Ժամամուտ
Ժամամուտ. Կեցո զծառայս քո Աստուած իմ, որ ի քեզ յուսացայ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Ողորմեա ինձ Տէր, զի առ քեզ աղաղակեցի զօրհանապազ. ուրախ արա զանձն ծառայի քոյ, զի առ քեզ Տէր համբարձի զանձն իմ:
Ընթերցուածներ
Կողոսացիներուն 1, 24-2,7
24Հիմա, ես ուրախ եմ չարչարանքներուս մէջ զորս կը կրեմ ձեզի համար. մարմինիս մէջ կը լրացնեմ ինչ որ կը պակսի Քրիստոսի չարչարանքներուն՝ Անոր Մարմինին համար որ է Եկեղեցին։
25Որովհետեւ Եկեղեցւոյ պաշտօնեայ եղած եմ, ըստ Աստուծոյ տնտեսութեան որ տրուեցաւ ինծի իրականացնելու համար ձեր մէջ Աստուծոյ Խօսքին յայտնութիւնը,
26այս խորհուրդը որ այնքան դարերէ եւ սերունդներէ ի վեր կը մնար թաքնուած եւ հիմա յայտնուեցաւ անոր սուրբերուն։
27Աստուած ուզեց անոնց ցոյց տալ թէ ի՛նչ են ճոխութիւնը եւ փառքը այս խորհուրդին՝ հեթանոսներուն մէջ. այսինքն Քրիստոս ձեր մէջ, յոյսը փառքին։
28Մենք այս Քրիստոսը կը քարոզենք, կը խրատենք բոլոր մարդիկը, կը սորվեցնենք անոնց ամենայն հոգեւոր իմաստութեամբ, որպէս զի ամէնքը հասցնենք կատարելութեան՝ Քրիստոսի մէջ։
29Ես ատոր համար կը վաստակիմ, պայքարելով զօրութեամբն Քրիստոսի որ կը ներգործէ իմ մէջս։
1Կ՚ուզեմ որ գիտնաք թէ ինչպիսի՛ դժնդակ չարչարանքներ կը կրեմ ձեզի, Լաւոդիկեցիներուն եւ ուրիշներուն համար, որոնք զիս երբեք չեն տեսած,
2որպէս զի անոնց սրտերը մխիթարուին եւ սերտօրէն իրարու զօդուին սիրով եւ հասնին իմաստութեան կատարեալ փթթումին, իմանալու համար Աստուծոյ խորհուրդը,
3որուն մէջ թաքնուած են իմաստութեան եւ գիտութեան բոլոր գանձերը։
4Ասիկա կ՚ըսեմ, որպէս զի ոչ ոք ձեզ խաբէ պատիր խօսքերով։
5Թէպէտ մարմինով հեռու եմ, սակայն հոգիով ձեր մէջն եմ, կ՚ուրախանամ տեսնելով համերաշխութիւնը որ կը տիրէ ձեր մէջ եւ ամրութիւնը ձեր հաւատքին ի Քրիստոս։
6Արդ՝ ինչպէս որ ընդունեցաք Քրիստոս որ Յիսուս Տէրն է, այնպէս ալ ընթացէք.
7արմատացած եւ հաստատուած անոր վրայ, հիմնուած հաւատքի վրայ ինչպէս որ սորվեցաք, եւ լեցուիք գոհութեամբ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Երգեցէք Տեառն երգ նոր. երգեցէք Տեառն ամենայն երկիր. երգեցէք Տեառն եւ բարձր արարէք զանուն նորա:
Աւետարան
Ղուկաս 11, 33-42
33«Ոչ ոք ճրագ կը վառէ եւ զայն թաքստոցի մէջ կը դնէ, այլ՝ աշտանակի վրայ, որպէս զի մտնողները լոյս տեսնեն։
34Աչքդ մարմինիդ ճրագն է։ Եթէ աչքդ առողջ է, ամբողջ մարմինդ լուսաւոր պիտի ըլլայ, եթէ աչքդ հիւանդ է, մարմինդ խաւարի մէջ պիտի մնայ։
35Արդ, զգոյշ եղիր, մի գուցէ լոյսը որ քու մէջդ է, խաւար չըլլայ։
36Եթէ մարմինդ լուսաւոր է, առանց խաւարամած մասի, ամբողջ մարմինդ լուսաւորուած է, ինչպէս երբ ճրագը կը լուսաւորէ քեզ իր շողերով։»
37Յիսուս տակաւին կը խօսէր երբ Փարիսեցի մը զինք ճաշի հրաւիրեց իր տունը։ Մտաւ եւ սեղան նստաւ։
38Փարիսեցին զարմացաւ երբ տեսաւ որ ճաշէն առաջ չլուացուեցաւ։
39Տէրը ըսաւ անոր. «Հիմա, դուք Փարիսեցիներդ, կը մաքրէք պնակին ու բաժակին արտաքինը, իսկ ձեր հոգին լեցուն է յափշտակութեամբ եւ չարութեամբ։
40Անմիտնե՛ր, արտաքինը ստեղծողը ներքինն ալ չէ՞ ստեղծած։
41Տուէ՛ք ուրեմն իբրեւ ողորմութիւն ինչ որ լաւագոյնն է եւ ամէն բան մաքուր պիտի ըլլայ ձեզի համար։
42Բայց վա՛յ ձեզի, Փարիսեցիներ, որ տասանորդ կու տաք անանուխէն, չամանէն եւ բանջարներէն եւ զանց կ՚ընէք Աստուծոյ արդարութիւնը եւ սէրը։