Ժամամուտ
Սրբոյն Յովհաննու Ոսկեբերանի Կոստանդինուպոլսի հայրապետին: Զհայրապետականն զարդարեցեր զաթոռ ի յերկրի. Առաքելական առեր զպատիւ յերկնուստ, ծառայ Քրիստոսի ով երանելիդ ի հարս սուրբ հայրապետ: Քանզի քոյ վարդապետութեանդ սերմանք’ բարեպաշտութեան բուսուցին հասկս, ուրախութեան պտուղ հատուցանելով եւ հաւատացելոցս զփրկութիւն շնորհելով: Վասն որոյ բարեխօսեա առ Տէր վասն անձանց մերոց: Ժամամուտ. Զերկիւղածս Տեառն փառաւոր առնէ, որ երդնու ընկերի իւրում եւ ոչ ստէ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Տէր, ով կացցէ ի խորանի քում. կամ ով բնակեսցէ ի լեառն սուրբ քո:
Ընթերցուածներ
Առաքեալներուն Գործերը 20, 25-38
25Արդ՝ գիտեմ թէ դուք այլեւս իմ երեսս պիտի չտեսնէք, դուք որոնց մէջ շրջեցայ եւ քարոզեցի Աստուծոյ Արքայութիւնը։
26Ասոր համար այսօր ես կը վկայեմ ամենուդ առջեւ. անմեղ եմ ամենուն արիւնէն։
27Որովհետեւ երբեք չվարանեցայ, երբ հարկ էր, ձեզի քարոզել Աստուծոյ կամքը։
28Զգո՛յշ եղէք, դուք ձեզի եւ հօտին, որուն վրայ Հոգին Սուրբ տեսուչ կարգեց ձեզ, հովուելու Տիրոջ ժողովուրդը զոր փրկեց իր արիւնով։
29Գիտեմ թէ երթալէս ետք, յափշտակող գայլեր պիտի սպրդին ձեր մէջ եւ պիտի չխնայեն հօտին
30եւ ձեր մէջէն իսկ պիտի ելլեն մարդիկ, որոնք թիւր խօսքերով պիտի ջանան աշակերտները իրենց ետեւէն տանիլ։
31Ուրեմն արթուն կեցէ՛ք ու յիշեցէ՛ք որ երեք տարի շարունակ, գիշեր ցորեկ, արցունքով խրատեցի ձեզմէ իւրաքանչիւրը։
32Հիմա կը յանձնեմ ձեզ Աստուծոյ եւ անոր շնորհքին, որ զօրութիւն ունի կառուցանելու եւ ժառանգութիւն տալու ձեզի սուրբերուն հետ։
33Արծաթ, ոսկի կամ զգեստ, ձեզմէ ո՛չ մէկէն ուզեցի։
34Դուք գիտէք որ իմ եւ անոնց՝ որ ինծի հետ էին, կարիքները հոգացին այս ձեռքերը։
35Ձեզի ցոյց տուի թէ այսպէս չարչարուելով պէտք է օգնութեան հասնիլ տկարներուն, յիշելով Տիրոջ խօսքը որ կ՚ըսէ. 'Աւելի լաւ է տալ, քան առնել'։»
36Այս խօսքերէն ետք, ծունկի եկաւ եւ ամենուն հետ սկսաւ աղօթել։
37Ամէնքն ալ սկսան հեծկլտալ, նետուեցան Պօղոսին վիզը եւ կը մորմոքէին անոնց սրտերը մանաւանդ այն խօսքին համար՝ թէ այլեւս բնաւ պիտի չտեսնէին անոր երեսը։ Յետոյ մինչեւ նաւ ընկերացան անոր։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Դու ես քահանայ յաւիտեան ըստ կարգին Մելքիսեդիկի. եւ Տէր ընդ աջմէ քումմէ:
Աւետարան
Յովհաննէս 15, 11-25
11Ասիկա ըսի ձեզի, որպէս զի իմ ուրախութիւնս մնայ ձեր մէջ եւ ձեր ուրախութիւնը ըլլայ կատարեալ։
12Ահաւասիկ իմ պատուիրանս. սիրեցէ՛ք զիրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի։
13Չկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար։
14Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընէք ինչ որ ձեզի կը պատուիրեմ։
15Չեմ կոչեր ձեզ ծառաներ, որովհետեւ ծառան կ՚անգիտանայ իր Տիրոջ գործերը։ Ես կոչեցի ձեզ բարեկամներս, որովհետեւ ինչ որ լսեցի Հօրմէս, զայն սորվեցուցի ձեզի։
16Դուք չէք որ ընտրեցիք զիս, այլ ես ձեզ ընտրեցի եւ հաստատեցի, որպէս զի դուք երթաք եւ պտուղ տաք, եւ ձեր պտուղը մնայ, եւ ինչ որ խնդրէք Հօրմէն իմ անունովս՝ տայ ձեզի։
17Այս է իմ պատուէրս. զիրար սիրեցէ՛ք։»
18«Եթէ աշխարհ ձեզ ատէ, գիտցէք որ նախ զիս ատեց։
19Եթէ ըլլայիք այս աշխարհէն, աշխարհը անշուշտ պիտի սիրէր իրենները։ Բայց դուք աշխարհէն չէք, քանի որ ես ձեզ ընտրեցի եւ զատեցի աշխարհէն, ասոր համար աշխարհը ձեզ կ՚ատէ։
20Յիշեցէ՛ք խօսքը զոր ձեզի ըսած էի, ծառան աւելի մեծ չէ քան իր տէրը։ Եթէ զիս հալածեցին, ձեզ ալ կը հալածեն։ Եթէ իմ խօսքս պահեցին, ձերն ալ կը պահեն։
21Ամէն բան պիտի ընեն ձեզի, իմ անունիս պատճառով, որովհետեւ չճանչցան ան որ զիս ղրկեց։
22Եթէ ես եկած եւ անոնց խօսած չըլլայի, մեղք չէին ունենար. բայց հիմա արդարացում չունին իրենց մեղքին։
23Ով որ զիս կ՚ատէ, Հայրն ալ կ՚ատէ։
24Եթէ ես ըրած չըլլայի անոնց մէջ գործերը, զորս ուրիշ ոչ ոք ըրած է, մեղք չէին ունենար, բայց հիմա տեսան, եւ սակայն ատեցին թէ՛ զիս, թէ՛ իմ Հայրս։
25Եւ այսպէս կը կատարուի խօսքը որ գրուած է անոնց Օրէնքին մէջ. Առանց պատճառի ատեցին զիս։