Ժամամուտ
Սրբոց կուսանացն Յուլիանեայ եւ Վասիլուհւոյ: Հարսնացեալք Քրիստոսի երկնաւոր փեսային, դստերք վերին Սիոնի. խնդրեցէք ի Քրիստոսէ զհաշտութիւն եւ զմեծ զողորմութիւն: Ժամամուտ. Տարցին Թագաւորի կուսանք զհետ նորա. եւ զընկերս նորա տարցին նմա: Բղխեաց սիրտ իմ բարի. եւ ասեմ զգործս իմ թագաւորի:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Բ. Կորնթացիներուն 6, 16-7,1
16Աստուծոյ Տաճարը ի՞նչ նմանութիւն ունի կուռքերուն հետ։ Մենք, ողջ Աստուծոյ տաճարներն ենք, ինչպէս որ ըսաւ Աստուած. Պիտի բնակիմ անոնց հետ եւ պիտի քալեմ անոնց առջեւէն։ Պիտի ըլլամ անոնց՝ Աստուած, իսկ անոնք պիտի ըլլան ինծի՝ ժողովուրդ։
17Ասոր համար Տէրը կ՚ըսէ. Ելէ՛ք անոնց մէջէն եւ մեկուսացէ՛ք։ Մի՛ մօտենաք անմաքուր բաներու եւ ես ձեզ պիտի ընդունիմ։
18Պիտի ըլլամ ձեզի Հայր եւ դուք պիտի ըլլաք ինծի տղայ եւ աղջիկ զաւակներ, կ՚ըսէ Ամենակալ Տէրը։
1Քանզի որ այսպիսի խոստումներ ունինք, սիրելինե՛ր, մաքրուինք մարմնական եւ հոգեկան ամէն պղծութենէ եւ իրականացնենք մեր սրբութիւնը Աստուծոյ երկիւղով։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Կացցէ դշխոյ ընդ աջմէ քումմէ, ի հանդերձս ոսկեհուռս զարդարեալ եւ պաճուճեալ:
Աւետարան
Ղուկաս 8, 1-3
1Այնուհետեւ Յիսուս կը շրջէր քաղաքներն ու գիւղերը, կը քարոզէր ու կ՚աւետէր Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ Տասներկուքը հետն էին,
2ինչպէս նաեւ կիներ, որոնք բուժուած էին պիղծ դեւերէ կամ հիւանդութիւններէ. Մարիամ Մագդաղենացի, որմէ եօթը դեւեր ելած էին,
3Յովհաննա, Հերովդէսի գործակատարին՝ Քուզայի կինը, Շուշան եւ ուրիշներ, որոնք իրենց ինչքերով կ՚օգնէին իրեն։