Ժամամուտ
Ժամամուտ. Բարձր արարէք զՏէր Աստուած մեր. երկիր պագէք պատուանդանի ոտից նորա, զի սուրբ է:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Տէր Թագաւորեաց, բարկացան ժողովուրդք, որ նստիս ի քերովբէս. սասանեցաւ երկիր:
Ընթերցուածներ
Կողոսացիներուն 3, 15 - 4, 4
15Ասով Քրիստոսի խաղաղութիւնը պիտի հաստատուի ձեր սրտերուն մէջ, այս է նպատակը կոչին որ ձեզ համախմբեց նոյն Մարմինին մէջ։ Ապրեցէք գոհութեան զգացումներով։
16Քրիստոսի խօսքը թող բնակի ձեր մէջ առատօրէն։ Ամենայն իմաստութեամբ իրարու սորվեցուցէք եւ զիրար խրատեցէք։ Ձեր սրտին մէջ փառաբանեցէք Աստուած երախտագիտութեամբ, սաղմոսներով, օրհնութիւններով եւ հոգեւոր երգերով։
17Ինչ որ ընէք, խօսքով կամ գործով, զայն ընէք Տէր Յիսուսի անունով եւ անով գոհութիւն մատուցէք Հօր Աստուծոյ։
18Կինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ամուսիններուն ինչպէս որ վայել է Տիրոջ առջեւ։
19Այրե՛ր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները եւ մի՛ ⟦?⟧ զանոնք։
20Որդինե՛ր, հնազանդեցէ՛ք ձեր ծնողներուն ամէն բանի մէջ. այս է հաճելին Աստուծոյ առջեւ։
21Հայրեր, մի՛ ⟦?⟧ ձեր զաւակները որպէս զի չտրտմին։
22Ստրուկնե՛ր, ամէն բանի մէջ հնազանդեցէ՛ք ձեր տէրերուն. ոչ միայն արտաքին հնազանդութեամբ, մարդոց հաճելի երեւնալու համար, այլ սրտին պարզութեամբ, լեցուած Տիրոջ երկիւղով։
23Հոգի՛ դրէք ձեր աշխատանքին մէջ, իբրեւ թէ Տիրոջ համար ըլլար եւ ոչ մարդոց,
24գիտնալով թէ Տէրը ձեզ պիտի վարձատրէ, ձեզ իր ժառանգորդները ընելով։ Դուք կը ծառայէք Քրիստոսի մեր Տիրոջ։
25Ով որ անիրաւ է, իր անիրաւութեան պատիժը պիտի կրէ, որովհետեւ Աստուծոյ առջեւ կողմնակալութիւն չկայ։
1Տէրե՛ր, արդարութիւն եւ հաւասարութիւն շնորհեցէք ձեր ստրուկներուն, գիտնալով որ դուք ալ Տէր մը ունիք երկինքի մէջ։
2Ստէպ աղօթեցէ՛ք, արթուն կեցէ՛ք գոհութեան հոգիով։
3Աղօթեցէք նաեւ մեզի համար, որպէս զի Աստուած ազատ ասպարէզ բանայ մեր քարոզութեան եւ կարենանք խօսիլ Քրիստոսի խորհուրդը, որուն համար ես կապանքներու մէջ եմ։
4Ընդունեցէք ինձի համար շնորհքը, որպէս զի կարենամ հոչակել զինք ինչպէս որ պարտաւոր եմ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Բարձր արարից զընտրեալն ի ժողովրդենէ իմմէ. գտի զԴաւիթ ծառայ իմ, եւ իւղով սրբով իմով օծի զնա:
Աւետարան
Ղուկաս 11, 49-54
49Ասոր համար Աստուծոյ Իմաստութիւնը ըսաւ. ՛Մարգարէներ եւ առաքեալներ պիտի ղրկեմ իրենց. պիտի սպաննեն անոնցմէ եւ պիտի հալածեն զանոնք,
50որ պէս զի հաշիւ պահանջուի այս սերունդէն՝ բոլոր մարգարէներու թափուած արեան, աշխարհի սկիզբէն ի վեր,
51սկսեալ Աբէլի արիւնէն մինչեւ արիւնը Զաքարիայի որ սպաննուեցաւ խորանին եւ Տաճարին միջեւ։ Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի, հաշիւ պիտի պահանջուի այս սերունդէն։
52Վա՜յ ձեզի, օրէնսգէտներ, որ կը պահէք գիտութեան բանալիները. դուք չմտաք եւ մտնել ուզողներուն արգիլեցիք։»
53Երբ Յիսուս տունէն ելաւ, դպիրներն ու Փարիսեցիները սաստիկ զայրացած էին, վէճեր կը յարուցանէին ամէն տեսակ հարցերու մասին՝ Յիսուսի բերնէն խօսք մը որսալու համար։