Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Կեցո զծառայս քո Աստուած իմ, որ ի քեզ յուսացայ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Ողորմեա ինձ Տէր, զի առ քեզ աղաղակեցի զօրհանապազ. ուրախ արա զանձն ծառայի քոյ, զի առ քեզ Տէր համբարձի զանձն իմ:
Ընթերցուածներ
Եփեսացիներուն 6, 1-9
1Որդինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ծնողներուն, Տիրոջ մէջ եւ ասիկա արդար է։
2Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ. այս է առաջին պատուիրանը որուն այս խոստումը կապուած է.
3որպէս զի երջանկութիւն եւ երկար կեանք վայելես երկրի վրայ։
4Եւ դո՛ւք, ծնողներ, մի՛ դայրացնէք ձեր զաւակները, կրթեցէք զանոնք յորդորելով եւ յանդիմանելով Տիրոջ մտքին համաձայն։
5Ծառաներ, ահով ու դողով եւ սրտի պարզութեամբ հնազանդեցէք ձեր երկրաւոր տէրերուն՝ ինչպէս Քրիստոսի,
6ո՛չ թէ արտաքին հնազանդութեամբ, մարդոց հաճելի ըլլալու համար, այլ իբրեւ Քրիստոսի ծառաներ, որոնք սիրով Աստուծոյ կամքը կը կատարեն։
7Ձեր փութկոտ ծառայութիւնը Տիրոջ նուիրեցէք եւ ոչ մարդոց.
8այն վստահութեամբ թէ իւրաքանչիւրը, ստրուկ թէ ազատ, պիտի վարձատրուի Տիրոջմէ՝ իր գործերուն համաձայն։
9Եւ դուք տէրեր, յստ անյմ վարուեցէք անոնց հետ. մէկդի թողէք ամէն սպառնալիք եւ խորհեցէք որ անոնց եւ ձեր Տէրը երկինքն է եւ բնաւ կողմնակալութիւն չունի։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 9, 10-17
10Վերադարձան Առաքեալները եւ պատմեցին Յիսուսի ինչ որ ըրեր էին։ Յիսուս առաւ եւ տարաւ զիրենք առանձին, ամայի տեղ մը, Բեթսայիդա քաղաքին կողմերը։
11Ժողովուրդը իմանալով՝ հետեւեցաւ իրեն։ Յիսուս ընդունեցաւ զանոնք, խօսեցաւ անոնց Աստուծոյ Արքայութեան մասին եւ բուժեց անոնք որ պէտք ունէին։
12Օրը սկսաւ տարաժամիլ. Տասներկուքը մօտեցան եւ ըսին իրեն. «Արձակէ բազմութիւնը, որպէս զի երթան գիշերեն շրջակայ գիւղերուն եւ հիւղակներուն մէջ եւ կերակուր գտնեն, որովհետեւ հոս անապատի մէջ ենք։» Յիսուս պատասխանեց.
13«Դո՛ւք տուէք անոնց կերակուրը։» Առաքեալները պատասխանեցին. «Մենք միայն հինգ հաց ունինք եւ երկու ձուկ. եւ կամ պէտք է երթանք եւ այսքան բազմութեան կերակուր գնենք։»
14Որովհետեւ մօտաւորապէս հինգ հազար հոգի էին։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Բազմեցուցէք զանոնք խումբ խումբ, իւրաքանչիւրը յիսուն հոգի։»
15Այնպէս ալ ըրին եւ բազմեցուցին ամէնքը։
16Յիսուս առաւ հինգ հացերն ու երկու ձուկերը, աչքերը դէպի երկինք բարձրացուց, օրհնեց զանոնք, կտրտեց եւ աշակերտաներուն տուաւ որ ժողովուրդին բաժնեն։
17Ամէնքը կերան ու կշտացան եւ մնացած կտորները հաւաքեցին եւ լեցուցին տասներկու սակառ։