Ժամամուտ
Ժամամուտ. Տէր տացէ զբան ոյք աւետարանեն զօրութեամբ բազմաւ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ երկիր ի տօնի ընծայման մօր քո եւ կուսի»:
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Սաղմոս
Յարիցէ Աստուած, եւ ցրուեսցին ամենայն թշնամիք նորա. Փախիցեն ատելիք նորա յերեսաց նորա:
Ընթերցուածներ
Բ. Կորնթացիներուն 6, 16 - 7, 1
16Աստուծոյ Տաճարը ի՞նչ նմանութիւն ունի կուռքերուն հետ։ Մենք, ողջ Աստուծոյ տաճարներն ենք, ինչպէս որ ըսաւ Աստուած. Պիտի բնակիմ անոնց հետ եւ պիտի քալեմ անոնց առջեւէն։ Պիտի ըլլամ անոնց՝ Աստուած, իսկ անոնք պիտի ըլլան ինծի՝ ժողովուրդ։
17Ասոր համար Տէրը կ՚ըսէ. Ելէ՛ք անոնց մէջէն եւ մեկուսացէ՛ք։ Մի՛ մօտենաք անմաքուր բաներու եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ։
18Պիտի ըլլամ ձեզի Հայր եւ դուք պիտի ըլլաք ինծի տղայ եւ աղջիկ զաւակներ, կ՚ըսէ Ամենակալ Տէրը։
1Քանզի որ այսպիսի խոստումներ ունինք, սիրելինե՛ր, մաքրուինք մարմնական եւ հոգեկան ամէն պղծութենէ եւ իրականացնենք մեր սրբութիւնը Աստուծոյ երկիւղով։
Եփեսացիներուն 6, 10-17
10Այսուհետեւ զօրացէ՛ք Տիրոջ եւ անոր կարողութեան մէջ։
11Հագուեցէ՛ք Աստուծոյ զրահը, որպէս զի կարենաք դիմադրել սատանային հնարքներուն,
12որովհետեւ մեր պայքարը մարմինով եւ արիւնով չաղախուած հակառակորդներու դէմ չէ, այլ՝ Իշխանութիւններու, Զօրութիւններու, խաւարի իշխաններու դէմ, Չարի ոգիին դէմ, որ կը բնակի երկինքի ներքեւ։
13Ասոր համար պէտք է կրէք Աստուծոյ զրահը, որպէս զի չարութեան օրերուն կարենաք կուրծք տալ եւ ամէն միջոց գործածելէ ետք անսասան մնաք։
14Մնացէք կանգուն, առէ՛ք ճշմարտութիւնը իբրեւ գօտի, արդարութիւնը՝ իբրեւ զրահ,
15ագուցէք ձեր ոտքերը եռանդով՝ տարածելու համար խաղաղութեան Աւետարանը։
16Առէք հաւատքի վահանը, որուն շնորհիւ պիտի կարենաք շիջուցանել Չարին հրավառ ⟦?⟧։
17Ի վերջոյ, առէք փրկութեան սաղաւարտը եւ Հոգւոյն սուրը, այսինքն՝ Աստուծոյ Խօսքը։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Հոգին սուրբ եկեսցէ ի քեզ. Եւ զօրութիւն Բարձրելոյն Հովանի լիցի ի վերայ քո:
Աւետարան
Ղուկաս 1, 39-56
39Այն օրերուն Մարիամ փութով ճամբայ ելաւ ու գնաց դէպի լեռնակողմը, Յուդայի մէկ քաղաքը։
40Մտաւ Զաքարիայի տունը եւ ողջունեց Եղիսաբեթը։
41Եղիսաբեթ երբ լսեց Մարիամի ողջոյնը, մանուկը խայտաց իր արգանդին մէջ եւ ինք լեցուեցաւ Սուրբ Հոգիով։
42Այն ատեն Եղիսաբեթ բարձր ձայնով գոչեց. «Դուն օրհնուած ես բոլոր կիներուն մէջ եւ օրհնուած է քու արգանդիդ պտուղը։
43Եւ որքան մեծ բարիք մըն է, որ Տիրոջս մայրը ինծի գայ,
44որովհետեւ հազիւ թէ ողջոյնիդ ձայնը լսեցի, մանուկս ուրախութեամբ խայտաց արգանդիս մէջ։
45Երանի՜ անոր որ հաւատաց թէ պիտի իրագործուին Տիրոջ կողմէ իրեն ըսուած խօսքերը։»
46Այն ատեն Մարիամ ըսաւ.
