Ժամամուտ
Ժամամուտ. Միածին Որդի եւ բանդ Աստուած, եւ անմահ էութիւն. որ յանձն առեր մարմնանալ ի սրբուհւոյ Աստուածածնէն եւ ի միշտ կուսէն. անփոփոխելիդ մարդ եղեալ խաչեցար Քրիստոս Աստուած, մահուամբ զմահ կոխեցեր. մինդ ի սրբոյ Երրորդութենէն փառաւորակից ընդ Հօր եւ ընդ սրբոյ Հոգւոյն, կեցո զմեզ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ յարեար ի մեռելոց»:
Սաղմոս
Քեզ վայելէ օրհնութիւն Աստուած ի Սիոն. Եւ քեզ տացին աղօթք յԵրուսաղէմ: Լուր աղօթից իմոց. Զի առ քեզ ամենայն մարմին եկեսցէ:
Ընթերցուածներ
Փիլիպպեցիներուն 4, 8-24
8Ի վերջոյ, եղբայրներ, ինչ որ ճշմարիտ է, ազնիւ, արդար, մաքուր, սիրելի, պարկեշտ, եւ ինչ որ գովելի է առաքինութեան մէջ, կամ մարդկային գովասանութեան, միայն անոնք թող ձեր մտքերը գրաւեցնեն։
9Ինչ որ ինձմէ սորվեցաք, ընդունեցաք կամ լսեցիք կամ նկատեցիք մէջս, անոնք գործադրեցէք, եւ խաղաղութեան Աստուածը ձեզի հետ պիտի ըլլայ։
10Շատ ուրախացայ ի Տէր, որ դուք ալ կը մտածէք հոգալ զիս. ինչպէս նախապէս կը հոգայիք, սակայն առիթ չէիք գտներ։
11Իմ չքաւորութիւնս չէ այս խօսքերը թելադրողը, որովհետեւ սորված եմ բոլոր պայմաններու մէջ ինքնաբաւ ըլլալ։
12Գիտեմ ապրիլ թէ՛ չքաւորութեան եւ թէ՛ առատութեան մէջ։ Ամէն ատեն եւ բոլոր կերպերով, վարժ եմ թէ՛ յագուրդի եւ թէ՛ անօթութեան, թէ՛ առատութեան, թէ՛ չքաւորութեան։
13Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց։
14Սակայն լաւ ըրիք որ նեղութեանս մասնակցեցաք։
15Դուք անձամբ գիտէք, ո՛վ Փիլիպեցիներ, որ Աւետարանի քարոզութեան սկիզբը, երբ Մակեդոնիայէն մեկնեցայ, ո՛չ մէկ եկեղեցի ինծի նպաստեց նիւթական օժանդակութեամբ, բացի ձեզմէ։
16Թեսաղոնիկէ ընակութեանս ատեն, միայն դուք, երկու անգամ կարիքներս հոգացիք։
17Ես պարգեւներ չեմ փնտռեր. իմ փնտռածս՝ արժանիքն է որ կ՚աւելնայ ձեր հաշւոյն։
18Ամէն բան առի եւ հիմա առատութեան մէջ եմ, այն օրէն ի վեր երբ Եպափրոդիտոս յանձնեց ինծի ձեր նուէրը, հոտ անուշ բուրմունքի, զոհ՝ Աստուծոյ հաճելի։
19Անոր փոխարէն, իմ Աստուածս, պիտի լրացընէ ձեր բոլոր կարիքները առատաձեռնութեամբ՝ իր ճոխութեան համաձայն, Յիսուս Քրիստոսի մէջ։
20Փառք Աստուծոյ մեր Հօր, յաւիտեանս յաւիտենից. Ամէն։
21Ողջունեցէք բոլոր սուրբերը ի Քրիստոս Յիսուս։ Կ՚ողջունեն ձեզ եղբայրները որ հետս են։
22Բոլոր սուրբերը ձեզ կ՚ողջունեն, մանաւանդ անոնք որ Կայսրին Տունէն են։
23Շնորհքը՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, թող ըլլայ ձեր հոգիներուն հետ։ Ամէն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Յարութեան ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 11, 1-13
1Յիսուս տեղ մը կեցած էր եւ կ՚աղօթէր եւ երբ աւարտեց իր աղօթքը, աշակերտներէն մէկը ըսաւ իրեն. «Տէ՛ր, աղօթել սորվեցուր մեզի, ինչպէս Յովհաննէս սորվեցուց իր աշակերտնե րուն։»
2Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Դուք երբ աղօթէք՝ ըսէք. Հայր, թող սուրբ ըլլայ քու Անունդ թող գայ Արքայութիւնդ։
3Տո՛ւր մեզի ամէն օր մեր առօրեայ հացը եւ ներէ մեզի մեր մեղքերը,
4քանի որ մենք ալ կը ներենք անոնց որ մեզի կը պարտին, եւ մի՛ ենթարկեր մեզ փորձութեան։»
5Յիսուս դարձեալ ըսաւ անոնց. «Ձեզմէ ո՞վ եթէ բարեկամ մը ունենայ եւ ասիկա կէս գիշերին տունը գայ եւ ըսէ՝ ՛Բարեկամ, երեք հաց փոխ տուր ինծի,
6որովհետեւ բարեկամս ճամբորդութենէ եկաւ եւ բան մը չունիմ իրեն հրամցնելիք՛։
7Եթէ միւսը ներսէն պատասխանէ եւ ըսէ՝ ՛Մի՛ նեղեր զիս, որովհետեւ դուռը փակ է եւ զաւակներս անկողինին մէջ են ինծի հետ, ուստի չեմ կրնար քեզի հաց տալ՛.
8կ՚ըսեմ ձեզի, եթէ նոյնիսկ բարեկամութեան համար չելլէ եւ չտայ, սակայն միւսին համարձակութեան համար պիտի ելլէ եւ տայ պէտք եղածը։»
9Եւ ես կ՚ըսեմ ձեզի. «Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի, փնտռուեցէք եւ պիտի գտնէք, բախեցէք եւ պիտի բանան ձեզի։
10Արդարեւ խնդրողը կ՚ընդունի, փնտռողը կը գտնէ եւ բախողին կը բանան։
11Ո՞վ է ձեր մէջ հայրը, որուն որդին եթէ ձուկ խնդրէ, ձուկի տեղ օձ պիտի տայ անոր։
12Կամ եթէ հաւկիթ խնդրէ, միթէ՞ կարիճ կու տայ անոր։
13Դուք ուրեմն որ չար էք, գիտէք բարի բաներ տալ ձեր զաւակներուն, որքան աւելի երկնաւոր Հայրը պիտի տայ Սուրբ Հոգին անոնց՝ որ կը խնդրեն։»