Ժամամուտ
Ժամամուտ. Արքայութիւն քո արքայութիւն ամենայն յաւիտենից. եւ տէրութիւն քո յազգէ մինչեւ յազգ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Հաւատարիմ է Տէր յամենայն բանս իւր. եւ արդար է յամենայն գործս իւր:
Ընթերցուածներ
Կողոսացիներուն 1, 1-11
1Պօղոս, Աստուծոյ կամքով առաքեալ Յիսուս Քրիստոսի, եւ Տիմոթէոս եղբայր
2Կողոսիայի սուրբերուն եւ Քրիստոսի հաւատացեալ եղբայրներուն. ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծոյ մեր Հօր կողմէ։
3Գոհութիւն կը մատուցանենք Աստուծոյ եւ Հօր մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի, միշտ ձեզի համար աղօթելով,
4այն օրէն ի վեր երբ իմացանք ձեր հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի՝ մեր Տիրոջ, եւ ձեր սէրը՝ զոր ունիք բոլոր սուրբերուն հանդէպ,
5յոյսին համար որ ձեզի վերապահուած է երկինքի մէջ։ Այս յոյսը ձեզի քարոզուեցաւ Աւետարանի ճշմարտութեան խօսքով,
6որ հասաւ ձեզի ինչպէս նաեւ աշխարհի բոլոր կողմերը ուր կը պտղաբերէ ու կը ծաւալի, ինչպէս նաեւ ձեր մէջ, այն օրէն ի վեր երբ լսեցիք եւ ճանչցաք Աստուծոյ շնորհքը ճշմարտութեամբ։
7Եպափրաս, մեր սիրելի գործակիցը զայն սորվեցուց ձեզի։ Ան իբրեւ պաշտօնեայ Քրիստոսի կը փոխարինէ մեզ
8եւ ինք անձամբ պատմեց մեզի ձեր սէրը՝ Հոգիին մէջ։
9Ասոր համար, մենք ալ, այն օրէն ի վեր երբ իմացանք այս լուբերը, անդադար կ՚աղօթենք ձեզի համար եւ կը խնդրենք Աստուծմէ որ ձեզ հասցնէ իր կամքին կատարեալ գիտութեան, ամենայն իմաստութեամբ եւ հոգեւոր հանճարով։
10Որպէս զի ընթանաք Տիրոջ արժանավայել կեանքով եւ ամէն բանով որ անոր հաճելի է, եւ տաք ամէն տեսակ բարի գործերու պտուղներ եւ զարգանաք Աստուծոյ գիտութեան մէջ։
11Ոգեւորուած զօրաւոր կորովով, Աստուծոյ փառքին զօրութեան համաձայն, պիտի տիրանաք կատարեալ համբերութեան եւ յարատեւութեան,
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Եկայք ցնծասցուք ի Տէր. աղաղակեսցուք առ Աստուած փրկիչ մեր:
Աւետարան
Ղուկաս 11, 14-23
14Յիսուս համր դեւ մը կը հանէր եւ երբ դեւը ելաւ, համրը խօսեցաւ եւ բոլոր ժողովուրդը զարմացաւ։
15Բայց անոնցմէ ոմանք ըսին. «Դեւերու մեծին, Բէեղզեբուղին անունով կը հանէ զանոնք։»
16Ուրիշներ, փորձելու համար զինք, խնդրեցին իրմէ նշան մը՝ երկինքէն եկած։
17Յիսուս գիտնալով անոնց մտածումները՝ ըսաւ. «Ամէն թագաւորութիւն որ ինքնիր մէջ բաժնուած է՝ կը կործանի եւ ամէն տուն որ ինքնիր մէջ բաժնուած է՝ կը քանդուի։
18Եթէ սատանան ինքնիր մէջ բաժնուած է, ի՞նչպէս անոր թագաւորութիւնը կանգուն կը մնայ, քանի որ ինծի կ՚ըսէք թէ ես Բէեղզեբուղի անունով կը հանեմ սատանաները։
19Եթէ ես Բէեղզեբուղի անունով կը հանեմ, ձեր որդիները ինչո՞վ կը հանեն զանոնք։ Ասոր համար, անոնք ձեր դատաւորները պիտի ըլլան։
20Իսկ եթէ ես Աստուծոյ մատով կը հանեմ սատանաները, ուրեմն Աստուծոյ Արքայութիւնը հասած է ձեր վրայ։
21Երբ զօրաւոր եւ լաւ զինուած մարդ մը իր տունը կը պահպանէ, իր ինչքերը ապահովութեան մէջ են։
22Բայց իրմէ հզօրագոյնը եթէ յարձակի վրան, կը յաղթէ իրեն, կ՚առնէ զէնքերը՝ որոնց ապաւինած էր եւ կը բաժնէ աւարը։
23Ով որ ինծի հետ չէ, ինծի հակառակ է, ով որ ինծի հետ չի հաւաքեր, կը ցրուէ։»