Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Տեսին ամենայն ծագք երկրի զփրկութիւն Աստուծոյ մերոյ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Օրհնեցէք զՏԷր յօրհնութիւն նոր, զի սքանչելիս արար:
Ընթերցուածներ
Եփեսացիներուն 2, 4-22
4Բայց Աստուած որ հարուստ է գթութեամբ, իր մեծ սիրոյն համար որով մեզ սիրեց,
5մինչ մենք մեռած էինք մեր մեղքերուն մէջ, ինք մեզ վերապրեցուց Քրիստոսով, քանի որ շնորհքով փրկուեցանք։
6Անոր հետ մեզի յարութիւն տուաւ եւ բազմեցուց երկինք՝ Քրիստոս Յիսուսի հետ։
7Այսով ուզեց ցոյց տալ գալիք դարերուն, իր շնորհքին անսպառ հարստութիւնը, իր բարութեամբ մեզի հանդէպ՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
8Որովհետեւ դուք անոր շնորհքով փրկուած էք՝ հաւատքի միջոցաւ։ Այս փրկութիւնը ձեզմէ չէ, այլ Աստուծոյ պարգեւն է.
9գործերու արդիւնք չէ, որպէս զի ոչ ոք պարծենայ։
10Մենք Աստուծոյ արարածներն ենք, ստեղծուած Յիսուս Քրիստոսով այն բարի գործերուն համար զորս Աստուած կանխաւ պատրաստեց, որպէս զի մենք զանոնք իրականացնենք։
11Յիշեցէք որ ատենօք դուք հեթանոս էիք ձեր մարմինով, կոչուած՝ անթլիխատութիւն, անոնց կողմէ որ կը կոչուին թլփատութիւն, մարմինի վրայ կատարուած գործողութեամբ մը։
12Յիշեցէք ուրեմն որ դուք այն ժամանակները առանց Քրիստոսի էիք, տարագիր՝ Իսրայէլի քաղաքացիութենէն, օտարականներ՝ ուխտերուն եւ խոստումին, չունէիք ո՛չ յոյս եւ ո՛չ Աստուած այս աշխարհի վրայ։
13Եւ սակայն հիմա, դուք որ հեռու էիք, մօտեցաք Յիսուս Քրիստոսով, շնորհիւ անոր Արեան։
14Որովհետեւ ինքն է մեր խաղաղութիւնը, ինքն էր որ երկու ժողովուրդներով գոյացուց մէկ ժողովուրդ, քանդեց ցանկապատի միջնորմը եւ թշնամութիւնը՝ իր մարմինին մէջ։
15Ջնջեց օրէնքը պատուէրներու՝ տրուած անոր հրամանադրերով։ Իր անձին մէջ, երկուքով կազմեց նոր մարդ մը, հաստատեց խաղաղութիւնը.
16եւ նոյն Մարմինին մէջ, իր խաչով՝ զանոնք հաշտեցուց Աստուծոյ հետ եւ իր անձին մէջ ըսպանեց Ատելութիւնը։
17Եկաւ եւ աւետեց խաղաղութիւնը. խաղաղութիւն ձեզի, որ հեռու էիք, խաղաղութիւն՝ անոնց որ մօտ էին։
18Շնորհիւ իրեն ամէնքս, Հրեայ թէ հեթանոս, միեւնոյն Հոգիով ազատ մուտք ունինք Աստուծոյ մօտ։
19Այսպէս ուրեմն, այլեւս օտարականներ եւ պանդուխտներ չէք, այլ՝ սուրբերու քաղաքակիցներ եւ Աստուծոյ տնեցիները։
20Հաստատուած էք կառոյցի մը վրայ որուն հիմերն են մարգարէներն ու Առաքեալները, որուն Անկիւնաքարն է Յիսուս Քրիստոս։
21Ինքն է որ ամբողջ կառոյցին կու տայ տոկունութիւն եւ ⟦?⟧, մինչեւ որ ըլլայ սուրբ տաճար մը Տիրոջ համար։
22Ու դուք միացած Քրիստոսի, միւսներու հետ, կը մասնակցիք կառուցման, ըլլալու համար բնակարան ուր Աստուած կը բնակի Սուրբ Հոգիով։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 8, 40-48
40Վերադարձին՝ բազմութիւնը ընդառաջ եկաւ Յիսուսի, որովհետեւ ամէնքը կը սպասէին իրեն։
41Եւ ահա մարդ մը եկաւ, Յայրոս անունով, որ ժողովարանին պետն էր, Յիսուսին ոտքն ինկաւ եւ խնդրեց որ իր տունը մտնէ,
42որովհետեւ իր մէկ հատիկ աղջիկը, տասներկու տարեկան՝ մահամերձ էր։ Մինչ Յիսուս անոր տունը կ՚երթար, ժողովուրդը կը սեղմէր զինք։
43Կին մը, որ տասներկու տարիներէ ի վեր արիւնահոսութենէ կը տառապէր եւ չէր կրցած բուժուիլ,
44թիկունքէն մօտեցաւ Յիսուսի, դպաւ անոր հագուստին քղանցքին եւ իսկոյն արիւնահոսութիւնը կեցաւ։
45Յիսուս հարցուց. «Ո՞վ դպաւ ինծի։» Ամէնքը կ՚ուրանային, իսկ Պետրոս եւ անոնք որ հետն էին, ըսին. «Վարդապետ, ժողովուրդն է որ քեզ կը սեղմէ ու կը նեղէ։»
46Յիսուս ըսաւ. «Մէկը դպաւ ինծի, որովհետեւ զգացի որ ոյժ մը ելաւ ինձմէ։»
47Կինը տեսնելով որ չէր կրցած ծածուկ մնալ, ահ ու դողով եկաւ, Յիսուսի ոտքն ինկաւ եւ բազմութեան առջեւ պատմեց թէ ի՛նչու դպած էր Յիսուսի եւ թէ նոյն ժամուն բուժուած էր։
48Յիսուս ըսաւ անոր. «Աղջիկս, հաւատքդ քեզ փրկեց, գնա՛ խաղաղութեամբ։»