Ժամամուտ
Ժամամուտ. Միածին Որդի եւ բանդ Աստուած, եւ անմահ էութիւն. որ յանձն առեր մարմնանալ ի սրբուհւոյ Աստուածածնէն եւ ի միշտ կուսէն. անփոփոխելիդ մարդ եղեալ խաչեցար Քրիստոս Աստուած, մահուամբ զմահ կոխեցեր. մինդ ի սրբոյ Երրորդութենէն փառաւորակից ընդ Հօր եւ ընդ սրբոյ Հոգւոյն, կեցո զմեզ: Քեզ վայելէ օրհնութիւն Աստուած ի Սիոն. Եւ քեզ տացին աղօթք յԵրուսաղէմ: Լուր աղօթից իմոց. Զի առ քեզ ամենայն մարմին եկեսցէ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ յարեար ի մեռելոց»:
Ընթերցուածներ
Ա. Թեսաղոնիկեցիներուն 1, 1-10
1Պօղոս, Սիղուանոս եւ Տիմոթէոս, Թեսաղոնիկեցիներու եկեղեցիին, որ հաղորդութեան մէջ է Հօր Աստուծոյ եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի։ Ձեզի՝ շնորհք եւ խաղաղութիւն։
2Միշտ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Աստուծոյ ձեզի ամենուդ համար, ձեր յիշատակն ընելով անդադար մեր աղօթքներուն մէջ։
3Կը յիշենք մեր Աստուծոյ եւ Հօր առջեւ, գործերը ձեր հաւատքին, վաստակը ձեր սիրոյն, յարատեւութիւնը ձեր յոյսին՝ զոր կը պարտիք մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի։
4Գիտէք, Աստուծմէ սիրեցեալ եղբայրներ, թէ դուք անոր ընտրեալներն էք։
5Որովհետեւ մեր Աւետարանը միայն խօսքով չներկայացուեցաւ ձեզի, այլ նաեւ զօրութեամբ, Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ եւ առատութեամբ։ Արդարեւ, դուք գիտէք թէ ի՛նչ վերաբերմունք ունեցանք ձեր մէջ, ի սպաս ձեզի։
6Դուք սկսաք մեզի. նմանիլ, մեզի եւ Տիրոջ, ընդունելով խօսքը, բազմաթիւ նեղութիւններու մէջ, Սուրբ Հոգիին տրուած ուրախութեամբ,
7եւ այսպէս օրինակ հանդիսացաք Մակեդոնիայի եւ Աքայիոյ բոլոր հաւատացեալներուն։
8Արդարեւ ձեր քովէն հնչեց Աստուծոյ խօսքը եւ ձեր հաւատքն առ Աստուած ծաւալեցաւ ո՛չ միայն Մակեդոնիա եւ Աքայիա, այլ՝ նաեւ բոլոր կողմերը, այնպէս որ ա՛լ կարիք չունինք այս մասին բան մը ըսելու։
9Կը պատմեն անոնք, թէ ի՛նչպէս մենք ձեզի եկանք եւ դուք ի՛նչպէս Աստուծոյ դարձաք՝ ⟦?⟧ կուռքերը, ծառայելու համար ապրող եւ ճշմարիտ Աստուծոյ,
10սպասելով անոր Որդիին որ պիտի գայ երկինքէն եւ զոր Ինք յարոյց մեռելներէն, Յիսուս՝ որ մեզ կը փրկէ գալիք բարկութենէն։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Յարութեան ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 12, 13-31
13Մէկը բազմութեան մէջէն, ըսաւ Յիսուսի. «Վարդապե՛տ, ըսէ եղբօրս որ ժառանգութիւնը բաժնուի հետս։»
14Յիսուս պատասխանեց. «Ո՞վ դրաւ զիս դատաւոր՝ ձեր վրայ կամ ձեր ինչքերը բաժնող։»
15Յետոյ աւելցուց. «Զգուշացէք ամէն ընչաքաղցութենէ, որովհետեւ նոյնիսկ հարստութեան մէջ մարդուն կեանքը կախում չունի ինչքերէն։» Եւ այս առակը պատմեց անոնց.
16«Հարուստ մարդու մը կալուածները առատ բերք տուին։
17Մարդը ինքնիրեն կը մտածէր. 'Ի՞նչ պիտի ընեմ, քանի որ բերքս ամբարելու տեղ չունիմ'։
18Յետոյ ինքնիրեն ըսաւ. 'Գիտեմ թէ ինչ պիտի ընեմ. կը քանդեմ շտեմարաններս եւ աւելի մեծերը կը շինեմ եւ կ՚ամբարեմ բոլոր ցորենն ու ինչքերս,
19ապա ես ինծի կ՚ըսեմ. «Ահաւասիկ ամբարուած անսպառ պարէն ունիս երկար տարիներու համար. հանգստացիր, կե՛ր, խմէ՛ եւ զուարճացի՛ր'։»
20Բայց Աստուած ըսաւ անոր. 'Անմի՛տ, այս գիշեր իսկ հոգիդ պիտի պահանջեն քեզմէ եւ ամբարածդ որո՞ւ պիտի մնայ'։
21Ահաւասիկ ի՛նչ կը պատահի անոր որ ինքնիրեն համար գանձեր կը հաւաքէ, փոխանակ հարստանալու Աստուծոյ առջեւ։»
22Յետոյ Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Ասոր համար կ՚ըսեմ ձեզի, մի՛ մտահոգուիք ձեր կեանքին համար թէ ի՛նչ պիտի ուտէք, ո՛չ ալ ձեր մարմինին համար թէ ի՛նչ պիտի հագնիք։
23Կեանքը աւելի կ՚արժէ քան սնունդը եւ մարմինը՝ աւելի քան հագուստը։
24Դիտեցէ՛ք ագռաւները, որոնք ո՛չ կը ցանեն, ո՛չ կը հնձեն, ո՛չ շտեմարան ունին եւ ո՛չ ալ մարան. սակայն Աստուած զանոնք կը կերակրէ. որքա՜ն աւելի ձեզ՝ որ թռչուններէն աւելի կ՚արժէք։
25Ո՞վ ձեզմէ, հոգ ընելով կրնայ կանգուն մը աւելցնել իր հասակին վրայ։
26Եթէ ուրեմն այսքան փոքր բանի մէջ անկարող էք, ինչո՞ւ կը տագնապիք միւսներուն համար։
27Նայեցէ՛ք շուշանին. ո՛չ կը մանէ, ո՛չ ալ կը հիւսէ եւ սակայն նոյնինքն Սողոմոն իր բոլոր պերճանքներուն մէջ անոնցմէ մէկուն պէս չհագաւ։
28Եթէ Աստուած դաշտերու վրայ այդպէս կը զգեստաւորէ խոտերը, որ այսօր կան եւ վաղը կրակի մէջ կը նետուին, որքա՜ն աւելին պիտի ընէ ձեզի, թերահաւատնե՛ր։
29Ուրեմն դուք մի՛ փնտռէք թէ ինչ պիտի ուտէք կամ ինչ պիտի խմէք. մի՛ մտահոգուիք։
30Որովհետեւ այս ամէնը աշխարհի հեթանոսները կը փնտռեն, իսկ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ ձեր կարիքները։
31Դուք փնտռեցէք Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ այդ ամէնը աւելիով պիտի տրուի ձեզի։»