Ժամամուտ
Ժամամուտ. Երկիր պագից ի տաճար սուրբ քո. Երկիւղիւ քո Տէր:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Պարծեսցին ի քեզ սիրելիք անուան քոյ Տէր. զի օրհնեսցես դու զարդարն:
Ընթերցուածներ
Կողոսացիներուն 1, 12-23
12ուրախութեամբ գոհութիւն պիտի մատուցանէք Հօր որ մեզ կանչեց սուրբերու վիճակին մասնակցութեան՝ լոյսին մէջ։
13Ինք մեզ փրկեց խաւարի իշխանութենէն եւ փոխադրեց Արքայութեան մէջ իր սիրելի Որդիին,
14որով ունինք փրկութիւն անոր արիւնով եւ մեղքերու թողութիւն՝ անոր մարմինով։
15Ան պատկերն է աներեւոյթ Աստուծոյ, Անդրանիկը՝ բոլոր արարածներուն,
16որովհետեւ անով հաստատուեցաւ ամէն բան երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ, տեսանելի եւ անտեսանելի Աթոռներ, Իշխանութիւններ, Տէրութիւններ եւ Զօրութիւններ։ Ամէն բան ստեղծուեցաւ անով եւ անոր համար։
17Ան ամէն բանէ առաջ է եւ ամէն ինչ անով գոյացաւ։
18Ան է Գլուխ մարմինին, այսինքն՝ Եկեղեցւոյ։ Ան սկիզբն է, Անդրանիկը՝ մեռելներէն, եւ հարկ էր որ գլխաւորութիւն ընդունէր ամէն բանի մէջ,
19որովհետեւ Աստուած հաճեցաւ Անոր մէջ բնակեցնել ամէն կատարելութիւն,
20եւ Անով հաշտեցնել Իրեն հետ բոլոր արարածները երկրի վրայ ինչպէս նաեւ երկինքի մէջ, խաղաղութիւն կնքելով անոր խաչին արիւնով։
21Դուք իսկ, ատենօք հեռացած էիք Աստուծմէ եւ թշնամի էիք ձեր ⟦?⟧ գործերով եւ խորհուրդներով։
22Սակայն հիմա ձեզ հաշտեցուց իր մարմինին անդամներով եւ իր մահով, որպէս զի ձեզ կանգնեցնէ իր առջեւը՝ սուրբ, անբիծ եւ անարատ։
23Սակայն հարկ է որ յարատեւէք հաւատքի մէջ, հաստատուած ամրակուռ հիմերու վրայ, առանց շեղելու յոյսէն որ ձեզի խոստացուած է Աւետարանով, զոր դուք լսեցիք եւ քարոզուեցաւ երկինքի տակ բոլոր արարածներու, եւ որուն ես Պօղոս՝ պաշտօնեայ եղայ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Երգեցէք Տեառն երգ նոր. երգեցէք Տեառն ամենայն երկիր. երգեցէք Տեառն եւ բարձր արարէք զանուն նորա:
Աւետարան
Ղուկաս 11, 27-32
27Մինչ Յիսուս այսպէս կը խօսէր, ժողովուրդին մէջէն կին մը ձայնը բարձրացուց եւ ըսաւ. «Երանի՛ կնոջ, որ կրեց քեզ արգանդին մէջ եւ քեզի կաթ տուաւ։»
28Յիսուս պատասխանեց. «Երանի՛ մանաւանդ անոնց, որ կը լսեն Աստուծոյ Խօսքը եւ զայն կը գործադրեն։»
29Երբ բազմութիւնները հաւաքուեցան Յիսուսի շուրջը, ինք ըսաւ. «Այս սերունդը չար սերունդ մըն է. նշան կը խնդրէ եւ որպէս նշան ուրիշ պիտի չտրուի իրեն, բացի Յովնանի նշանէն։
30Ինչպէս որ Յովնան նշան եղաւ Նինուէացիներուն, այնպէս ալ Մարդու Որդին, նշան պիտի ըլլայ այս սերունդին։
31Դատաստանին օրը, Հարաւի թագուհին պիտի ելլէ այս սերունդի մարդոց հետ եւ պիտի դատապարտէ զանոնք։ Ինք եկաւ աշխարհի ծայրէն լսելու Սողոմոնի իմաստութիւնը եւ ահա Սողոմոնէն աւելի մեծ կայ այստեղ։
32Դատաստանին օրը, Նինուէացիները պիտի ելլեն այս սերունդին հետ եւ պիտի դատապարտեն զայն, որովհետեւ Յովնանի քարոզութեամբ անոնք ապաշխարեցին եւ ահա Յովնանէն աւելի մեծը կայ այստեղ։»