Ժամամուտ
Սրբոյն Ակիփսիմեայ եպիսկոպոսին եւ Յովսեփայ քահանային եւ Այիթալայ սարկաւագին եւ Պղատոնի վկային: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա:
Ընթերցուածներ
Ա. Տիմոթէոսին 5, 17-21
17Լաւ վերակացութիւն ընող երէցները կրկին յարգանքի արժանի են, մանաւանդ անոնք որ կը յոգնին խօսքին ու վարդապետութեան համար։
18Արդարեւ Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ. Կալոտի եզին բերանը մի կապեր եւ Մշակը արժանի է իր վարձքին։
19Երէցի դէմ ամբաստանութիւն մի՛ ընդունիր եթէ ոչ երկու կամ երեք վկաներով։
20Յանցաւորները յանդիմանէ հրապարակաւ ամենուն ներկայութեան, որպէս զի միւսները պատկառին։
21Վկայութիւն կը դնեմ Աստուծոյ, Յիսուս Քրիստոսի եւ սուրբ հրեշտակներուն առջեւ, որ քեզի գրածներս գործադրես անկողմնակալութեամբ եւ առանց նախասիրութեան։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Աւետարան
Ղուկաս 9, 23-27
23Յիսուս ըսաւ ամենուն. «Ով որ կ՚ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը ամէն օր եւ ետեւէս գայ։
24Որովհետեւ ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել, պիտի կորսնցնէ զայն. իսկ ով որ իր կեանքը կորսնցնէ ինծի համար, պիտի փրկէ զայն։
25Ի՞նչ օգուտ մարդուն եթէ ամբողջ աշխարհը շահի եւ իր կեանքը կորսնցնէ կամ տուժէ։
26Եթէ մէկը զիս կամ իմ խօսքերս իրեն ամօթ համարէ, Մարդու Որդին ալ զինք ամօթ պիտի համարէ երբ գայ իր փառքով, Հօր եւ սուրբ հրեշտակներու փառքով։
27Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, հոս ներկաներէն ոմանք մահը պիտի չճաշակեն՝ մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ Արքայութիւնը։»