Ժամամուտ
Սրբոյն Բարղամու Անտիոքացւոյն, եւ Եօթն մանկանցն Եփեսոսի: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Արդարքն որպէս զարմաւենիս ծաղկեսցին. որպէս զմայրսն Լիբանանու բազում եղիցին: Բարի է խոստովան լինել Տեառն. եւ սաղմոս ասել անուան քում, բարձրեալ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 11, 32-40
32Եւ դեռ ի՞նչ ըսեմ, քանի որ ժամանակը բաւական չէ պատմելու Գեդէովնի, Բարակի, Սամսոնի, Յեփթայի, Դաւիթի, Սամուէլի եւ միւս մարգարէներուն մասին։
33Ասոնք իրենց հաւատքին զօրութեամբ, թագաւորութիւններ նուաճեցին, արդարութիւնը կատարեցին, խոստումներու իրականացում ընդունեցան, առիւծներու բերանը գոցեցին,
34կրակի զօրութիւնը մարեցին, սուրէն ազատեցան, զօրացան յետ հիւանդութեան, հերոսացան պատերազմի մէջ, օտարներու արշաւանքները ետ մղեցին,
35կիները իրենց մեռելները վերագտան՝ յարութեամբը։ Ոմանք կոշկոծուեցան, մերժելով իրենց ազատութիւնը, հասնելու համար լաւագոյն յարութեան։
36Ուրիշներ ծաղրուեցան ու գանահարուեցան, շղթայի զարնուեցան ու բանտարկուեցան։
37Քարկոծուեցան, սղոցուեցան, սուրով խողխողուեցան, թափառեցան՝ հագած այծի կամ ոչխարի մորթ, մերկ, հալածական եւ տառապագին։
38Աշխարհը անարժան էր անոնց, եղան վարատական անապատներու մէջ, լեռներու վրայ, երկրի քարայրներու եւ անձաւներու մէջ։
39Եւ ամէնքը, թէպէտ լաւ վկայութիւն ունէին իրենց հաւատքին մասին, սակայն չվայելեցին խոստումը,
40որովհետեւ Աստուած աւելի լաւ բախտ մը վերապահած էր մեզի, եւ անոնք, առանց մեզի պիտի չհասնէին կատարելութեան։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Մարտիրոսաց ի ձայնէն.
Աւետարան
Յովհաննէս 16, 1-5
1«Այս ամէնը խօսեցայ ձեզի, որպէս զի չգայթակղիք։
2Իրենց ժողովարաններէն պիտի արտաքսեն ձեզ։ Կու գայ ժամանակ երբ ով որ ձեզ սպաննէ պիտի համարի Աստուծոյ պաշտամունք ընծայել։
3Ասիկա պիտի ընեն ձեզի որովհետեւ չճանչցան ո՛չ Հայրը, ո՛չ ալ զիս։
4Բայց ես այս ամէնը ըսի ձեզի, որ երբ ժամանակը գայ, յիշէք որ արդէն ըսեր էի ձեզի։»
5«Սկիզբէն չըսի ձեզի այս ամէնը, որովհետեւ ձեզի հետ էի։ Հիմա կ՚երթամ անոր որ զիս ղրկեց, եւ ձեզմէ ոչ ոք կը հարցնէ՝ 'Ո՞ւր կ՚երթաս'։