Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Կեցո զծառայս քո Աստուած իմ, որ ի քեզ յուսացայ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Ողորմեա ինձ Տէր, զի առ քեզ աղաղակեցի զօրհանապազ. ուրախ արա զանձն ծառայի քոյ, զի առ քեզ Տէր համբարձի զանձն իմ:
Ընթերցուածներ
Եփեսացիներուն 1, 15 - 2, 3
15Ասոր համար, ես ինքս, իմանալով ձեր հաւատքը ի Տէր Յիսուս եւ ձեր սէրը բոլոր սուրբերուն հանդէպ,
16անդադար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեզի համար, եւ ձեզ կը յիշեմ աղօթքներուս մէջ,
17որպէս զի մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը, Հայրը փառքի, տայ ձեզի իմաստութեան եւ յայտնութեան Հոգին, որպէս զի զինք լիովին ճանչնաք։
18Թող լուսաւորէ ձեր սրտին աչքերը որպէս զի գիտնաք թէ ինչպիսի յոյսեր կու տայ անոր կոչումը, փառքի ի՛նչ ճոխութիւններ ունի անոր ժառանգութիւնը սուրբերուն մէջ,
19եւ որքա՛ն է անոր զօրութեան մեծութիւնը, մեզի հաւատացեալներուս համար, ըստ իր ամենակարող զօրութեան,
20զոր յայտնեց Քրիստոսով, յարուցանելով զինք մեռելներէն եւ բարձրացնելով երկինքի մէջ՝ իր աջ կողմը,
21աւելի բարձր քան ամէն Իշխանութիւն, Պետութիւն, Զօրութիւն եւ Տէրութիւն, աւելի բարձր քան ամէն անուն որ կարելի է անուանել, ո՛չ միայն ⟦?⟧ երկրի վրայ, այլ նաեւ հանդերձեալ աշխարհի մէջ։
22Դրաւ ամէն բան անոր ոտքերուն առջեւ, կարգեց զինք ամէն բանէ վեր, գլուխ Եկեղեցւոյ
23որ անոր Մարմինն է, Լրումն Անոր որ կը լցացնէ ամէն բան, ամէն բանի մէջ։
1Դուք մեռած էիք ձեր մեղքերուն եւ յանցանքներուն մէջ,
2որոնց մէջ ապրեցաք ատենօք, այս աշխարհի ընթացքին համաձայն, ենթարկուելով կամքին՝ օդի տիրապետութեան իշխանին, այս ոգիին որ կը ներգործէ ապստամբութեան որդիներուն մէջ։
3Արդարեւ, ժամանակին մենք ալ անոնցմէ էինք, ապրելով մեր մարմնական ցանկութիւններու համաձայն, ծառայելով մարմինի քմայքներուն եւ մեղսածին միտքերու, այնպէս որ մենք ալ միւսներու պէս բարկութեան որդիներ էինք...
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 8, 22-25
22Օր մը Յիսուս աշակերտներուն հետ նաւակ ելաւ եւ ըսաւ անոնց. «Եկէք անցնինք լճակին միւս ափը», եւ մեկնեցան դէպի բացերը։
23Մինչ կը նաւարկէին, Յիսուս քնացաւ։ Մրրիկ մը իջաւ լիճին վրայ, նաւակը սկսաւ լեցուիլ ջուրով եւ Առաքեալները տագնապի մէջ էին։
24Մօտեցան Յիսուսի, արթնցուցին զինք եւ ըսին. «Վարդապե՛տ, Վարդապե՛տ, կը կորսուինք։» Յիսուս արթնցաւ, սաստեց հովին եւ ալիքներուն, որոնք հանդարտեցան ու անդորրութիւնը տիրեց։
25Յետոյ, աշակերտներուն ըսաւ. «Ո՞ւր է ձեր հաւատքը։» Անոնք վախցած էին եւ զարմացած իրարու կը հարցնէին. «Ո՞վ է արդեօք ասիկա, որ կը հրամայէ հովին ու ծովին եւ կը հնազանդին իրեն։»