Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Տեսին ամենայն ծագք երկրի զփրկութիւն Աստուծոյ մերոյ: Օրհնեցէք զՏԷր յօրհնութիւն նոր, զի սքանչելիս արար:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Գաղատացիներուն 6, 1-13
1Եղբայրնե՛ր, եթէ ձեզմէ մէկը բռնուի որեւիցէ յանցանքի վրայ, դուք որ հոգեւոր էք, վերահաստատեցէ՛ք այնպիսին հոգիին հեզութեամբ։ Զգոյշ եղէք ձեր անձին, որովհետեւ դուք ալ կրնաք փորձուիլ։
2Իրարու բեռները տարէք եւ այսպէս Քրիստոսի Օրէնքը կը գործադրէք։
3Եթէ մէկը ինքզինք բան մը կարծէ, մինչդեռ յիրականին ոչինչ է, այնպիսին ինքզինքը կը խաբէ։
4Իւրաքանչիւրը թող քննէ իր ընթացքը եւ ինքնիր մէջ միայն եւ ո՛չ ուրիշի մէջ պիտի գտնէ պատճառ հպարտանալու։
5Որովհետեւ ամէն մարդ պարտի իր բեռը տանիլ։
6Աշակերտը, իր բոլոր բարիքներէն բաժին թող հանէ անոր որ իրեն Խօսքը կը սորվեցնէ։
7Դուք ձեզ մի՛ խաբէք. ո՛չ ոք կրնայ Աստուած հեգնել։
8Մարդ ինչ որ ցանէ, նոյնը կը հնձէ։ Ով որ իր մարմինին մէջ կը ցանէ, մարմինէն կը հնձէ ապականութիւն. ով որ հոգիին մէջ կը ցանէ, հոգիէն պիտի հնձէ յաւիտենական կեանքը։
9Չձանձրանանք բարիք գործելէ. հունձքը պիտի հասնի ժամանակին, եթէ չվհատինք։
10Այսպէս ուրեմն, ցորքան առիթն ունինք, բարիք ընենք ամենուն, մանաւանդ մեզի հաւատակից եղբայրներուն։
11Տեսէք իմ ձեռքովս որքան խոշոր տառեր գրեցի ձեզի։
12Մարդիկ որ կ՚ուզեն լաւ կերպարանքով ներկայանալ, թլփատութիւնը կը պարտադրեն ձեզի մի միայն որպէս զի Քրիստոսի խաչին չհետեւին։
13Որովհետեւ անոնք որ կը թլփատուին, Օրէնքը չեն պահեր եւ կ՚ուզեն որ դուք թլփատուիք որպէս զի ձեր մարմիններով պարծենան։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 8, 4-16
4Երբ մեծ բազմութիւն մը, եկած զանազան քաղաքներէ, շուրջը հաւաքուեցաւ, Յիսուս առակով ըսաւ.
5«Սերմանողը ելաւ սերմ ցանելու։ Ցանելու ժամանակ, հատիկներ ինկան ճամբուն եզերքը, ոտքի կոխան եղան եւ երկինքի թռչունները բոլորը կերան։
6Ուրիշ հատիկներ ինկան ապառաժի վրայ, բուսան եւ չորցան, որովհետեւ հիւթ չկար։
7Ուրիշ հատիկներ ինկան փուշերու մէջ եւ միասին աճելով՝ փուշերը խեղդեցին զանոնք։
8Ուրիշ հատիկներ ալ ինկան պարարտ հողի մէջ, բուսան եւ հարիւրապատիկ արդիւնք տուին։» Յետոյ Յիսուս բարձրաձայն աղաղակեց. «Ով որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ։»
9Աշակերտները խնդրեցին իրմէ այս առակին մեկնութիւնը։
10Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ձեզի տրուած է գիտնալ Աստուծոյ Արքայութեան խորհուրդները, մինչ միւսները միայն առակներն ունին, որպէս զի իրականանայ մարգարէութիւնը. Պիտի նային առանց տեսնելու, Պիտի լսեն առանց հասկնալու։
11Ահաւասիկ առակին իմաստը. ՛Սերմը Աստուծոյ Խօսքն է։
12Ճամբուն եզերքը ինկող հատիկները անոնք են՝ որ կը լսեն Աստուծոյ խօսքը, յետոյ կու գայ սատանան կը հանէ Խօսքը անոնց սրտէն, որպէս զի չհաւատան ու չփրկուին։
13Ապառաժի վրայ ինկողները անոնք են՝ որ երբ լսեն խօսքը, ուրախութեամբ կ՚ընդունին զայն, քանի որ արմատ չունին, կը հաւատան ժամանակի մը համար միայն եւ փորձութեան ատեն կը լքեն։
14Փուշերու մէջ ինկողները անոնք են՝ որ կը լսեն Խօսքը, սակայն ժամանակի ընթացքին՝ մտահոգութիւնները, հարստութիւնը, կեանքի հաճոյքները կը խեղդեն զայն եւ չեն թողուր որ հասուննայ։
15Իսկ պարարտ հողի մէջ ինկողները անոնք են՝ որ կը լսեն Խօսքը բարի եւ գուարթագին սրտով, կը պահեն զայն եւ յարատեւութեամբ արդիւնք կու տան։»
16«Ո՛չ ոք ճրագը վառելէ ետք կը թաքուցանէ զայն անկողինին կամ գրուանին տակ, այլ կը դնէ աշտանակի վրայ, որպէս զի մըտնողները լոյսը տեսնեն։