Ժամամուտ
Ժամամուտ. Միածին Որդի եւ բանդ Աստուած, եւ անմահ էութիւն. որ յանձն առեր մարմնանալ ի սրբուհւոյ Աստուածածնէն եւ ի միշտ կուսէն. անփոփոխելիդ մարդ եղեալ խաչեցար Քրիստոս Աստուած, մահուամբ զմահ կոխեցեր. մինդ ի սրբոյ Երրորդութենէն փառաւորակից ընդ Հօր եւ ընդ սրբոյ Հոգւոյն, կեցո զմեզ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ յարեար ի մեռելոց»:
Սաղմոս
Քեզ վայելէ օրհնութիւն Աստուած ի Սիոն. Եւ քեզ տացին աղօթք յԵրուսաղէմ: Լուր աղօթից իմոց. Զի առ քեզ ամենայն մարմին եկեսցէ:
Ընթերցուածներ
Եփեսացիներուն 5, 15-33
15Հսկեցէ՛ք ձեր վարքին վրայ, թող ան չըլլայ անմիտներու, այլ՝ իմաստուններու վարքին պէս.
16գիտցէ՛ք արժէքը ներկայ ժամանակներու, քանի որ ներկայ օրերը չարութեան օրեր են։
17Անմիտ մի՛ ըլլաք, այլ գիտցէք տեսնել Տիրոջ կամքը։
18Գինիով մի՛ արբենաք. զեղխութեան աղբիւր է, այլ մանաւանդ լեցուեցէք Հոգիով։
19Միասին սաղմոսներ ըսէք, տաղեր եւ հոգեւոր երգեր երգեցէք. ամբողջ սրտով գովեցէ՛ք եւ փառաբանեցէ՛ք Տէրը։
20Միշտ եւ ամէն առիթով գոհութիւն մատուցէք Աստուծոյ, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի անունով։
21Իրարու հնազանդեցէք Քրիստոսի երկիւղով։
22Կիները թող հնազանդին իրենց ամուսիններուն, ինչպէս Քրիստոսի,
23որովհետեւ կնոջ գլուխը՝ մարդն է, ինչպէս Քրիստոս Գլուխն է Եկեղեցւոյ, փրկիչը՝ Մարմինին։
24Արդ՝ ինչպէս Եկեղեցին Քրիստոսի կը հնազանդի, այնպէս ալ կիները՝ պարտին հնազանդիլ ամէն բանի մէջ իրենց ամուսիններուն։
25Եւ դո՛ւք, ամուսիններ, սիրեցէ՛ք ձեր կիները, ինչպէս Քրիստոս սիրեց Եկեղեցին. ինքզինք զոհեց անոր,
26զայն սրբացնելու համար մկրտութեամբը, որուն կ՚ընկերանայ խօսքը։
27Որովհետեւ կ՚ուզէ զայն ներկայացնել ինքնիրեն, բոլորովին պայծառ, անբիծ, առանց կնճիռի կամ նման բանի, բոլորովին սուրբ եւ անարատ։
28Նմանապէս ամուսինները պարտին սիրել իրենց կիները, ինրեւ իրենց սեփական մարմինը։ Ով որ իր կինը կը սիրէ, ինքզինք կը սիրէ։
29Ոչ ոք երբեք ինքնիրը մարմինը կ՚ատէ, ընդհակառակն զայն կը սնուցանէ եւ կը խնամէ, ինչպէս Քրիստոս կը խնամէ Եկեղեցին,
30որուն անդամներն ենք։
31Ահաւասիկ ասոր համար, մարդը պիտի թողու իր հայրն ու մայրը եւ պիտի կապուի իր կնոջ եւ երկուքը պիտի կազմեն մէկ մարմին։
32Մեծ է այս խորհուրդը եւ ես կ՚ըսեմ թէ կը յարմարի Քրիստոսի եւ Եկեղեցւոյ։
33Այնպէս ալ դուք իրարու հանդէպ, որպէս զի իւրաքանչիւրը սիրէ իր կինը այնպէս, ինչպէս կը սիրէ իր անձը եւ կինն ալ թող պատկառի իր ամուսինէն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Յարութեան ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 8, 49-57
49Տակաւին Յիսուս կը խօսէր, երբ ժողովարանին պետին տունէն մէկը եկաւ եւ ըսաւ. «Աղջիկդ մեռաւ, այլեւս ձանձրոյթ մի՛ տար վարդապետին։»
50Յիսուս լսեց եւ Յայրոսին ըսաւ. «Մի՛ վախնար, այլ միայն հաւատա՛ եւ աղջիկդ պիտի ապրի։»
51Երբ տուն եկաւ, հետը ներս մտցուց միայն Պետրոս, Յակոբ եւ Յովհաննէս եւ աղջկան հայրն ու մայրը։
52Ամէնքը կու լային ու կ՚ողբային աղջկան վրայ։ «Մի՛ լաք, ըսաւ Յիսուս, աղջիկը չէ մեռած, այլ՝ կը ննջէ։»
53Կը ծաղրէին զինք, որովհետեւ գիտէին թէ մեռած է։
54Յիսուս ամէնքը դուրս հանելէ ետք, բռնեց աղջկան ձեռքէն եւ ըսաւ. «Աղջի՛կս, արթնցի՛ր։»
55Հոգին ետ եկաւ անոր մէջ եւ աղջիկը կանգնեցաւ։ Յիսուս հրամայեց որ կերակուր տան անոր։ Ծնողքը զարմացան, իսկ Յիսուս պատուիրեց անոնց՝ պատահածը ոչ ոքի չյայտնել։