Ժամամուտ
Ժամամուտ. Տեսին ամենայն ծագք երկրի զփրկութիւն Աստուծոյ մերոյ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Օրհնեցէք զՏԷր յօրհնութիւն նոր, զի սքանչելիս արար:
Ընթերցուածներ
Կողոսացիներուն 4, 5 - 18
5Իմաստութեամբ վարուեցէք անոնց հետ որոնք ձեզմէ չեն։ Գիտցէք օգտուիլ ներկայ ժամանակներէն։
6Ձեր խօսքերը թող միշտ հաճելի ըլլան, աղով համեմուած, իւրաքանչիւրին պատշաճօրէն պատասխանելու եղանակով։
7Տիւքիկոս, այս սիրելի եղբայրը, հաւատարիմ պաշտօնեան եւ գործի ընկերս ի Քրիստոս, ձեզի պիտի հաղորդէ ինչ որ կը հայի իմ անձիս։
8Կը ղրկեմ զինք, որպէս զի մեր լուրերը տայ ձեզի եւ ձեր սրտերը ամրապնդէ։
9Անոր կ՚ընկերանայ Ոնեսիմոս, հաւատարիմ եւ սիրելի եղբայրը, որ ձեր հայրենակիցն է։ Պիտի պատմեն ձեզի այս տեղի անցուդարձները։
10Արիստարքոս, գերութեանս ընկերը ձեզ կ՚ողջունէ, ինչպէս նաեւ Մարկոս, Բառնաբասի եղբօրորդին, որուն մասին հրահանգներ ստացած էք։ Եթէ ձեզի հանդիպի, լաւ ընդունելութիւն ըրէք անոր։
11Յիսուս, որ անուանուած է Յուստոս, նմանապէս ձեզ կ՚ողջունէ։ Դարձի եկած Հրեաներէն միայն ատոնք հետս կ՚աշխատին Աստուծոյ Արքայութեան համար, եւ մխիթարութիւն եղան ինձի։
12Ձեզ կ՚ողջունէ ձեր հայրենակիցը՝ Եպափրաս, Յիսուս Քրիստոսի այն ծառան, որ անդադար կը պայքարի ձեզի համար իր աղօթքներուն մէջ, որպէս զի դուք հաստատ մնաք, կատարեալ եւ անսասան՝ Աստուծոյ կամքին մէջ։
13Այո՛, ես այս վկայութիւնը կու տամ անոր, ան շատ կը տքնի ձեզի համար, ինչպէս նաեւ Լաւոդիկէի եւ Երապոլսի եղբայրներուն համար։
14Ղուկաս, սիրելի բժիշկը եւ Դեմաս ձեզ կ՚ողջունեն։
15Ողջունեցէք Լաւոդիկեցի եղբայրները, Նիմփա եւ անոր տունը հաւաքուող եկեղեցին։
16Երբ այս նամակը կարդացուի ձեզի, այնպէս ըրէք որ կարդացուի նաեւ Լաւոդիկեցիներուն ղրկած թուղթս։
17Արքիպպոսի ըսէք. «Զգո՛յշ եղիր պաշտօնիդ զոր ստացար Տիրոջմէ եւ ջանա՛ զայն անթերի կատարել։»
18Այս ողջոյնը, իմ՝ Պօղոսի ձեռքով է. «Յիշեցէ՛ք կապանքներս»։ Շնորհքը թող ըլլայ ձեզի հետ։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 12, 1-12
1Ժողովուրդը հազարներով հաւաքուած էր Յիսուսի շուրջը, գիրար կոխելու աստիճան։ Սկսաւ խօսիլ եւ ըսել նախ իր աշակերտներուն. «Ամէն բանէ առաջ, զգուշացէ՛ք Փարիսեցիներու խմորէն, որ կեղծաւորութիւնն է։
2Որովհետեւ չկայ ծածուկ բան մը որ չյայտնուի եւ ո՛չ ալ գաղտնիք՝ որ չգիտցուի։
3Ինչ որ ըսած էք խաւարի մէջ, պիտի յայտնուի օր ցերեկով, ինչ որ փսփսացիք ականջն ի վար մարանի մէջ, պիտի հռչակուի տանիքներու վրայ։
4«Ձեզի կ՚ըսեմ, իմ սիրելիներուս, մի՛ վախնաք անոնցմէ՝ որ մարմինը կը սպաննեն եւ անկէ աւելի բան մը չեն կրնար ընել։
5Ձեզի ցոյց պիտի տամ թէ որմէ՛ պէտք է վախնաք։ Դուք վախցէք անկէ, որ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի Գեհեն նետելու։ Այո՛, կ՚ըսեմ ձեզի, միայն անկէ վախցէք։
6Հինգ ճնճղուկները երկու դահեկանի չե՞ն ծախուիր եւ սակայն անոնցմէ եւ ո՛չ մէկը մոռցուած է Աստուծոյ առջեւ։
7Իսկ ձեր մազերն անգամ համրուած են։ Մի՛ վախնաք ուրեմն քանի որ դուք աւելի կ՚արժէք քան բոլոր ճնճղուկները։
8Կ՚ըսեմ ձեզի, ով որ խոստովանի զիս մարդոց առջեւ, Մարդու Որդին ալ պիտի խոստովանի զինք Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ։
9Իսկ ով որ ուրանայ զիս մարդոց առջեւ, Մարդու Որդին ալ պիտի ուրանայ զինք Աստուծոյ հրեշտակներուն առջեւ։
10Մարդու Որդիին հակառակ խօսողին պիտի ներուի, սակայն Սուրբ Հոգիին դէմ հայհոյողը՝ ներում պիտի չունենայ։
11Երբ հանեն ձեզ ժողովարաններու, դատաւորներու եւ իշխանութիւններու առջեւ, մի՛ մտահոգուիք թէ ի՛նչպէս պիտի պաշտպանուիք կամ ինչ պիտի խօսիք,
12որովհետեւ նոյն ժամուն Սուրբ Հոգին պիտի սորվեցնէ ձեզի ի՛նչ որ պիտի խօսիք։»