիրած էր, ինքնիրեն կը մտածէր. «Եթէ այս մարդը մարգարէ ըլլար՝ պիտի գիտնար թէ ո՛վ է այս կինը, որ իրեն կը դպչի, քանի որ մեղաւոր կին մըն է։»
40Յիսուս ըսաւ անոր. «Սիմոն, ես ալ հարցում մը ունիմ քեզի ուղղելիք։» «Խօսէ՛, Վարդապետ», պատասխանեց Սիմոն։
41Յիսուս ըսաւ. «Փոխատու մը երկու պարտապաններ ունէր. մէկը կը պարտէր իրեն հինգ հարիւր դահեկան, միւսը՝ յիսուն։
42Եւ որովհետեւ չէին կրնար վճարել՝ երկուքին ալ շնորհեց։ Արդ՝ այս երկուքէն ո՞վ զինք աւելի պիտի սիրէ։»
43Սիմոն պատասխանեց. «Կը կարծեմ թէ ան՝ որուն աւելի շնորհեց։» «Լաւ դատեցիր», պատասխանեց Յիսուս։
44Կնոջ դառնալով՝ ըսաւ Սիմոնին. «Կը տեսնե՞ս այս կինը։ Տունդ մտայ ու դուն ջուր չտուիր ինծի ոտքերս լուալու համար, ասիկա սակայն, իր արցունքներով լուաց զանոնք եւ իր մազերով սրբեց։
45Դուն համբոյրը չտուիր ինծի, իսկ ասիկա մտնելէն ի վեր ոտքերս կը համբուրէ։
46Դուն գլուխս չօծեցիր, իսկ ասիկա անուշահոտութեամբ ոտքերս օծեց։
47Ասոր համար կ՚ըսեմ քեզի, թէ այս կնոջ բազմաթիւ մեղքերը ներուեցան, քանի որ շատ սիրեց։ Որուն շատ ներուի, շատ կը սիրէ, իսկ ան՝ որուն քիչ կը ներուի, քիչ կը սիրէ։»
48Կնոջ դառնալով՝ Յիսուս ըսաւ. «Մեղքերդ ներուած են քեզի։»
49Հրաւիրեալները սկսան իրարու մէջ խորհիլ եւ ըսել. «Ո՞վ է ասիկա, որ նոյնիսկ մեղքերը կը ներէ։»
50Իսկ Յիսուս դարձեալ ըսաւ կնոջ. «Հաւատքդ քեզ փրկեց, գնա՛ խաղաղութեամբ։»