Ժամամուտ
Ժամամուտ. Միածին Որդի եւ բանդ Աստուած, եւ անմահ էութիւն. որ յանձն առեր մարմնանալ ի սրբուհւոյ Աստուածածնէն եւ ի միշտ կուսէն. անփոփոխելիդ մարդ եղեալ խաչեցար Քրիստոս Աստուած, մահուամբ զմահ կոխեցեր. մինդ ի սրբոյ Երրորդութենէն փառաւորակից ընդ Հօր եւ ընդ սրբոյ Հոգւոյն, կեցո զմեզ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ յարեար ի մեռելոց»:
Սաղմոս
Քեզ վայելէ օրհնութիւն Աստուած ի Սիոն. Եւ քեզ տացին աղօթք յԵրուսաղէմ: Լուր աղօթից իմոց. Զի առ քեզ ամենայն մարմին եկեսցէ:
Ընթերցուածներ
Եփեսացիներուն 1, 1-14
1Պօղոս, Աստուծոյ կամքով առաքեալ Յիսուսի Քրիստոսի, Եփեսոսի սուրբերուն եւ Քրիստոս Յիսուսի հաւատացեալներուն։
2Ձեզի, շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծոյ մեր Հօր եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ։
3Օրհնեալ է Աստուած եւ Հայրը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, որ մեզ օրհնեց ամէն տեսակ հոգեւոր օրհնութիւններով ի Քրիստոս երկինքի մէջ։
4Աշխարհի հաստատութենէն առաջ Աստուած մեզ ընտրեց Քրիստոսի միջոցաւ, որպէս զի ըլլանք իր առջեւ սուրբ եւ անարատ՝ սիրով։
5Նախասահմանեց մեզ իր որդեգրութեան՝ Յիսուս Քրիստոսով։ Այս եղաւ Աստուծոյ կամքին հաճութիւնը,
6ի գովաբանութիւն իր շնորհքին փառքին, եւ մեզ երջանկացուց իր սիրելի Որդիին միջոցաւ։
7Քրիստոս տուաւ մեզի փրկութիւնը իր արիւնով եւ մեղքերու թողութիւնը
8առատութեամբ իր շնորհքին, զոր Աստուած շռայլեց մեզի, ամենայն իմաստութեամբ եւ գիտութեամբ։
9Յայտնեց մեզի իր կամքին խորհուրդը, ըստ իր հաճութեան եւ զոր կանխաւ դրած էր Քրիստոսի մէջ,
10իրականացնելու համար զայն ժամանակներու լրումին, եւ բովանդակելու՝ ամէն բան Քրիստոսով, թէ՛ երկնայինները, թէ՛ երկրայինները։
11Քրիստոսով մենք ընտրուեցանք եւ կանխաւ սահմանուեցանք ըստ առաջադրութեան Աստուծոյ, որ ամէն բան կը հովուէ իր կամքին համաձայն,
12ի գովաբանութիւն իր փառքին, անոնք որ կանխաւ յուսացին ի Քրիստոս։
13Դուք ալ, ճշմարտութեան խօսքը, ձեր փրկութեան Աւետարանը՝ լսելէ եւ անոր հաւատալէ ետք, Քրիստոսի մէջ դրոշմուեցաք կնիքով՝ խոստումի Հոգիին։ Այն Հոգիին
14որ գրաւականն է մեր ժառանգութեան եւ կը պատրաստէ փրկութիւնը ժողովուրդին, զոր Աստուած ընտրեց իր փառքին գովութեան համար։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Յարութեան ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 8, 17-21
17Չկայ գաղտնիք որ օր մը երեւան չելլէ եւ ո՛չ ալ ծածուկ բան մը որ չգիտցուի եւ չյայտնուի։
18Այսուհետեւ տեսէք թէ ինչպէս կը լսէք. որովհետեւ ունեցողին պիտի տրուի եւ չունեցողէն՝ ունեցածն ալ պիտի առնուի։»
19Յիսուսի մայրն ու եղբայրները եկան զինք տեսնելու, սակայն բազմութեան պատճառով չկրցան իրեն մօտենալ։
20Լուր բերին Յիսուսի թէ մայրդ ու եղբայրներդ դուրսն են եւ կ՚ուզեն քեզ տեսնել։
21Յիսուս պատասխանեց. «Իմ մայրս ու եղբայրներս անոնք են, որ կը լսեն Աստուծոյ Խօսքը եւ զայն կը գործադրեն։»