Ժամամուտ
Սրբոց հրեշտակապետացն Գաբրիէլի եւ Միքայէլի եւ ամենայն Երկնային զօրացն: Ժամամուտ. Զօր օրհնեն անլռելի ձայնիւ իմանալի զօրութիւնք, երկնաւոր նահապետութիւնք, հրեշտակք եւ հրեշտակապետք, աթոռք եւ տէրութիւնք, իշխանութիւնք եւ պետութիւնք, սերովբէք եւ քերովբէք զամենասուրբ զԵրրորդութիւնն եւ զմի Աստուածութիւն: Այսօր երկրաւորս եկեղեցւոյ քահանայապետութիւն ցնծայ հրաշափառապէս’ զերկնաւոր քահանայապետութեանցն կատարելով զտօնախմբութեան տօնս, անմարմնական դասուց Հոգեզինացդ մարմնականքս եւ հողեղէնքս, ով սուրբ Գաբրիէլ եւ Միքայէլ մեծք, Հրեշտակապետք Բարձրելոյն, որք կայք առաջի աթոռոյ Աստուածութեանն. անդադար բարեխօս լերուք վասն առ Տէր, վերաբերել զամենեսեան ընդ ձեզ յերկնից արքայութիւնն, եւ միաձայն բարբառով երգել զփառս:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Օրհնեցէք զՏԷր յերկինս. օրհնեցէք զնա ի բարձունս: Օրհնեցէք զնա ամենայն հրեշտակք նորա. օրհնեցէք զնա ամենայն զօրութիւնք նորա:
Ընթերցուածներ
Եբրայեցիներուն 1, 6-14
6եւ դարձեալ երբ Անդրանիկը աշխարհը կը մոցնէ՝ կ՚ըսէ. Աստուծոյ բոլոր հրեշտակները թող պաշտեն զինք։
7Իսկ հրեշտակներու մասին խօսելով՝ այսպէս կ՚սէ. Իր հրեշտակները հոգիներ ըրաւ եւ իր պաշտօնեաները՝ կրակի բոց։
8Իսկ Որդիին կ՚ըսէ. Քու աթոռդ, ո՛վ Աստուած, յաւիտեանս յաւիտենից եւ արդարութեանդ մականը՝ մական է անոր թագաւորութեան։
9Սիրեցիր արդարութիւնը եւ ատեցիր անօրէնութիւնը։ Ատոր համար Աստուած, քու Աստուածդ քեզ օծեց ուրախութեան ձէթով, աւելի քան քու ընկերներդ։
10Եւ դուն, Տէր, սկիզբէն հաստատեցիր երկիրը, եւ երկինքը քու ձեռքերուդ գործն է։
11Անոնք պիտի անհետանան, իսկ դուն կաս եւ կը մնաս. Անոնք պիտի մաշին ձորձերու նման։
12Պիտի գալարես զանոնք վերարկուի մը նման, եւ պիտի գալարուին, իսկ դուն նոյնն ես եւ քու տարիներդ՝ անանց են։
13Հրեշտակներէն ո՞ր մէկուն ըսաւ երբեք. Նստէ՛ աջ կողմս, մինչեւ որ թշնամիներդ պատուանդան դնեմ ոտքերուդ առջեւ։
14Արդեօք ամէնքն ալ հոգիներ չե՞ն, պաշտօններ առած եւ ղրկուած ծառայելու անոնց՝ որոնք փրկութիւնը պիտի ժառանգեն։
Բ. Տիմոթէոսին 2, 3-13
3Իբրեւ ընտիր զինուոր Քրիստոսի, ա՛ռ չարչարանքի բաժինդ։
4Զինուորագրուողը չի պարապիր աշխարհէ գործերով եթէ կ՚ուզէ հաճելի ըլլալ զօրավարին։
5Նմանապէս մարտիկը, պսակը չ՚ընդունիր եթէ չմարտնչի օրէնքի համաձայն։
6Չարքաշ աշխատող մշակը, նախ ի՛նք իրաւունք ունի վայելելու հունձքի պտուղը։
7Հասկցիր թէ ինչ կ՚ուզեմ ըսել. Տէրը թող տայ քեզի իմաստութիւն ամէն բանի մէջ։
8Յիշէ Յիսուս Քրիստոսը՝ յարուցեալ ի մեռելոց, Դաւիթի ցեղէն՝ իմ Աւետարանիս համաձայն։
