Ժամամուտ
Սրբոց առաքելոցն Անդրէի եւ Փիլիպպոսի: Առաքեալք եւ վկայք Քրիստոսի Աստուծոյ. ամենակալ հոգւոյն զօրութեամբն զամենեսեան ընդհանուր յորդեգրութիւն կենաց կոչելով՝ միասնական սուրբ Երրորդութեանն յորդորեցին երգել փառս ի յաւիտեանս.ամէն: Ժամամուտ. Ընդ ամենայն երկիր ել բարբառ նոցա. եւ մինչեւ ի ծագս աշխարհի են խօսք նոցա:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Երկինք պատմեն զփառս Աստուծոյ. եւ զարարածս ձեռաց նորա պատմէ հաստատութիւն:
Ընթերցուածներ
Ա. Կորնթացիներուն 12, 26 - 13, 10
26Եթէ մարմինին մէկ անդամը ցաւի, բոլոր անդամները կը մասնակցին ցաւին, եթէ մէկ անդամը յարգուի, բոլոր անդամները մասնակից են ուրախութեան։
27Արդ՝ դուք Քրիստոսի մարմինն էք եւ անդամներ՝ անոր անդամներէն։
28Եւ Աստուած Եկեղեցւոյ մէջ հաստատեց նախ առաքեալները, յետոյ մարգարէները, յետոյ վարդապետները, յետոյ կու գան հրաշքի զօրութիւնը եւ բժշկելու պարգեւը, օժանդակողները, կառավարելու շնորհքը, լեզուներու տեսակները եւ լեզուներու թարգմանութիւնը։
29Միթէ ամէ՞նքը առաքեալներ են։ Միթէ ամէ՞նքը մարգարէներ են։ Միթէ ամէ՞նքը վարդապետներ են։ Միթէ ամէ՞նքը հրաշքներ կը գործեն։
30Միթէ ամէ՞նքը բժշկելու պարգեւներ ունին։ Միթէ ամէ՞նքը լեզուներ կը խօսին։ Միթէ ամէ՞նքը լեզուներ կը թարգմանեն։
31Ձգտեցէ՛ք գերազանց պարգեւներու եւ ես ձեզի ցոյց կու տամ լաւագոյն ճամբան։
1Եթէ ես խօսիմ մարդոց եւ հրեշտակներու լեզուները, բայց չունենամ սէրը, նման եմ պղինձի որ կը հնչէ եւ ծնծղայի որ կը ղօղանջէ։
2Եթէ ունենամ մարգարէութեան հոգին եւ թափանցեմ խորհուրդներու եւ գիտութեան գաղտնիքը, եթէ ունենամ լիութիւնը հաւատքի՝ լեռներ փոխադրելու չափի, բայց չունենամ սէր, ոչինչ եմ։
3Եթէ բաժնեմ բոլոր ինչքերս իբրեւ ողորմութիւն, եթէ մարմինս տամ հրոյ ճարակ, բայց սէր չունենամ, ոչինչ կ՚օգտուիմ։
4Սէրը համբերող է, սէրը ծառայասէր է եւ չի նախանձիր, սէրը չի պարծենար, չի հպարտանար, չի յանդգնիր։
5Սէրը սեփական շահը չի՛ փնտռեր, չի՛ գրգռուիր, չի՛ չարախօսեր,
6անիրաւութեան մէջ չի՛ հրճուիր, կը խայտայ ուրախութեան մէջ։
7Սէրը կ՚արդարացնէ ամէն բան, կը հաւատայ, կը վստահի ամէն խոստումի, կը համբերէ ամէն բանի։
8Սէրը յաւերժական է։ Մարգարէութիւնները պիտի անհետանան, լեզուները պիտի լռեն, գիտութիւնը պիտի վերջանայ,
