Ժամամուտ
Սրբոյն Ստեփանոսի Հռովմայ հայրապետին, քահանայից եւ սարկաւագաց եւ ժողովրդոց: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա:
Ընթերցուածներ
Եփեսացիներուն 3, 1-11
1Ասոր համար, ես Պօղոս, կալանաւորն եմ Քրիստոսի, ձեզի հեթանոսներուդ համար։
2Արդարեւ, դուք լսած էք շնորհքին տնտեսութիւնը զոր Աստուած ինծի վստահեցաւ ձեզի համար։
3Որովհետեւ յայտնութեամբ ցոյց տրուեցաւ ինծի խորհուրդը ինչպէս որ կանխաւ գրեցի ձեզի համառօտ կերպով,
4որպէս զի կարող ըլլաք կարդալ եւ իրազեկ ըլլալ ճանաչումին զոր ունիմ Քրիստոսի խորհուրդին մասին։
5Այս խորհուրդը չէր հաղորդուած նախորդ սերունդներու մարդոց, ինչպէս որ հիմա յայտնուած է Հոգւոյն միջոցաւ՝ Առաքեալներուն եւ մարգարէներուն։
6Հեթանոսները ընդունուած են նոյն ժառանգութեան, անդամներ են նոյն Մարմինին, մասնակից են նոյն խոստումին, շնորհիւ Յիսուս Քրիստոսի, Անոր աւետարանին միջոցաւ։
7Եւ ես այդ Աւետարանին պաշտօնեայ եղայ պարգեւներով շնորհքին՝ զոր Աստուած տուաւ ինծի իր զօրութեամբ.
8ինծի, որ յետինն եմ բոլոր սուրբերուն, տրուեցաւ շնորհքը աւետարանել հեթանոսներուն Քրիստոսի անքննելի հարստութիւնը,
9ցոյց տալ խորհուրդին տնտեսութիւնը, որ ի յաւիտենից թաքնուած էր Աստուծոյ մէջ, որ Արարիչն է ամէն բանի,
10որպէս զի երկնային իշխանութիւններն ու զօրութիւնները հիմա Եկեղեցւոյ միջոցաւ իմանան Աստուծոյ բազմապատիկ իմաստութիւնը
11յաւիտենական ծրագրով զոր պատրաստած էր մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մէջ,
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Աւետարան
Յովհաննէս 10, 11-16
11Ես եմ բարի հովիւը. բարի հովիւը իր կեանքը կը զոհէ ոչխարներուն համար.
12իսկ վարձկանը որ հովիւ չէ եւ որուն չեն պատկանիր ոչխարները, հազիւ տեսնէ թէ գայլը կու գայ, կը լքէ ոչխարները եւ կը փախչի։ Գայլը կը յափշտակէ զանոնք ու կը ցրուէ։
13Որովհետեւ վարձկան է, հոգ չ՚ընէր ոչխարներուն վրայ։
14Ես եմ բարի հովիւը, կը ճանչնամ իմ ոչխարներս եւ ոչխարներս զիս կը ճանչնան,
15ինչպէս Հայրը զիս կը ճանչնայ եւ ես Հայրը կը ճանչնամ, եւ կեանքս կու տամ ոչխարներուս համար։
16Ուրիշ ոչխարներ ալ ունիմ որոնք այս փարախէն չեն, պէտք է որ զանոնք ալ հոս բերեմ. անոնք ալ իմ ձայնս պիտի լսեն եւ պիտի ըլլան մէկ հօտ եւ մէկ հովիւ։