47«Անձս կը փառաբանէ Տէրը եւ հոգիս կը ցնծայ Աստուծմով՝ իմ Փրկիչովս։
48Որովհետեւ հաճեցաւ նայիլ իր աղախնին խոնարհութեան եւ այսուհետեւ բոլոր ազգերը երանի՜ պիտի ըսեն ինծի։
49Զի Հզօրը մեծ գործեր ըրաւ ինծի. Սուրբ է անոր Անունը։
50Անոր բարութիւնը սերունդէ սերունդ կը տարածուի իր երկիւղածներուն վրայ։
51Տարածեց զօրութիւնը իր բազուկին, ցրուեց ամբարտաւանները իրենց սրտի խորհրդովը,
52Հզօրները տապալեց իրենց գահերէն, իսկ խոնարհները բարձրացուց։
53Քաղցածները յագեցուց բարիքներով, իսկ հարուստները ճամբեց ձեռնունայն։
54Օգնութիւն ըրաւ իր ծառային, Իսրայելի, յիշելով իր գթութիւնը,
55ինչպէս որ ըսած էր մեր հայրերուն՝ Աբրահամի եւ ասոր սերունդին, յաւիտեան։»
56Մարիամ երեք ամիս մնաց Եղիսաբեթի քով եւ ապա վերադարձաւ իր տունը։
Մատթէոս 13, 43-52
43Իսկ արդարները, արեւի պէս պիտի շողան իրենց Հօր Արքայութեան մէջ։ Ո՛վ որ ականջ ունի լսելու՝ թող լսէ՛։»
44«Երկինքի Արքայութիւնը նման է արտի մէջ թաղուած գանձին, զոր մարդը կը գտնէ։ Կը պահէ զայն, կ՚երթայ ուրախութեամբ, կը ծախէ բոլոր ինչքերը եւ կը գնէ այն արտը։
45Երկինքի Արքայութիւնը դարձեալ նման է վաճառականի մը, որ գեղեցիկ մարգարիտ մը կը փնտռէր։
46Կը գտնէ թանկագին մարգարիտ մը, կ՚երթայ կը ծախէ բոլոր ինչքերը ու կը գնէ զայն։»
47«Երկինքի Արքայութիւնը նման է ծով ձգուած ուռկանին, որուն մէջ կը բռնուին ամէն տեսակ ձուկեր։
48Երբ լեցուի, կը քաշեն զայն ծովափ, կը նստին լաւ ձուկերը կը հաւաքեն սակառներու մէջ, իսկ անարժէքները կը նետեն։
49Այսպէս պիտի ըլլայ աշխարհի կատարածին. պիտի գան հրեշտակները, պիտի զատեն չարերը բարիներէն
50ու պիտի նետեն զանոնք կրակի հնոցին մէջ, ուր պիտի ըլլայ լաց եւ ակռաներու կրճտում։»
51«Հասկցա՞ք այս ամէնը», հարցուց Յիսուս։ «Այո՛», պատասխանեցին անոնք։
52Յիսուս աւելցուց. «Ամէն դպիր որ կ՚աշակերտի երկինքի Արքայութեան, նման է տանտիրոջ որ իր գանձէն կը հանէ ե՛ւ նորը ե՛ւ հինը։»