Ժամամուտ
Սրբոյն Մելիտոսի Անտիոքայ հայրապետին, եւ Մինասայ եգիպտացւոյն, եւ Մելեայ եպիսկոպոսին եւ Եբորայ քահանային եւ Շինու սարկաւագին: Զհայրապետականն զարդարեցեր զաթոռ ի յերկրի. Առաքելական առեր զպատիւ յերկնուստ, ծառայ Քրիստոսի ով երանելիդ ի հարս սուրբ հայրապետ: Քանզի քոյ վարդապետութեանդ սերմանք’ բարեպաշտութեան բուսուցին հասկս, ուրախութեան պտուղ հատուցանելով եւ հաւատացելոցս զփրկութիւն շնորհելով: Վասն որոյ բարեխօսեա առ Տէր վասն անձանց մերոց: Ժամամուտ. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Յիշեա Տէր զԴաւիթ. եւ զամենայն հեզութիւն նորա:
Ընթերցուածներ
Ա. Յովհաննէսի 5, 1-6
1Ով որ կը հաւատայ թէ Յիսուս՝ Քրիստոսն է, Աստուծմէ ծնած է։ Եւ ով որ կը սիրէ ծնողը, կը սիրէ նաեւ անկէ ծնածը։
2Գիտենք թէ կը սիրենք Աստուծոյ Որդին, Երբ կը սիրենք Աստուած եւ կը գործադրենք անոր պատուիրանները։
3Որովհետեւ այս է Աստուծոյ սէրը. պահել անոր պատուիրանները. եւ Աստուծոյ պատուիրանները ծանր չեն,
4քանի որ ով որ Աստուծմէ ծնած է, կը յաղթէ աշխարհի։ Եւ այս է յաղթանակը որ տարուեցաւ աշխարհի վրայ. մեր հաւատքը։
5Ո՞վ է աշխարհի յաղթողը, եթէ ոչ ան որ կը հաւատայ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է։
6Ինք է որ եկաւ, ջուրով եւ արիւնով՝ Յիսուս Քրիստոս։ ո՛չ միայն ջուրով, այլ՝ ջուրով եւ արիւնով։ Եւ Հոգին է որ կը վկայէ, որովհետեւ Հոգին ճշմարտութիւնն իսկ է։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Քահանայք քո զգեցցին զարդարութիւն. եւ սուրբք քո ցնծալով ցնծասցեն:
Աւետարան
Ղուկաս 9, 23-27
23Յիսուս ըսաւ ամենուն. «Ով որ կ՚ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը ամէն օր եւ ետեւէս գայ։
24Որովհետեւ ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել, պիտի կորսնցնէ զայն. իսկ ով որ իր կեանքը կորսնցնէ ինծի համար, պիտի փրկէ զայն։
25Ի՞նչ օգուտ մարդուն եթէ ամբողջ աշխարհը շահի եւ իր կեանքը կորսնցնէ կամ տուժէ։
26Եթէ մէկը զիս կամ իմ խօսքերս իրեն ամօթ համարէ, Մարդու Որդին ալ զինք ամօթ պիտի համարէ երբ գայ իր փառքով, Հօր եւ սուրբ հրեշտակներու փառքով։
27Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, հոս ներկաներէն ոմանք մահը պիտի չճաշակեն՝ մինչեւ տեսնեն Աստուծոյ Արքայութիւնը։»