Ժամամուտ
Սրբոց առաքելոցն Յոկոբայ եւ Շմաւոնի: Առաքեալք եւ վկայք Քրիստոսի Աստուծոյ. ամենակալ հոգւոյն զօրութեամբն զամենեսեան ընդհանուր յորդեգրութիւն կենաց կոչելով՝ միասնական սուրբ Երրորդութեանն յորդորեցին երգել փառս ի յաւիտեանս.ամէն: Ժամամուտ. Ընդ ամենայն երկիր ել բարբառ նոցա. եւ մինչեւ ի ծագս աշխարհի են խօսք նոցա: Երկինք պատմեն զփառս Աստուծոյ. եւ զարարածս ձեռաց նորա պատմէ հաստատութիւն:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Բ. Կորնթացիներուն 2, 14-17
14Գոհութիւն Աստուծոյ որ Քրիստոսով մեզ կը տանի դէպի անոր յաղթանակը եւ մեզմով կը սփռէ ամէնուրեք անոր ճանաչումին բոյրը։
15Որովհետեւ մենք, Աստուծոյ համար, Քրիստոսի անոյշ բոյրն ենք, փրկուողներուն եւ դատապարտուողներուն մէջ
16Ոմանց՝ հոտ մահէն դէպի մահ, ուրիշներու՝ հոտ կեանքէն դէպի կեանք։
17Արդ՝ ո՞վ ըստ բաւականի կարող է ասոր։ Մենք չենք նմանիր շատերու որոնք Աստուծոյ խօսքին վաճառական են. այլ՝ մաքուր մտքով, իբրեւ Աստուծմէ ղրկուածներ, Աստուծոյ առջեւ կը խօսինք Քրիստոսով։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Կացուսցես զնոսա իշխանս ընդ ամենայն երկիր. եւ յիշեսցի անուն քո ընդ ամենայն ազգս ազգաց:
Աւետարան
Ղուկաս 6, 13-20
13Յաջորդ առաւօտ, կանչեց իր աշակերտները եւ անոնցմէ ընտրեց տասներկու հոգի զորս Առաքեալներ կոչեց.
14Սիմոն, որուն Պետրոս անունը տուաւ եւ Անդրէաս՝ անոր եղբայրը, Յակոբ, Յովհաննէս, Փիլիպպոս, Բարթողիմէոս,
15Մատթէոս, Թովմաս, Յակոբ Աղփիայի որդին, Սիմոն Նախանձայոյզ,
16Յուդա, Յակոբի որդին եւ Յուդա Իսկարիովտացին, որ մատնիչ եղաւ։
17Անոնց հետ լեռնէն իջաւ ու կանգ առաւ դաշտի մը մէջ ուր հաւաքուած էին բազմաթիւ աշակերտներ եւ մարդիկ, որ եկած էին Հրէաստանէն, Երուսաղէմէն, Տիւրոսի եւ Սիդոնի կողմերէն՝ զինք լսելու
18եւ իրենց հիւանդութիւններէն բուժուելու համար։ Անոնք որ կը տառապէին պիղծ դեւերէն, կը բժշկուէին։
19Ամէնքը կը ջանային իրեն դպչիլ, որովհետեւ ոյժ մը կ՚ելլէր իրմէ եւ կը բժշկէր զանոնք։
20Յիսուս աչքերը աշակերտներուն վրայ բարձրացնելով ըսաւ. Երանի՛ ձեզի, հոգիով աղքատներուդ, որովհետեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը ձեզի է։