9որովհետեւ անկատար է մարդկային գիտութիւնը, անկատար է մարգարէութիւնը։
10Երբ հասնի կատարելագոյնը, անկատարը պիտի անհետանայ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Կացուսցես զնոսա իշխանս ընդ ամենայն երկիր. եւ յիշեսցի անուն քո ընդ ամենայն ազգս ազգաց:
Աւետարան
Յովհաննէս 1, 35-51
35Յաջորդ օրը Յովհաննէս տակաւին նոյն տեղն էր եւ հետը՝ աշակերտներէն երկու հոգի։
36Աչքերը սեւեռելով Յիսուսի վրայ որ կ՚անցնէր, ըսաւ. «Ահաւասիկ Գառն Աստուծոյ։»
37Երկու աշակերտները այս խօսքերը լսելով, հետեւեցան Յիսուսի։
38Ետ դառնալով՝ Յիսուս տեսաւ զանոնք որ իրեն կը հետեւէին եւ հարցուց. «Ի՞նչ կ՚ուզէք։» Անոնք պատասխանեցին. «Ռաբբի (որ կը նշանակէ վարդապետ), ո՞ւր կը բնակիս։»
39«Եկէք եւ տեսէք», ըսաւ անոնց։ Գացին եւ տեսան թէ ո՛ւր կը բնակէր եւ այն օրը քովը մնացին եւ մօտաւորապէս տասներորդ ժամն էր։
40Անդրէաս, Սիմոն Պետրոսի եղբայրը, մէկն էր այն երկուքէն որ լսեցին Յովհաննէսի խօսքերը եւ հետեւեցան Յիսուսի։
41Գտաւ նախ իր եղբայրը՝ Սիմոնը եւ ըսաւ անոր. «Գտանք Մեսիան, որ կը թարգմանուի Քրիստոս» եւ տարաւ զինք Յիսուսի քով։
42Յիսուս ակնարկը անոր վրայ սեւեռեց եւ ըսաւ. «Դուն Սիմոնն ես, Յովնա նի որդին, դուն պիտի կոչուիս Կեփաս, որ կը թարգմանուի Պետրոս։»
43Յաջորդ օրը Յիսուս ուզեց Գալիլիա երթալ։ Հանդիպեցաւ Փիլիպպոսի եւ ըսաւ անոր. «Հետեւէ՛ ինծի։»
44Փիլիպպոս Բեթսայիդայէն էր, Անդրէասի եւ Պետրոսի քաղաքէն։
45Փիլիպպոս հանդիպեցաւ Նաթանայէլին եւ ըսաւ անոր. «Գտանք ան՝ որուն մասին գրած են Մովսէսի Օրէնքն ու մարգարէները, Յիսուսը՝ Յովսէփի որդին, Նազարէթէն։»
46«Նազարէթէն բարի բան կ՚ելլէ՞», պատասխանեց Նաթանայէլ։ «Եկուր եւ տե՛ս», ըսաւ Փիլիպպոս։
47Յիսուս երբ տեսաւ Նաթանայէլը որ իրեն կու գար, ըսաւ անոր մասին. «Ահաւասիկ ճշմարիտ Իսրայէլացի մը, որուն մէջ նենգութիւն չկայ։»
48«Ուրկէ՞ կը ճանչնաս զիս», հարցուց Նաթանայէլ։ «Նախ քան կանչուիլդ Փիլիպպոսի կողմէ, ըսաւ Յիսուս, տեսայ քեզ երբ թզենիին տակն էիր։»
49Նաթանայէլ պատասխանեց. «Ռաբբի, դուն ես Աստուծոյ Որդին։»
50Յիսուս ըսաւ. «Որովհետեւ ըսի քեզի թէ տեսայ քեզ թզենիին տակ, կը հաւատա՞ս. դեռ աւելին պիտի տեսնես։»
51Եւ աւելցուց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, պիտի տեսնէք երկինքը բացուած եւ Աստուծոյ հրեշտակները որ կը բարձրանան եւ կ՚իջնեն Մարդու Որդիին միջոցաւ։»