Ժամամուտ
Որ ըստ ամենայն միտս անցանես զխաղաղութիւն քո, Աստուած, տուր մեզ հանապազ, զքեզ աղաչեմք: Ժամամուտ. Կեցո զծառայս քո Աստուած իմ, որ ի քեզ յուսացայ: Ողորմեա ինձ Տէր, զի առ քեզ աղաղակեցի զօրհանապազ. ուրախ արա զանձն ծառայի քոյ, զի առ քեզ Տէր համբարձի զանձն իմ:
Ս. Աստուած
Ս. Աստ. «որ խաչեցար վասն մեր»:
Ընթերցուածներ
Ա. Թեսաղոնիկեցիներուն 2, 1-12
1Դուք գիտէք, եղբայրներ, մեր մուտքը ձեր մօտ եւ մեր գալուստը ապարդիւն չեղան։
2Գիտէք նաեւ թէ նախապէս Փիլիպպէի մէջ չարչարանքներ եւ նախատինքներ կրած էինք, սակայն մեր Աստուածը տուաւ մեզի կարողութիւն քարոզելու ձեզի Աստուծոյ Աւետարանը՝ ամենայն համարձակութեամբ, հակառակ ընդդիմութեան։
3Ձեզ յորդորելով, չէինք ներշնչուած, ո՛չ մոլորութենէ, ո՛չ պղծութենէ եւ ո՛չ ալ ջանացինք նենգութիւններ ընել ձեր մէջ։
4Այլ՝ Աստուած մեզ փորձելէ ետք միայն, մեզի վստահեցաւ Աւետարանը եւ մենք ըստ այնմ կը քարոզենք ու կը ձգտինք հաճելի ըլլալ ո՛չ թէ մարդոց, այլ՝ Աստուծոյ որ կը քննէ մեր սրտերը։
5Դուք լաւ գիտէք թէ չունեցանք երբեք ո՛չ շողոքորթութեան խօսքեր, ո՛չ ընչաքաղցութեան յետին մտածում, Աստուած կը վկայէ ինձի,
6ո՛չ ալ մարդկային փառք փնտռեցինք, ո՛չ ձեզմէ, ո՛չ ալ ուրիշներէն.
7մինչդեռ կրնայինք իբրեւ առաքեալներ Քրիստոսի, ձեզի զգալի ընել մեր ամբողջ ծանրութիւնը։ Ընդհակառակն, ա՛յնքան հեզ գտնուեցանք ձեր մէջ։
8Ինչպէս մայր մը կը սնուցանէ իր զաւակները, այնպէս մենք գթացինք ձեր վրայ, եւ եթէ հնար էր, պիտի տայինք ձեզի, Աստուծոյ Աւետարանին հետ՝ մեր կեանքը. այնքան սիրելի դարձած էիք մեզի։
9Յիշեցէ՛ք, եղբայրնե՛ր, մեր վաստակն ու յոգնութիւնները. կ՚աշխատէինք գիշեր ցերեկ, ձեզմէ ոչ մէկուն ծանրութիւն տալու համար, մինչ կ՚աւետէինք ձեզի Աստուծոյ Աւետարանը։
10Դուք կը վկայէք ասոր, կը վկայէ նաեւ Աստուած, թէ մեր վերաբերումը ձեզի հանդէպ որքան սուրբ էր, արդար եւ անպարսաւելի։
11Դուք գիտէք, ի՛նչպէս հայր մը իր որդիները, այնպէս ալ մենք յորդորեցինք ձեզմէ իւրաքանչիւրը,
12քաջալերեցինք, մխիթարեցինք որ դուք ապրիք կեանքով մը արժանի Աստուծոյ, որ ձեզ կանչեց իր Արքայութեան եւ փառքին։
Ալէլուիա
Ալէլուիա, ալէլուիա. Պահոց ի ձայնէն.
Աւետարան
Ղուկաս 12, 41-48
41Պետրոս հարցուց. «Տէ՛ր, առակը մեզի՞ ըսիր թէ ամէնուն։»
42Տէրը պատասխանեց. «Ո՞վ է այն հաւատարիմ եւ իմաստուն տնտեսը, զոր տանտէրը վերակացու կարգեց իր տնեցիներուն վրայ, յարմար ժամուն անոնց կերակուր բաժնելու համար։
43Երանի՛ այն ծառային, եթէ տանտէրը վերադարձին կը գտնէ զինք գործի վրայ։
44Ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի, վերակացու կը կարգէ զինք իր բոլոր ինչքերուն վրայ։
45Իսկ եթէ ծառան ըսէ՝ 'Տէրս կ՚ուշանայ', եւ սկսի ծեծել ծառաներն ու աղախինները, ուտել, խմել եւ արբենալ,
46անոր տէրը պիտի հասնի այն օրը երբ չ՚սպասէր իրեն, կամ այն ժամուն որ չի գիտեր, կը հեռացնէ զինք եւ կը դնէ անհաւատարիմ ծառաներու կարգին մէջ։»
47«Այն ծառան որ գիտնալով հանդերձ տիրոջ կամքը ոչինչ պատրաստած է այդ կամքին համաձայն, շատ պատիժ պիտի առնէ։
48Իսկ այն ծառան որ անգիտանալով տիրոջ կամքը, պատիժի արժանի գործեր ըրած է, քիչ պատիժ պիտի առնէ։ Որուն շատ տրուած է, անկէ շատ պիտի խնդրուի։ Որուն շատ վստահուած է, անկէ շատ աւելի պիտի պահանջուի։»