Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Տեսին ամենայն ծագք երկրի զփրկութիւն Աստուծոյ մերոյ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Օրհնեցէք զՏԷր յօրհնութիւն նոր, զի սքանչելիս արար:
Ընթերցուածներ
Եփեսացիներուն 6, 13-24
13Ասոր համար պէտք է կրէք Աստուծոյ զրահը, որպէս զի չարութեան օրերուն կարենաք կուրծք տալ եւ ամէն միջոց գործածելէ ետք անսասան մնաք։
14Մնացէք կանգուն, առէ՛ք ճշմարտութիւնը իբրեւ գօտի, արդարութիւնը՝ իբրեւ զրահ,
15ագուցէք ձեր ոտքերը եռանդով՝ տարածելու համար խաղաղութեան Աւետարանը։
16Առէք հաւատքի վահանը, որուն շնորհիւ պիտի կարենաք շիջուցանել Չարին հրավառ ⟦?⟧։
17Ի վերջոյ, առէք փրկութեան սաղաւարտը եւ Հոգւոյն սուրը, այսինքն՝ Աստուծոյ Խօսքը։
18Ապրեցէ՛ք աղօթքի եւ պաղատանքներու մէջ, աղօթեցէ՛ք միշտ ներշնչուած Հոգիէն. անխոնջ հսկումով աղօթեցէք բոլոր սուրբերուն համար։
19Աղօթեցէք նաեւ ինծի համար, որպէս զի տրուի ինծի առիթը բանալ բերանս՝ խօսիլ եւ քարոզել համարձակութեամբ Աւետարանի խորհուրդը,
20որուն պատգամաւորն եմ նոյնիսկ շղթաներուս մէջ։ Ընդունեցէ՛ք ինծի համար համարձակութիւն՝ խօսելու ինչպէս որ պարտական եմ։
21Կ՚ուզեմ որ դուք ալ իմանաք իմ կացութիւնս, ինչ որ եմ եւ պիտի ըլլամ։ Տիւքիկոս, այս սիրելի եղբայրը եւ հաւատարիմ գործակիցս ի Տէր, պիտի իմացնէ ձեզի ամէն բան։
22Կը ղրկեմ զինք այս նպատակով, որպէս զի տայ ձեզի մեր լուրերը եւ մխիթարէ ձեր սրտերը։
23Խաղաղութիւն բոլոր եղբայրներուն, սէր եւ հաւատք, Աստուծոյ մեր Հօր եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ։
24Շնորհք անոնց՝ որ կը սիրեն մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը՝ անեղծութեամբ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 9, 37-44
37Յաջորդ օրը լեռնէն իջան եւ մեծ բազմութիւն մը Յիսուսի ընդառաջ եկաւ։
38Եւ ահա բազմութեան մէջէն մարդ մը աղաղակեց. «Վարդապետ, կ՚աղաչեմ, զաւակիս նայէ, մէկ հատիկս է։
39Երբեմն դեւը կը բռնէ զինք եւ յանկարծ կը պոռայ, կը ցնցէ զինք եւ կը փրփրեցնէ, դժուարաւ կը հեռանայ անկէ, լքելով զինք խորտակուած վիճակի մէջ։
40Աղաչեցի աշակերտներուդ որ հանեն դեւը, սակայն չկրցան։»
41Յիսուս ըսաւ. «Ո՛վ մոլորած եւ անհաւատ սերունդ, մինչեւ ե՞րբ ձեզի հետ պիտի մնամ, մինչեւ ե՞րբ պիտի հանդուրժեմ ձեզի։ Հոս բեր զաւակդ։»
42Եւ մինչ տղան կը մօտե նար, սատանան գետին զարկաւ զինք եւ ուժգին ցնցեց։ Յիսուս սաստեց դեւին, բուժեց տղան եւ յանձնեց հօրը։
43Ամէնքը զարմացան Աստուծոյ մեծագործութեան վրայ։
44Մինչ ամէնքը կը սքանչանային այս գործերուն վրայ, Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Լաւ մտիկ ըրէ՛ք ինչ որ պիտի ըսեմ ձեզի. ՛Մարդու Որդին պիտի մատնուի մարդոց ձեռքը՛։»