Ժամամուտ
Սրբոյն Գուրիասայ, Սամոնասայ եւ Աբիբայ սարկաւագին, եւ Ռոմանոսի միայնակեցին եւ Մանկանն խոստովանողի եւ Հիւսիքոսի զինաւորին: Ի տաճարի սրբոց եւ ի յիշատակի սրբոց մարտիրոսաց զձեռս համբառնալով աղաչեմք, բարեխօսութեամբ սոցա եւ աղօթիւք զկենդանութիւնս մեր խաղաղացո, Աստուած, որպէս մարդասէր: Ժամամուտ. Պատուական է առաջի Տեառն մահ սրբոց իւրոց. ո’ Տէր, ես ծառայ քո եմ, ծառայ եւ որդի աղախնոյ քոյ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Հաւատացի զոր եւ խօսեցայ. եւ ես խոնարհ եղէ յոյժ:
Ընթերցուածներ
Բ. Տիմոթէոսին 1, 6-14
6Անոր համար կը յիշեցնեմ քեզի որ արծարծես Աստուծոյ շնորհքը որ տրուեցաւ քեզի իմ ձեռնադրութեամբս։
7Աստուած վախի հոգի մը չտուաւ մեզի, այլ՝ Հոգին զօրութեան, սիրոյ, զգաստութեան։
8Այսուհետեւ ուրեմն, վկայութիւնը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, եւ զիս՝ անոր կալանաւորը, քեզի ամօթ մի՛ համարեր, այլ՝ մասնակից եղիր Աւետարանին համար կրած չարչարանքներուս, ըստ Աստուծոյ զօրութեան
9որ փրկեց մեզ եւ կանչեց սուրբ կոչումով, ո՛չ մեր գործերուն համաձայն, այլ՝ իր հաճութեան եւ շնորհքին համաձայն որ ի յաւիտենից մեզի տրուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ
10եւ հիմա յայտնուեցաւ երբ երեւցաւ մեր Փրկիչը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ կործանեց մահը եւ պայծառացուց կեանքն ու անմահութիւնը Աւետարանով,
11որուն ես կարգուեցայ քարոզիչ, առաքեալ եւ վարդապետ հեթանոսներուս։
12Անոր համար ես կը կրեմ այս չարչարանքները, սակայն ամօթ չեմ համարեր զանոնք որովհետեւ գիտեմ թէ որո՛ւն հաւատացի եւ համոզուած եմ թէ Ան կարող է պահել իմ աւանդս մինչեւ այն Օրը։
13Ա՛ռ իբրեւ օրինակ, ողջմտութեան խօսքերը զորս ինձմէ լսեցիր, Յիսուս Քրիստոսի հաւատքին եւ սիրոյն մէջ։
14Պահէ՛ լաւ աւանդը օգնութեամբ Սուրբ Հոգիին որ կը բնակի քու մէջդ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Մարտիրոսաց ի ձայնէն.
Աւետարան
Մատթէոս 19, 27-29
27Պետրոս խօսք առնելով ըսաւ. «Մենք որ ամէն բան թողուցինք եւ քեզի հետեւեցանք, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեզի։»
28Յիսուս պատասխանեց. «Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, վերանորոգման օրը երբ Մարդու Որդին պիտի բազմէ փառքի աթոռին վրայ, դուք որ ինծի հետեւեցաք, պիտի բազմիք տասներկու աթոռներու վրայ՝ դատելու համար Իսրայէլի տասներկու ցեղերը։
29Ով որ իմ անունիս համար թողուցած ըլլայ տուն, եղբայրներ, քոյրեր, հայր, մայր, զաւակներ կամ կալուածներ, հարիւրապատիկ պիտի ստանայ եւ իբրեւ ժառանգութիւն՝ յաւիտենական կեանքը։