9Անոր համար կը չարչարուիմ եւ մինչեւ իսկ չարագործի կապանքներ կը կրեմ։ Աստուծոյ խօսքը սակայն չէ շղթայուած։
10Կը կրեմ ամէն բան, ընտրեալներուն համար, որպէս զի անոնք ալ հասնին փրկութեան, յաւիտենական կեանքով հանդերձ, Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ։
11Ճշմարիտ է այս խօսքը. եթէ մեռանք անոր հետ, պիտի ապրինք անոր հետ։
12Եթէ մնանք հաստատ, Անոր հետ պիտի Թագաւորենք։ Եթէ մենք ուրանանք զինք, ինք ալ մեզ պիտի ուրանայ։
13Իսկ եթէ մենք անհաւատարիմ ենք, ինք կը մնայ հաւատարիմ, որովհետեւ չի կրնար ինքզինք ուրանալ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Ողորմութեամբ Տեառն լի եղեւ երկիր. եւ բանիւ Տեառն երկինք հաստատեցան. եւ Հոգւով բերանոյ նորա ամենայն զօրութիւնք նոցա:
Աւետարան
Մատթէոս 18, 10-14
10«Զգուշացէ՛ք եւ մի՛ արհամարհէք մէկը այս փոքրիկներէն, որոնց հրեշտակները երկինքի մէջ միշտ կը տեսնեն երկնաւոր Հօրս դէմքը։
11Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փրկելու։
12Չէ՞ք կարծեր, որ եթէ մարդ մը հարիւր ոչխար ունենայ եւ անոնցմէ մէկը կորսուի, իննիսուն եւ ինը չի՞ թողուր լեռ եւ չ՚երթար կորսուածը փնտռելու։
13Եթէ գտնէ զայն, աւելի կ՚ուրախանայ անով քան իննիսուն եւ իննին համար, որոնք չէին կորսուած։
14Այսպէս նաեւ ձեր երկնաւոր Հայրը, չ՚ուզեր որ այս փոքրիկներէն մէկը կորսուի։»
Ղուկաս 21, 9-19
9Երբ լսէք պատերազմներու եւ խռովութիւններու մասին, մի՛ զարհուրիք. որովհետեւ հարկ է որ նախ ասիկա ըլլայ, սակայն վախճանը անմիջական չէ։»
10Յետոյ աւելցուց. «Ազգեր պիտի ելլեն ազգերու դէմ եւ թագաւորութիւններ՝ թագաւորութիւններու դէմ։
11Մեծ երկրաշարժներ պիտի պատահին եւ տեղ տեղ սով եւ սրածութիւն պիտի ըլլայ։ Զարհուրելի արհաւիրքներ պիտի պատահին եւ երկինքէն մեծ նշաններ պիտի տեսնուին։
12Բայց ասկէ առաջ, ձեր վրայ ձեռք պիտի բարձրացնեն, պիտի հալածեն ու մատնեն ձեզ ժողովարաններու եւ բանտ պիտի նետեն։ Պիտի տանին ձեզ թագաւորներու եւ դատաւորներու առջեւ՝ իմ Անունիս համար։
13Ասիկա վկայութեան առիթ պիտի ըլլայ ձեզի։
14Արդ՝ ձեր միտքը դրէք. մի՛ մտահոգուիք ձեր պաշտպանութիւնը կանխաւ պատրաստելու համար։
15Ես պիտի տամ ձեզի խօսք եւ իմաստութիւն՝ որուն պիտի չկարենան հակառակիլ կամ ընդդիմախօսել ձեր հակառակորդները։
16Պիտի մատնեն ձեզ, նոյնիսկ ձեր հայրերն ու մայրերը, ձեր եղբայրները, ձեր ազգականները եւ ձեր բարեկամները ու ձեզմէ շատեր մահուան դատապարտել պիտի տան։
17Իմ անունիս համար շատեր ձեզ պիտի ատեն։
18Սակայն եւ ոչ իսկ մազ մը պիտի կորսուի ձեր գլուխէն եւ դուք՝
19ձեր համբերութեամբը պիտի փրկէք ձեր կեանքը։»