Ժամամուտ
Սրբոց հայրապետացն Մետրոփանոսի, Աղեքսանդրոսի եւ Պօղոսի Խոստոսվանողին, եւ սրբոց Նոտարացն Մարկիանոսի եւ մարտիրոսի: Զհայրապետականն զարդարեցեր զաթոռ ի յերկրի. Առաքելական առեր զպատիւ յերկնուստ, ծառայ Քրիստոսի ով երանելիդ ի հարս սուրբ հայրապետ: Քանզի քոյ վարդապետութեանդ սերմանք’ բարեպաշտութեան բուսուցին հասկս, ուրախութեան պտուղ հատուցանելով եւ հաւատացելոցս զփրկութիւն շնորհելով: Վասն որոյ բարեխօսեա առ Տէր վասն անձանց մերոց: Ժամամուտ. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա:
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 13, 7-9
7Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները որոնք աւետեցին ձեզի Աստուծոյ խօսքը, եւ դիտելով անոնց կեանքին վախճանը՝ հետեւեցէք անոնց հաւատքին։
8Յիսուս Քրիստոս, երէկ եւ այսօր, նոյնն է միշտ եւ յաւիտեան։
9Տեսակտեսակ եւ օտարաձայն վարդապետութիւններու մէջ մի՛ դանդաջէք։ Լաւ է որ սիրտը հաստատուի աւելի շնորհքով քան այնպիսի կերակուրներով՝ որոնք օգուտ չունեցան ճաշակողներուն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Աւետարան
Մատթէոս 4, 23-25
23Յիսուս կը շրջէր Գալիլիոյ բոլոր կողմերը, կը սորվեցնէր ժողովարաններու մէջ, կը հռչակէր Արքայութեան Աւետարանը, կը բժշկէր հիւանդութիւններն ու ցաւերը։
24Անոր համբաւը հասաւ մինչեւ Սուրիա. կը բերէին իրեն ամէն տեսակ հիւանդութիւններէ բռնուած դժբախտներ, այսահարներ, լուսնոտներ, անդամալոյծներ եւ կը բժշկէր զանոնք։
25Հոծ բազմութիւններ, եկած Գալիլեայէն, Դեկապոլսէն, Երուսաղէմէն, Անդրյորդանանի կողմերէն՝ կը հետեւէին Յիսուսի։